image

Հայերէնը կը զուարճանայ (8)

Հայերէնը կը զուարճանայ (8)

***Թուրքիա կ’ակնկալէ, որ Պրիւքսել պիտի աշխուժացնէ երկխօսութիւնը» …

—Կ’ակնկալէ եւ պիտի աշխուժացնէ  չեն կրնար համատեղուիլ, հաշտ ընթանալ  եւ բանական ու տրամաբանական խօսք կազմել: Ինչո՞ւ,– պիտի հարցնէ այն խելացի գրողը, որ բան մը սորվելու տրամադրութիւն ունի: Որովհետեւ կ’ակնկալէ ցոյց կու տայ  տեղի չունեցած իրողութիւն մը, որ ցանկալի է,  սակայն կրնայ իրականանալ, կրնայ նաեւ չիրականանալ, մինչ պիտի աշխուժացնէ կ’ակնարկէ գործողութեան մը, որ հաստատօրէն  ու անվերապահօրէն տեղի պիտի ունենայ՝ թէկուզ ապագային:

Ո՞ւր է լուծումը,– շատ պարզ է, պէտք է ընտրել այնպիսի բայաձեւ մը, որ ցանկալի, ակնկալելի, մաղթելի գործողութիւն ցոյց  տայ, այդ բայը, աւելի ճիշդը բայաձեւը ըղձական եղանակն է. այսինքն՝ «Թուրքիա կ’ակնկալէ, որ Պրիւքսել աշխուժացնէ  (ո՛չ՝ կ’աշխաուժացնէ) երկխօսութիւնը»:

Ըղձական կը կիրարկենք նաեւ աղաչել, բաղձալ,  թելադրել, խնդրել, հրամայել,  մաղթել, յուսալ, պարտադրել, սպասել, ստիպել, տենչալ, ցանկալ, փափագիլ եւ նմաններուն հետ,  որոնք բոլորն ալ կը թելադրեն  ցանկալի,  մաղթելի գործողութիւններ, որոնք տեղի չեն ունեցած եւ որոնց ելքը անորոշ է:

 

***«Անոնք չեն  խօսած Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելայի  նախագահ  Նիքոլա Մատուրոյի ճակատագիրին մասին»:

—Այնպէս,  ինչպէս գրուած է ան,  այս շարադրանքէն կը հետեւի, թէ  Ուքրանիա եւ Վենեզուելա ունին մէկ ու միասնական նախագահ մը,  որ կը կոչուի Նիքոլա Մատուրո: Այս՝ ա՛յս կը նշանակէ, եւ ուրիշ բան չի նշանակեր: Իսկ խաշած հաւն ալ գիտէ, որ ճիշդ չէ, այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր նախագահը:

Յայտնի է, որ գրողը Ուքրանիոյ նախագահին անունը…չի գիտեր, այդ պարագային՝ կա՛մ պիտի հետաքրքրուէր ու գտնէր (Google-ը ատոր համար է), կա՛մ պիտի չյիշատակէր նաեւ Վենեզուելայի նախագահին անունը:  Եւ գրէր՝

«Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելայի նախագահները…»,-  յոգնակի, քանի իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր նախագահը:

 

***Անպայմանօրէն, յանկարծակիօրէն, անվարանօրէն, յաճախակիօրէն…

—Ոմանք (դուք հասկցէք՝ շատեր) կը կարծեն, թէ աւելի ընտիր գրած կ’ըլլան, եթէ բառերու ետեւը աւելցնեն -օրէն պոչը. առ այս գլխաւոր թիրախը անպայման-ն է, որ կը դառնայ անպայանօրէն: Կը գտնեմ երեք  ուրիշներ  եւս՝ յանկարածակի–օրէն եւ անվարան-օրէն («Հասկ», 10-11, 2020, էջ 510), յաճախակի-օրէն («Նոր Յառաջ», թիւ 1559) …եւ անշուշտ շարունակելի է արեւմտահայ գրողին ախորժակին զուգահեռ, այսինքն՝ անսահմանօրէն…:

Անսահմանօրէ՞ն ըսի,– այո՜, որովհետեւ թոյլատրելի ու ճիշդ է, քանի որ անսահման ածական է, իսկ անսահմանօրէն՝ մակբայ: Մինչդեռ անպայման եւ յանկարծակի եւ անվարան  արդէն մակբայ են եւ երկրորդ անգամ մակբայանալու պէտք չունին՝  դառնալու համար        անպայմանօրէն, յանկարծակիօրէն, անվարանօրէն. ասպէս գրել կամ խօսիլ  համազօր է երկու փողկապ կապելու կամ երկու ակնոց դնելու կամ ալ…երկու կնիկ առնելու, մինչ խելքն ու ճաշակը  կը թելադրեն գոհանալ  միայն մէկով:

