image

Հայերէնը կը զուարճանայ (193)

Հայերէնը կը զուարճանայ (193)

  Եւ ինչպէ՞ս չզուարճանայ հայերէնը՝ ի տես Ամերիկայի «Պոլսահայ օգնութեան միութիւն»-ի՝ «Պայքար»-ի 392-րդ թիւին մէջ լոյս ընծայած հետեւեալ յայտարարութեան այսքան ողբալի շարադրութեան.



Ուր, միւս կողմէ, չորս անգամ բարբարոսաբար խաչուած է մեր ոսկեղէնիկը. 

--Մասնակցութեամբ... հայ միութիւններով

Այսքա՞ն է, ուրեմն, մեր թեմերու հոգեւոր հովիւներուն, դուք ըսէք՝ եպիսկո-պոսներուն, գիտցած հայերէնը հոն, ուր պէտք է ունենայինք միութիւններու:

Ու տակաւին՝

--ընդացքին

Որ պէստք է ըլլայ՝ ընթացքին՝ թ-ով:

--չի դադրի

Որ պէտք է ըլլայ՝ չդադրի:

--Նիւ Եօրք

Որ պէստք է ըլլայ՝ Նիւ Եորք:

Նախակրթարանի մակարդակին ալ չհասնող իր հոգեւոր  հովիւներու ու միութիւններու  այս  հայերէնո՞վ պիտի հայութիւն  ու հայերէն փրկուին  Ատլանտեանէն այն կողմ...

Այս յայտարարութիւնը «Պայքար»-ի 393-րդ թիւով «սրբագրուեցաւ»՝ այս անգամ տեղ տալու համար լեզուական ուրիշ մարգարիտի, որ ահաւասիկ.

Ուր գրասէր հասարակութիւնը հրաւիրուած է «վայելելու հայկական գինին՝ համադամ աղանդներուն հետ»:

2. Մարժեհիուն

Օրերս «Ազդակ» իր քաղաքական էջով  կը թուէր հարաւային Լիբանանի կարգ մը   տեղանունները, ի շարս որոնց նաեւ Մարժեհիուն: Որքան ալ արաբերէնս շատ հեռու գտնուի նախանձելի ըլլալէ,  այսուհանդերձ ինչ-որ խորթ գրելաձեւի մը թաքուն թելադրանքը կ’ընէր նման տառադարձումը, ուստի  փութացի դիմելու արաբական աղբիւներու, ուր  مرجعيون  է   բնագիրը:

Բարդ բառ մըն է այս, որուն զոյգ արմատներն են՝

--  مرج   որ կը նշանակէ  մարգ կամ մարգագետին, արօտ, մարմանդ, խոտաւէտ տարածութիւն:

--عيون  որ կը նշանակէ աչքեր, ակեր. եզակին՝ عين՝ աչք, ակ, աղբիւր, բխող ջուր:

                                                                   *  *   *

Ինչպէ՞ս արտասանել ասոնց առաջինը:

Արաբները զայն կ’արտասանեն մäրժ:

Այս ä  հնչիւնը, որ կը գտնուի գրաւոր գերմաներէնի ու բանաւոր թրքերէնի մէջ եւս, առնուած է գրադարձութեան միջազգային այբուբենէն եւ հայերէն կը կոչուի «քմային այբ».  հայերէնը քմային այբ չունի: Ան համարժէք է արաբերէն ալեֆի արտասանութեան, որ ոչ ա է, ոչ է է. ասոնց միջեւ արտասանութիւն մըն է, որ կը ստանանք, երբ  մեր ա տառը հնչելու առթիւ լեզուի երկու եզերքները կ’ոլորենք եւ կը տանինք-կը փակցնենք  վերին ատամներուն:

«Ազդակ» զայն մարժ տառադարձած է, ինչ որ ընդունելի է. ֆրանսերէնը իր կարգին զայն կը տառադարձէ marj, որ բոլորովին համահունչ է մերինին:  

Երկրորդ արմատին առաջին տառը՝ ع է, որ կոկորդային հնչիւն մըն է եւ յատուկ է միայն  սեմական լեզուներուն, յատկապէս՝ արաբերէնին: Այս հնչիւնը  իր կարգին հայերէն կը տառադարձենք  ա. ուստի ամբողջ արմատը  կ’արտասանուի այուն, եւ ճիշդ այսպէս ալ կը հնչեն ու կ’արտասանեն օտարները՝  ayoun:

Որով՝ ամբողջ բառը  կու տայ մարժ այուն > Մարժայուն:

Վիքիփետիան իր կողմէ կու տայ՝ Marjayoun:    

Որ բաւական հեռու է յերիւրածոյ  Մարժեհիուն-էն: 

                                                                      *   *   * 

Գալով բառիս նշանակութեան՝ ապա մարժ-ը պարսկերէնէ փոխառեալ marg   բառն է, որ մենք եւս օրին փոխ առած ենք  մարգ ձեւով:

Նկատել, որ սեմական/արաբական ج տառը համարժէք է հայերէնի գ-ին:

Այլ օրինակներ՝ منخل  “մինժալ” = մանգաղ (ج=գ),   جب  “ժուպ” = գուբ  (ج=գ):

Ուրեմն՝ Մարժայուն կը նշանակէ մարգ ակերու, մարգ մը, ուրկէ ջուրի մեծաթիւ ակեր կը բխին: Եթէ փորձենք բառացի թարգմանել, պիտի ըսէինք՝  ջրամարգ,  իսկ գրաբար՝ մարգ ականց, եւ  մէկ բառով՝ մարգականց:

                                                                        *   *   * 

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի միակ սխրանքը չէ այս: Քա՛ւ լիցի:

Անոր գլխարկին մէջ  կան «գրոց յիշատակութեան արժանի» շա՜՜՜տ ուրիշ նապաստակներ եւս, որոնք յաւուր պատշաճի լոյս աշխարհ կու գան: Այսպէս՝ 

Լիբանանեան ուժերու երբեմնի հրամանատարին անունը՝ جعجع,— որ   անգլիագիր եւ ֆրանսագիր մամուլին համար Geagea է,—  ինք կը տառադարձէ Ժահժահ հոն, ուր պէտք է ունենայինք՝  կա՛մ Ժաժա, կա՛մ նախընտրաբար Ժաաժա:

 

Մրցոյթ  190.

*** ա) Ձեռագրերո՞ւն, թէ՞  բ) ձեռագրերուն հետ

---Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ բանաստեղծը կը ծանօթանայ հայկական  ձեռագրերուն

***Հետեւեալէն զեղչէ՛ երկու բառ  եւ փոխարինէ՛ այլ բառ մը.

---Մեր քաղաքացիները հիւսիսի իրենց տուները վերադարձնելու միակ միջոցը զինուորական գործողութիւնն է:

***Ջնջէ՛ աւելորդ բառերը:

---Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Լիբանանի ներկայ դժուարութիւններու յաղթայարման:

***Վերաշարադասէ՛  հետեւեալը.

---Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան իր չինացի  պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունեցաւ:

***Ի՞նչ փոփոխութիւն կը բերես «Արմէնպրես»-ի հետեւեալ լուրին.

---Ուզբեկստանի բնակչուհին բերման է ենթարկուեր՝ փորձած ըլլալով 13-ամեայ աղջիկը փոխանակել բնակարանի հետ: 

Ճիշդ պատասխան ած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Համբարձում Յարթուն-եան (5), Ցոլակ Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7):

Մրցոյթ 191.

***Կէտերը փոխարինէ իր կամ անոր դերանունով.

---Գերին վերադեարձաւ տուն. ......... լեզուն կտրեր էին, որպէսզի ......... մայրենին չգործածէ: 

***Ջնջէ՛ հետեւեալին երեք աւելորդ բառերը.

---Նախարարները դռնփակ նիստերուն մէջ մանրամասն կերպով քննած են Լիբանանի մէջ  պայթումներու հետեւանքները:

***Փորձէ՛ սրբագրել հետեւեալ սխալ կառոյցը.

---Մեր խնջոյքը կ’աւարտէր՝ ըմբոշխնելով  մառանի ընտիր գինիները:

***Ի՞նչ սխալ կը գտնես հետեւեալին մէջ. սրբագրէ՛ զայն.

---Իմ կառավարութիւնս յանձնառու է տարածաշրջանին մէջ հակամար-տութեան էջը փակելուն:

***Կէտերը փոխարինէ  յարմար շաղկապով.

---Այսօր ջրեցի ոչ միայն իմ թաղարներս, . . . . . . դրացիին ամբողջ պարտէզը:

---Ան կարդացած է ոչ միայն Ծննդոց գիրքը, . . . . . . ամբողջ Աստուածաշունչը:



Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com