image

Լիմասոլի մէջ. Ազգային գերեզմանատան «Մաքրութեան օր» (Լուսանկարներ)

  Լիմասոլի մէջ. Ազգային գերեզմանատան «Մաքրութեան օր» (Լուսանկարներ)

Մտերմիկ միջավայրին մէջ, նոյնիսկ նախնեաց շիրիմներուն մաքրութիւնը կը ստեղծէ միասնաբար աշխատանք մը առաջ տանելու գիտակցութիւնն ու գոհունակ զգացումը։

Այս մասին գրելու պահուն մեր մտքերուն կ՚ուրուագծուի կարգ մը փոքր կարծուած, սակայն ներքին ներուժով զեղուն հայկական գաղութներուն իսկական պատկերը։ 

Կեանքով եւ ոգիով եռուն այդ հայագաղութներէն կը համարուի Կիպրոսի հայագաղութը, ուր օրերս անոր Լիմասոլ քաղաքի երիտասարդները նուիրական նախաձեռնութիւն մը յանձն առնելով մաքրութեան արշաւ մը կատարած էին քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցային «Կիպրահայեր Ի Մակազին» էջէն, ուրկէ ալ ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

Լիմասոլի ՀՅԴ-ի խումբ մը անդամներ եւ տեղւոյն նորակազմ ԿԵՄ-ի Մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ազգայիններ, Մայիս 15-ին կամաւորաբար մասնակցեցան Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան «Գերեզմանատան մաքրութեան օր» աշխատանքներուն եւ մաքրեցին գերեզմանատան կարեւոր մէկ մասը:

Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան որոշումով կեանքի կոչուած այս նախաձեռնութիւնը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ գալիք շաբթուան ընթացքին, գերեզմանատունը ամբողջութեամբ մաքրելու համար հոն տարածուած մոլախոտերէ եւ տատասկներէ:

 Նշենք, որ սոյն աշխատանքներուն վերհսակած է Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Տիար Սեպուհ Արմենակեան, որ միեւնոյն ժամանակ համայնքի յարգուած եւ միութենական աշխատանքներուն նուիրուած անձնաւորութիւն է։