Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Չորեքշաբթի, 7 Դեկտ. 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ուղիներ» թեմայով բանախօսութիւն պիտի կարդայ, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Ազգ. Ռուբինեան-Ս. Մեսրոպեան վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահէն ներս: