image

Ատրպէյճան վնաս հասցուցած է Շուշիի հայկական եւս մէկ գերեզմանատան

Ատրպէյճան  վնաս հասցուցած է Շուշիի հայկական եւս մէկ գերեզմանատան

Ատրպէյճանը Շուշիի մէջ հերթական գերեզմանատունը վնասած է`աղբ լեցնելով այդ հատուածին մէջ։ Տեղեկութիւնը X–ի էջին յայտնած է Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը («Caucasus Heritage Watch»):

Նշուած է, որ հոկտեմբեր 5-էն նոյեմբեր 3-ն ինկած ժամանակահատուածին վնասուած է Շուշիի մէկ այլ հայկական գերեզմանոց:

«Ենթադրւում է, որ բուլդոզերները աղբակոյտ են լցրել Ղազանչեցոցի հին գերեզմանատան վրայ, որը գտնւում է Մայր տաճարից հարաւ-արեւելք։

Վտանգուած են առանց այն էլ մասնատուած տապանաքարերը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերեզմանատան գտնուելու վայրը կը հաստատուի քարտէզներով, հրապարակումներով եւ վերջին լուսանկարներով: 18-19-րդ դ. Խորհրդային Միութեան տարիներուն գերեզմանոցը լրջօրէն վնասուած էր։