image

Ռուսիան երբեք Երրորդ Համաշխարհային պատերազմ սկսելու միտումներ չունի

Ռուսիան երբեք Երրորդ Համաշխարհային պատերազմ սկսելու միտումներ չունի

Ռուսիան երբեք Երրորդ համաշխարհային պատերազմ պիտի չսկսի, այլ իր սեփական անվտանգութիւնը ապահովելու համար այլ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։

«Ռուսիան պատրաստ է միջուկային զէնք գործածելու միայն այն պարագային, երբ իր գոյութիւնը սպառնալիքի տակ գտնուի։

Քիեւի եւ Արեւմուտքի՝ Ռուսիոյ սպառնալու քաղաքականութիւնը ռուսական ուժերը կը ստիպէ սահմանային գօտիին մէջ ստեղծելու արգելակիչ (պուֆերային) գօտի։

Ռուսիան եւ Եւրոպան, ի վերջոյ, պիտի սկսին երկխօսութիւն, որովհետեւ հակառակ պարագային կարելի պիտի չըլլայ մայրցամաքին մէջ անվտանգութեան ճարտարապետութիւն ձեւաւորել։

Պատերազմը պիտի աւարտի յաջորդ օրը, եթէ Զելենսքին պատասխանատու որոշում կայացնէ։

Զելենսքին իշխանութեան եկած էր՝ խոստանալով դադրեցնել պատերազմը։ Ան տակաւին կրնայ կատարել այդ խոստումը՝ պատասխանատու որոշումներ կայացնելով։

Զելենսքին պէտք է դուրս բերէ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը Ռուսիոյ շրջաններէն եւ օրինականօրէն ճանչնայ տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրական կացութիւնը»,– նշած է ան։