Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի կողմէ յարձակումներու «դիտաւորեալ սրացումը» նպատակ ունի խոչընդոտելու միջնորդներուն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործադրումը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera»-ն։
«Համաս» նշած է, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածին դէմ կատարուող «յանցաւոր եւ խելայեղ ռմբակոծումները» ընտանիքներ ոչնչացուցած են՝ կոչ ընելով միջնորդներուն անմիջապէս քայլեր ձեռնարկելու եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու՝ նման գործողութիւնները դադրեցնելու համար։
«Համաս» նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է այն բանէ ետք, երբ Կազայի գօտիին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով առնուազն 19 պաղեստինցի զոհուած է։
Աւելի վաղ, Խաղաղութեան խորհուրդը հաստատած էր, որ «Համաս» պաշտօնապէս պարտաւորուած է հրաժարիլ իր բոլոր զէնքերէն, որուն պիտի յաջորդէ Իսրայէլի դուրսբերումը Կազայէն։