image

Հայերէնը կը զուարճանայ (196)

Հայերէնը կը զուարճանայ (196)

1.Խնայել

Ենթադրաբար շատ ծանօթ ու սովորական բայ մը, սակայն կրնա՞նք ըսել, թէ ամէն ոք ճիշդ կը կիրարկէ զայն: Տեսնենք հետեւեալ օրինակին վրայ, որ կը քաղեմ օրաթերթէ  մը, թէ որքա՛ն ծանօթ է ան արդի արեւմտահայ գրողին:

--Իսրայէլեան հարուածները չխնայեցին նաեւ Հուլան եւ Պլիտան:

                                                               *   *   *

Այս բայը ունի    երեք իրարմէ բաւական տարբեր նշանակութիւններ.

ա. Որոնց առաջինն է՝ ունեցածը չսպառել, մաս մը կամ ամբողջութեամբ մէկ կողմ դնել, պահել  զայն. օրինակ՝ չծախսել ունեցած գումարը, չուտել ունեցած  ամբողջ ցորենը կամ չխմսել ունեցած ամբողջ  գինին եւ այլն:

Իր այս նշանակութեամբ խնայել բայը կ’առնէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր. օրինակ՝

--Ան խնայեց հացին կէսը, որպէսզի  իրիկունը ուտէ մնացեալը: 

--Խնայէ այս շահած դրամդ, որպէսզի կրթաթոշակդ վճարես:

--Շատ փամփուշտ կը սպառի. պէտք է քիչ մը խնայել զայն:

բ. Այս հայցական կիրարկութեան  յաճախ կը կցենք բացառական հոլով անձի անուն մը եւս. օրինակ՝

--Անոնք հացը խնայեցին ինձմէ...

--Ջո՞ւրն ալ կը խնայէք որբերէն:

Որ կը նշանակէ՝ հացն ու ջուրը զլացանչտուին, զրկեցին կամ եթէ տուին, ապա բաւարար քանակութեամբ չտուին:

Ուշադրութի՛ւն.— Այս պարագային սխալ է տրական հոլովի կիրարկութիւնը՝  ինծի, որբերուն, որովհետեւ տրական հոլովը բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդիւ:

գ. Ան կրնայ առնել տրական հոլով խնդիր մը, եւ այս պարագային  խնայել կը նշանակէ չվնասել, վնաս չպատճառել բանի մը կամ մէկուն ամբողջութեան. օրինակ՝ 

--Դահիճը խնայեց ոճրագործի կեանքին:

Ուրեմն՝ չսպաննեց զայն:

--Դատաւորը խնայեց ամբաստանեալին:

Ուրեմն չդատապարտեց զայն:

--Կարկուտը խնայեց բուսականութեան:

Ուրեմն չփճացուց զայն:

--Ուսուցիչը խնայեց յանցաւորներուն:

Ուրեմն չպատժեց զանոնք:

                                                                  *   *   *

Այս բացատրութեանց լոյսին տակ կը նկատենք, որ մեր մամուլէն բերած օրինակը ճիշդ չէ կիրարկած բայս, որուն խնդիրները պէտք է տրական հոլով դրուած ըլլային.

--«Իսրայէլեան հարուածները չխնայեցին նաեւ Հուլային եւ Պլիտային:

Այսինքն՝ վնասեցին այդ երկու բնակատեղիներուն:

2. Երկբայական խօսքեր

Երկբայական  կամ երկդիմի  կը նշանակէ «երկու կամ  աւելի իմաստ ունեցող» լեզուական որեւէ տարր՝ բառ, նախադասութիւն, պարբերութիւն, հատուած  եւ այլն. ֆրանսերէն՝ ambigu, անգլերէն՝ ambiguous:

Նախապէս  տեսած ենք երկբայական նախադասութեան օրինակ մը, որուն կաղապարը շատ ընդհանրացած է  մեր մէջ.  այսպէս՝

--« Քեզ եղբօր պէս  կը սիրեմ»:

Այստեղ յստակ չէ,— եւ մենք այնքան ալ  չենք կառչիր այդ յստակութեան,— թէ մեր երկուքէն ո՛ր մէկը եղբօր  նմանցուած է, եղբօր տեղ դրուած է, եղբայր սեպուած եմ՝  ե՞ս, թէ՞ դուն:

 

                                                                *   *   *

Երկբայական  են հետեւեալին կաղապարը ունեցողները եւս.

--«Կարմիր գիծ կը համարենք մեր քաղաքացիներու թիրախաւորումը»:

Ինչպէ՞ս ընկալել այստեղ քաղաքացիներուն պաշտօնը կամ դերակատա-րութիւնը. այդ քաղաքացիները՝

ա) իրենք թիրախ դարձո՞ղ են, 

բ)  թէ՞ իրենք թիրախ դարձնող են:

Չենք գիտեր, յստակ չէ. աւելի ճիշդը՝  երկուքն ալ կը նշանակէ:

Այսպէս է, քանի որ թիրախաւորում բայանունը երկբայական է:

Ան բայանունն է թիրախաւորել ներգործական բային:

Ան միաժամանակ բայանունն է թիրախաւորուիլ կրաւորական բային:

Որոնց երկուքն ալ կու  տան՝ թիրախաւորում:

Այս տուեալներով՝ եղբայրս կրնայ հաւասարապէս՝ ա) թիրախաւորողը ըլլալ   կամ բ) թիրախաւորուողը ըլլալ:

Առնենք ուրիշ օրինակ մը.

--«Այս լրտեսին յայտնաբերումը ոչ մէկ նպատակի ծառայեց»:

Հարցում՝ 

ա) այդ  (օտար)  լրտեսին,— որ  ծածուկ, ընդյատակեայ   մեր դէմ կը գործէր,—    ի յայտ բերումը, քողազերծումը նպատակի մը չծառայե՞ց, 

բ) թէ՞  այդ (մեր)  լրտեսը  ինք կատարեց ինչ-որ յայտնաբերում մը, որ ոչ մէկ նպատակի ծառայեց:

Այս պարագային եւս ճիշդ պատասխանը չունինք, քանի մեր նախադա-սութիւնը հաւասարապէս կը նշանակէ երկուքը: Պատճառը՝ յայտնաբերում բայանունին երկիմաստութիւնն է, դուք ըսէք՝ երկսեռութիւնն է,  ներգործական եւ կրաւորական:

Նաեւ՝ 

--«Արշակունիներու յեղաշրջումը նոր էջ բացաւ մեր պատմութեան մէջ:

Մեր պատմութեան  մէջ այդ  նոր էջի բացումը՝

ա) Արշակունիներու իշխանութեան  տիրացո՞ւմն է  52 թուին,  

բ)  թէ՞ անոնց  իշխանութենէն հեռացումը 428-ին:

Մրցոյթ 193.

***Ջնջէ աւելորդ բառերը:

---Բեմադրիչը կը ներկայացնէր հայ թէ օտար   թատերագիրներէ ստեղծագոր- ծուած բազմաթիւ թատերական երկեր:

***Հաւանաբար պիտի փափաքէիր փոխարինել բառ մը հետեւեալէն.

---Ամենակարեւոր ոլորտներէն մէկը, ուր դուք կրնաք ազդեցութիւն ունենալ, անոնց ուսումնական յաջողութիւնն է:)

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Բոլորս ալ մեր նախնիներէն կամ մեր մանկութենէն սեւ ու սպիտակ հին լուսանկարներ ունինք:

---Պիտի շարունակենք Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ տեղահա-նուածներուն օժանդակութիւն  հաւասարապէս հասցնելու մեր փորձերը: 

***Սրբագրէ՛ հետեւեալ կառոյցի անհամասեռութիւնը, այսինքն՝ անմիօրինակու-թիւնը.

---Պատերազմի շարունակումը, դէպի Իրան անոր ընդլայնումն ու  Իրաքի՝ իբրեւ միջանցք օգտածումը  անընդունելի են:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (9), Գէորգ Եազըճեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան (6)

 

Մրցոյթ 194.

***Վերաշարադրէ՛ լեզուական հետեւեալ գոհարը.

---ՄԱԿ-ը մերժեց Իսրայէլի խնդրանքը՝ իր ուժերը Լիբանանի սահմանէն առնուազն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեամբ հեռանալու վերաբերեալ («Արարատ»):

***Հետեւեալներուն մէջ  ո՞ւր կը զետեղես եւս շաղկապը.

---Իսրայէլեան օդուժը  յարձակում գործեց Պաալպեքի հիւսիսը գտնուող Քնիսէ գիւղին վրայ:

---Իսրայէլեան բանակը  հարաւային Լիբանանի 20 գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց լքել իրենց տուները:

***Կրնա՞ս երեք բառով ըսել հետեւեալը.

---Թշնամիին կողմէ իրողութեան ծածկում կայ: 

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը. 

---Ա՛յն հաստատութիւնը, որ Տիրոջ կամքով կ’առաջնորդուի, անոր դռները չե՛ն փակուիր:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com