image

Հայկական Եկեղեցիի Եւ Գերեզմանատան Հրկիզում Սասնոյ Մէջ

Հայկական Եկեղեցիի Եւ Գերեզմանատան Հրկիզում Սասնոյ  Մէջ

 Թուրքիա- Անյայտ անձերու կողմէ հրկիզուած են Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառի հայկական Ս. Պետրոս վանքն ու յարակից հայկական գերեզմանատունը:Սասնոյ, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան մշակութային միութիւնը այս յանցագործութեան մասին յայտարարութիւն մը ներկայացուցած է Սասնոյ տարածքային դատախազութեան:Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը հաղորդած է, թէ հրդեհին հետեւանքով այրած են հայ հոգեւորականներու ոսկորները, որոնք գերեզմանափոսերէն դուրս թափած են գանձ որոնողները:Հայկական միութեան նախագահը յայտնած է նաեւ, որ թրքական ոստիկանութեան ստորաբաժանումները դէպքի վայրը չեն եկած. «Նոյն օրը տեղեկացուցինք Պաթմանի ժանտարմի հրամանատարութիւնը: Ըսին, որ հրշէջներ պիտի ուղարկեն: Սակայն հրշէջ մեքենան չի կրնար բարձրանալ Մեշելի գիւղը, քանի որ եկեղեցի տանող ճանապարհը դեռ բաց չէ: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք հրդեհը մարելուն օգնած Մեշելի գիւղի բնակիչներուն», ըսած է Տաղճը:Աւելի կանուխ տեղեկացուած էր, որ Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառը գտնուող 1500ամեայ հայկական Ս. Պետրոս վանական համալիրը, որ յարակից գիւղացիներուն կողմէ որպէս ախոռ կ՛օգտագործուէր նախապէս, պետական գրանցում ստացած է:Նշենք, թէ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ շրջաններու եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոս վանական համալիրի գրանցման ու վերականգնման համար կը պայքարի Սասնոյ, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան ու համերաշխութեան մշակութային միութիւնը՝ նախագահ Ազիզ Տաղճըի գլխաւորութեամբ: Նշենք, որ լուրը տուած է  «Էրմէնիհապէր» կայքը: