image

Իրան հերքած է ԱՄՆ-ի հետ բանակացութիւններ վարելու մասին Թրամփի յայտարարութիւնը

Իրան հերքած է ԱՄՆ-ի հետ բանակացութիւններ վարելու մասին Թրամփի յայտարարութիւնը

Պաշտօնական Թեհրանը հերքած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պիտի բանակցին իրարու հետ։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղային լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան միայն Օմանի հետ կը բանակցի։

«Այս պահուն Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ բանակցութիւն չունինք։ Այժմ Օմանի հետ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ Հորմուզի նեղուցով ապահով նաւարկութիւն երաշխաւորող երթուղիի վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու նպատակով»,– մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է Պաղային։