—Բաւականին

Նախորդ երեքին պէս բան մըն ալ ա՛յս է:  Ունինք բաւական որ շատ խօսուն, ինքնաբաւ եւ կենսունակ բառ մըն է՝ ածական է ու մակբայ միաժամանակ: Արդ,  ի՞նչ իմաստ ունի ասոր վրայ պոչ մը աւելցնել ու ըսել՝ բաւականին. այս վերջինը տարբեր կամ աւելի բան մը կը նշանակէ՞,– ո՛չ, բացարձակապէս ոչ, այլ պարզապէս կը ծանրաբեռնէ բառս ու կը ծանծաղեցնէ  լեզուն ու ոճը, թող որ բուն ծանծաղութիւնը գրողին ուղեղին մէջ է, որուն զոհն է լեզուն, որ ոչ մէկ յանցանք ունի:

Անշուշտ, կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՛ւ հնարուած է ան ու մտած է մեր բառարաններուն մէջ:  Շատ պարզ է, ծանծաղ ուղեղ ունեցողը միայն բաւականին ըսող հերթական ռամիկը չէ, նման ուղեղ կը գտնուի աւելի բարձր խաւի գլուխներու մէջ եւս, անոնք ըլլան մտաւորական թէ բառարանագիր:

 

***«Արաբերէն նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովեցնէր քննիչները»:

—Կը վրդովեցնէր-ը իր կարգին կը յարի նախորդներուն՝ քիչ մը տարբեր տեսանկիւնէ մօտեցած, սակայն նոյն «ոգիին» ու «տրամաբանութեան» ծնունդն է այս բայաձեւն ալ, որ բաւական տարածուած է:

Հարցը հետեւեալն է. մենք ունինք վրդովիլ չէզոք բայը, որուն ներգործականն է վրդովել: Թորոսը վրդովեցաւ (չէզոք),  Թորոսը վրդովեց Մարկոսը (ներգործական):

Տակաւին կարելի  է աւելի վերամբարձ ոճով ըսել. «Անոր ծով աչքերը վրդովեցին հոգիս անդորրը»…:

Ըստ այսմ ալ պարտէինք գրել. «Արաբերէն նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովէր քննիչները»,– ու վե՛րջ:  Ինչո՞ւ կը վրդովեցնէր…

 

***Հայ-ադրբեջանական սահմանի ամբողջ երկայնքով սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուել:

—Երբ կ’ակնարկենք «սահմանի ամբողջ երկայնքով», արձանագրուուղ միջադէպի, ալ ինքնաբերաբար այդ  միջադէպը պիտի ըլլայ սահմանային, չի կրնար ուրիշ բան ըլլալ. ա՛լ ինչու  կրկնել «սահմանային» բառը:

Տրամաբանակա՞ն է ըսել՝ «Ջուրին մէջ ոչ մէկ ջրային ձուկ կայ»:

Ո՛չ, քանի ջուրին մէջինը չի կրնար ջրային չըլլալ:

*     *

*

 Մրցոյթ 2.   «Պուրսայի մէջ վաճառքի դրուած է եկեղեցի մը»:

Հարցում.  ինչպէ՞ս պիտի դասաւորենք «եւս»  շաղկապը վերի խորագիրին մէջ, որպէսզի ընթերցողը իմանար, թէ  նախապէս վաճառքի դրուած   միւս եկեղեցին՝

ա) իր կարգին կը գտնուէր Պուրսա  քաղաքին մէջ:

—Պուրսայի մէջ վաճառքի դրուած է եկեղեցի մը եւս:

բ)  կը գտնուէր  Պուրսայէն տարբեր վայրի մը մէջ:

—Պուրսայի մէջ եւս վաճառքի դրուած է եկեղեցի մը:

***Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Վարուժան Գազանճեան, Ցոլակ Ապտալեան,  Լեւոն Շառոյեան

*  *  *

Մրցոյթ 3. «Ան շարունակեց  խելակորոյս  իր վազքը ճամբուն վրայ ցցուող  բոլոր արգելքները յաղթահարելով»:

Բերուած շարադրանքը կաղ է. ան կը կրէ մէկ աւելորդաբանութիւն,  մէկ կէտադրական ու մէկ շարադասական սխալ, որոնք կը վիրաւորեն խօսքի ուժգնութիւնը, բարեհնչութիւնն   ու կենսունակութիւնը:

Ուղղել այդ թերիները:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com