image

Հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեամբ՝ Պէյրութի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակը

Հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեամբ՝ Պէյրութի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակը

Հակառակ անոր, որ Լիբանան կ՚անցնի դժուարին պայմաններէ  տեղի ունեցած ձեռնարկին յաջողութիւնը պէտք է կարդալ, որպէս մեծագոյն փաստ այդ գաղութի տոկունութեան եւ ամրութեան։  Գաղութ, որ ճանչցուած է, որպէս սփիւռքի սիրտ ու հիմնարար կայմ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ հակառակ Մերձաւոր Արեւելքը հարուածող տարբեր տեսակի հողմերուն տէրն էր իր երդումին ու երթին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ին այդ առթիւ հրապարակած թղթակցութիւնը, որոշակի յապաւումներով։

 

 Լիբանանահայութեան այս յանձնառութեան ապացոյց էր խուռներամ ներկայութիւնը Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան: Արդարեւ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահը բերնէ բերան լեցուած էր ամէն տարիքի լիբանանահայերով, որոնք եկած էին լսելու ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն պատգամները ներկայ քաղաքական իրադրութեան եւ ապագայ ընելիքներուն մասին: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու պետեր եւ ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնատարներ, քաղաքական եւ ազգային հասարակական գործիչներ, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: 

 

«Շարունակենք մեր սուրբ գործը» կարգախօսով ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակի տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի նուագակցութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի 133 դրօշներ կրող պատանիներու, երիտասարդներու, ուսանողներու եւ սկաուտներու սրահ մուտքով: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

 Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկան Գէորգ Եագուպեան եւ Արազ Էլէյճեան, որոնք հաստատեցին, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակը դաշնակցականները կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու եւ ծանր պատասխանատուութիւններու դիմաց: «Ներկայ պայմաններուն, երբ նոյնինքն սփիւռքը բաժնուած է ազգային շահեր հետապնդողներու եւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քարոզիչներու միջեւ, ՀՅԴ-ի առաքելութիւնն է հաւասարակշռել ազգայինի եւ անոր նպատակներու իրագործման յարմար մարտավարութեան միջեւ, պահպանելով ՀՅԴ Ծրագիրի հիմնական առաջադրանքները», շեշտեցին անոնք:

 

 

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ տօնախմբութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ չէ, որ կը նշուի Դաշնակցութեան 133-ամեակը, որովհետեւ ցաւ, ներկային ու ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն, հոգիներուն մէջ յուսախաբութիւն կայ ամէնուրեք: «Մեր աչքերով կը տեսնենք, աշխարհի գերեզմանային լռութեան դիմաց, Արցախի յանձնումը, Արցախի ժողովուրդին հեռացումը իր հայրենիքէն` իր ետին թողելով Արցախի ազատագրութեան համար անսակարկ նուիրումով նահատակուած հերոսներուն աճիւնները: Եռաբլուրի մէջ հազարաւոր նահատակներու ոսկորներուն հետ ականատես ենք, թէ ինչպիսի՛ բեմադրութեամբ օրէ օր Հայաստանի իշխանաւորները զիջումներ կը կատարեն ո՛չ միայն Հայաստանի սահմաններէն, այլ նաեւ Հայաստանի գոյութիւնն ու հայ ժողովուրդի ապագան վտանգող եւ հայութիւնը պաշտպանող սրբութեան համազօր սկզբունքներէն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ զիջումներու եւ յանձնուողական քաղաքականութեան ընթացքը տակաւին կանգ չէ առած Հայաստանի վարչակարգին համար, որովհետեւ ներքին ճակատի վրայ աշխատանք կը տարուի պառակտումներ սերմանելու, իսկ արտաքին առումով բարեկամներու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուք կը կատարուի` ի վնաս Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան:

 

Օրուայ երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան ապրած ներկայ բախտորոշ փուլը, որուն ընթացքին Հայաստան յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, եւ արտաքին ազդակները լարուած են իրեն դէմ` Հայաստանի շահերն ու մեր հայրենիքը վերածելով միջազգային կռուախնձորի: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ այս բոլորը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ` դիտել տալով, որ ներկայ վարչակարգի քաղաքականութեան պատճառով է, որ վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ պարտուած ու իր ազգային էութենէն դատարկուած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

«Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկուած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին նաեւ զրկուած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կ՛ենթարկուին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:

«Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, Հայաստանի իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին լծուած է Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը:

«Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծուած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարուածելու, Հայաստանի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նուիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ` սփիւռքի մէջ հաստատուած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին», մատնանշեց ան:

Այժմու հրամայականներու կարգին Բիւրոյի ներկայացուցիչը կարեւոր նկատեց վերաթարմացնել եւ արդիականացնել սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպուածութիւնը նուիրեալ զանգուածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռականութեան մղելով: «Կտրականապէս դէմ ենք սփիւռքը վերակառուցելու կամ վերակազմակերպելու այն սին կոչերուն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդել սփիւռքը եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով անձեւ քաոս եւ կամակատար հետեւորդներ ստեղծել: Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր տարածուած գործունէութեամբ փաստած են իրենց հայանուէր ու հայրենանուէր պատրաստակամութիւնը. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ առանց սակայն հիմերը խարխլելու. հիմնական հարց է նաեւ սփիւռքահայութեան հիասթափութիւնը փարատելու եւ հայրենիքէն օտարելու վտանգը կանխելը. Հայաստան եւ սփիւռք մէկ ամբողջութիւն են եւ, ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի եւ փոխադարձաբար` ազգային նկարագրով պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է սփիւռքի յանձնառութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման», շեշտեց ան:

 

 

Տօնակատարութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Արցախեան պատերազմի երկու նահատակներու հայր Միքայէլ Հաջեանի:

Բուռն ծափողջոյններով բեմ բարձրացան պատանիներն ու անոնց խոստման արարողութեան կնքահայրը, որ յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է իրեն վստահուած այսօրուան դերակատարութիւնը:

«Սփիւռքը` ի տարբերութեան հայաստանաբնակ եւ արցախաբնակ հայութեան, Խորհրդային Միութեան տարիները չէ ապրած եւ այդ տիղմին մէջ չէ խրուած, եւ ինծի համար ճնշող մեծամասնութեամբ բաղկացած է մաքուր հայերէ, մարդկային արժանիքներով ու յատկանիշներով օժտուած անձնաւորութիւններէ», հաստատեց Մ. Հաջեան:

Օրուան կնքահայրը հաստատեց, որ Հայաստանն ու Արցախը պէտք է ըլլան համայն հայութեան հայրենիքը, եւ բոլոր հայերը պէտք է իրաւունք ունենան մասնակցելու հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման բոլոր մարզերուն մէջ: «Ես վստահ եմ, որ կու գան նոր իշխանութիւններ, որոնք այդ բոլորը կարելի կը դարձնեն», աւելցուց ան:

 

Ան հաստատեց, որ ցաւալի իրականութիւն է, սակայն ճշմարտութիւն, որ արցախցիներն ու սփիւռքահայերը դարձած են հաւասար:

«Երբ մենք մեր հայրենիքին մէջ կ՛ապրէինք, դուք հայրենազուրկ էիք: Այսօր` մենք եւս հայրենազուրկ ենք: Դուք հայրենիքին կարօտը ունիք, մենք ալ հայրենիքին կարօտը ունինք: Մենք Արցախը անպայման պէտք է վերականգնենք` հայեցի շունչով եւ ամբողջ ժողովուրդով, թէ՛ Հայաստանով եւ թէ՛ սփիւռքով», շեշտեց ան` ընդգծելով, որ ինք կը հաւատայ այդ տեսլականին։

Արցախցիներու ներկայ իրավիճակին մասին Մ. Հաջեան յայտնեց, որ անոնք ամուր եւ անկոտրում ընկոյզի նման են, նոյնիսկ իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած իրավիճակով:Արցախցի կնքահայրը բարձր գնահատեց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի աշխատանքը` շեշտելով, որ պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը հրաշալի եւ ուսանելի օրինակ մը պէտք է ըլլայ, եւ այդ մշակոյթը պէտք է ամէնուրեք տարածել:

Ապա 70 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստման արարողութիւնը եւ կոչուեցան «Արցախ» սերունդ:

Նշենք նաեւ, որ ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ 133-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: