Ռուսիոյ մտավախութիւնները հաստատուած են՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը փաստացի վերածուած է արեւմտեան կիսառազմական գործողութեան՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ներգրաւմամբ եւ կասկածելի նպատակներով. այս մասին News.ru-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
«Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անձնակազմն արդէն առնուազն երկու անգամ աւելցած է, եւ նոր յենակէտեր կը բացուին։ Բոլորովին վերջերս Երեւանին պարտադրուած է Եւրոպական Միութեան ներկայութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիր, որն առաքելութեան կու տայ առաւել բարենպաստ պայմաններ եւ Հայաստանի տարածքին մէջ գործելու ազատութիւն:
Այն, որ առաքելութիւնը կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան հիպրիտային (խառնածին) պատերազմի գործիք, կը հաստատէ անոր գաղտնիութիւնը, հաշուետւողականութեան բացակայութիւնը եւ վերահսկողութեան բացակայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ այլ շահագրգիռ երկիրներու եւ կառոյցներու կողմէ։
Առաքելութիւնը բացայայտ սադրիչ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ամբողջութեամբ կը զբաղի հակառուսական քարոզչութեամբ՝ հայ հասարակութեան մէջ կեղծ գաղափարներ սերմանելով Եւրոմիութեան՝ որպէս Հայաստանի «անվտանգութեան եւ բարգաւաճման աղբիւրի» մասին։
Աւելին, Եւրոպական Միութեան գործունէութիւնը երթալով կը ստանայ հակաատրպէյճանական եւ հակաիրանական բնոյթ։ Եթէ խօսինք երկարաժամկէտ տարածաշրջանային անվտանգութեան, կայունութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներու մասին, ապա տարածաշրջանը ռազմականացնելու եւ այնտեղ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմաքաղաքական ազդեցութիւնն ընդլայնելու արեւմտեան երկիրներու ծրագրերը լիովին անհամապատասխան են ատոնց։
Հարաւային Կովկասի բարգաւաճման բանալին ներառական երկխօսութիւնն է, մասնաւորապէս «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի շրջածիրէն ներս, ի յայտ եկած խնդիրներու պատասխաններու համատեղ որոնումը եւ արտատարածաշրջանային ուժերու աշխարհաքաղաքական թելադրանքին հակազդելը», -ըսած է Կալուզինը։