image

Պոլսոյ «Պալըքլը» գերեզմանատան մէջ. Բացուած է Վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կիսանդրին

Պոլսոյ «Պալըքլը» գերեզմանատան մէջ. Բացուած է Վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կիսանդրին

Օրերս Պոլսոյ «Պալըքլը» գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ  Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին, բացումը կատարուած է Պոլսոյ երանաւէտ Մեսրոպ Բ. վախճանեալ պատրիարքի կիսադրիին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝ 

Սուրբ  Զատկի Մեռելոցը այս տարի բնորոշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կիսանդրիի բացումով։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ կանգնեցուած կիսանդրին գործն է քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի։ Ծրագրի բարերարը եղած է մեր ազգայիններէն Եթքին Պէրպէրօղլու։ Նախագիծը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ մեծ եռանդ ներդրած է նաեւ ճարտարապետ Վազգէն Պարըն։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց կիսանդրիի բացման արարողութեան, որու ընթացքին իր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Եզնիկ Եպսկ. Պետրոսեան եւ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բիւր յարգանքով արտայայտուեցաւ իր երանաշնորհ նախորդի թողած աւանդին եւ պատմութեան սեփականութիւնը դարձած կերպարին մասին։

Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր տիրամայր Մարի Մութաֆեան, որ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։ Մինչ այդ, Մարի Մութաֆեանի ներկայութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Եթքին Պէրպէրօղլուին։ Վազգէն Պարընին ալ յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։