image
Հրատապ լուրեր:

Տիգրան Աւինեանը «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներ շնորհած է

Տիգրան Աւինեանը «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներ շնորհած է

Երեւանի աւագանիի որոշմամբ՝ քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչում շնորհած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Աւետիք (Աւիկ) Իսահակեանին, լրագրող, մանկավարժ, հասարակական եւ մշակութային գործիչ Մարկ Գրիգորեանին եւ հայ նկարիչ Տարօն Մուրադեանին:

Այս մասին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանէն։

Նշուած է, որ պարգեւատրուած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի ու ենթակայ կառոյցներու այն աշխատակիցները, որոնք աւելի քան 45 տարի բարեխղճօրէն կ'աշխատին Երեւանի համար: