image

Սենատը լիբանանցի արմատներով՝ Թոմ Պարաքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին

Սենատը լիբանանցի արմատներով՝ Թոմ Պարաքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին

Սենատը հաստատած է Թոմ Պարաքի թեկնածութիւնը Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին, յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը:

«ՆԱԹՕ-ի մեր արժէքաւոր գործընկեր Թուրքիան, որ կը գտնուի Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենառազմավարական խաչմերուկին մէջ, շատ մեծ ներդրում ունի ՆԱԹՕ-ի մէջ», - Սենատին իր թեկնածութեան հաստատման հարցով լսումներու ժամանակ ըսած է Պարաքը:

Ան ծնած եւ մեծցած է Քալիֆորնիա նահանգին մէջ: 77-ամեայ Պարաքը լիբանանցի ներգաղթեալներու ժառանգ է: Անոր նախնիները 1900 թուականին Լիբանանի Զահլէ քաղաքէն գաղթած են Միացեալ Նահանգներ։