image

Հայերէնը կը զուարճանայ (55)

Հայերէնը կը զուարճանայ (55)

1.Մէջ եւ վրայ

Հետեւեալներէն ո՞րն է ճիշդը. 

ա) Փոքրիկները կը խաղային դաշտին մէջ...

բ)  Փոքրիկները կը խաղային դաշտին վրայ...

Ահա գրողական կացութիւն մը, ուր կարելի է ըսել՝ երկուքն ալ ճի՛շդ են:

Աւելցնենք, որ քիչ կը պատահին կացութիւններ, ուր երկու տարբեր յետադրութիւններ հաւասարապէս  ընդունելի ըլլան նոյն երեւոյթի արձանագրութեան համար:

Ինչո՞ւ այս երկւութիւնը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ գրելու առթիւ մենք կրնանք ունենալ զանազան մտապատկերներ. օրինակ՝ երբ կը գրենք ծառ,  մեր գիտակցութեան պաստառին վրայ կ’արձանագրուի ծառի մը ենթադրեալ պատկերը, որ «մտապատգկեր» կը կոչուի:  Կը զանազանենք  գոյնի, հոտի, համի, ձայնի մտապատկերները: Քսան տարի առաջ լսուած ձայնի մը համար չենք վարանիր ըսելու. «Դեռ ականջիս մէջ կը հնչէ...»: Հնչողը ձայնը չէ, այլ անոր  տպաւորիչ  մտապատկերը:

Դաշտ հասկացութիւնն ալ իր կարգին  կրնայ ներկայանալ մեր գիտակցութեան պաստառին վրայ՝ իրարմէ քիչ մը տարբեր գծագրութեամբ՝ մէյ մը ցանկապատով, մէյ մը առանց ցանկապատի:

Երբ կազմեցինք ցանկապատաւոր դաշտի մը մտապատկերը,  գրեթէ բնազդաբար կը գրենք «դաշտին մէջ», տուեալ տարածքը ամփոփուած, սահմանափակուած պատկերացնել ցանկապատի ծիրէն ներս: Իսհ երբ մեր մտապատկերը կը վերարտադրէր դաշտ մը առանց ցանկապատի՝  ապա հակամէտ ենք գրելու «դաշտին վրայ»: 

Բացառուած չէ, որ գտնուի գրող, որ մի՛այն եւ միշտ գրէ ասոնց մէկէն մէկը, նայած թէ անոր մտապատկերները ի՛նչ այլազանութիւն կը ներկայացնեն, այսինքն՝ քանի՞ տեսակ դաշտ տպաւորած է զինք, քանի՞ դաշտ տեսած է: Կրնայ նաեւ պատահիլ հետեւեալը. այսպէս միօրինակ գրողը կրնայ շատ ու այլազան դաշտեր տեսած ըլլալ՝ ցանկապատաւորն ալ, ցանկապատազուրկն ալ, սակայն անոնցմէ մէկուն հանդէպ  ունենայ զգացական (affectif) վերաբերում, զգացական կապ  մը, եւ այս կապն ալ զինք մղէ  մտապատկերելու մի՛շտ նոյնը, ուստի եւ միայն գրէ կա՛մ  դաշտին մէջ,  կա՛մ դաշտին վրայ՝ մի՛այն մէկը կամ  միւսը:

Ծանօթ.– Նման երկւութեան պիտի չհանդիպէինք երբեք, երբ հարցը կը վերաբերի, ըսենք՝ գլուխին. օրինակ՝

--Անոր գլուխին մէջ շատ մազ կայ...

--Անոր գլուխին վրայ շատ մազ կայ...

Ես չեմ պատկերացներ մէկը, որ արտասանէ առաջինը, այն շատ պարզ պատճառով, որ նման կացութեան ոչ մէկ ատեն ականակես եղած է եւ զայն թելադրող ոչ մէկ մտապատկեր կազմած է:

Աւարտենք հետեւեալով.  այստեղ նկարագրուած երկւութիւնը մասնաւոր անհամասե- ռութիւն կամ ամիօրինակութիւն չի նկատուիր, եւ այպանելի չէ բնաւ այն գրողը, որ երբեմն դաշտին վրայ կ’ըսէ, երբեմն ալ, թէկուզ քիչ անդին՝ դաշտին մէջ: 

Նման այլազանութիւնը գրողական-ոճական թերութիւն չէ:

 

2.Դի-դիակ, մարմին, աճիւն

Ահա մօտաւորապէս տարի մըն է, որ մեր մամուլը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, գրեթէ կանոնաւորապէս կ’արձանագրէ այս մռայլ ու սրտակեղեք բառամթերքը, որ  ոչ մէկ ատեն կիրարկուած է այս յաճախականութեամբ: Մաղթենք, որ ան ըլլայ վերջինը:

Այստեղ կը գտնենք աճիւն բառը, որ հաւասարապէս բոլորն ալ տեղին համեմատ կը կիրարկեն:  Երբ կողմերէն մէկը միւսին կը յանձնէ սպանուած մարտիկի մը  մարմինը կամ ինչ որ կը մնայ անկէ, ապա այս մէկը «աճիւն» չի կոչուիր: Աճիւնի «տարիք»-ին չէ հասած ան տակաւին, քանի բոլորն ալ առաւելագոյնը տարի մը առաջ անշնչացած մարմիններու մնացորդներն են  եւ աճիւնի վերածուելու ժամանակ չեն ունեցած:

Աճիւնը, ըստ «Նոր հայկազեան»-ի ունի հետեւեալ նշանակութիւնները՝ «մոխիր, յաւելուած կրակի կամ այրեցելոց՝ մոխրեալ կամ կայծախառն...գազաղ, մուր, փոշի». թրք.՝ քիւլ:

Ահա ասոնք են մեր բառին տրուած առաջին, հաւանաբար՝ հիմնական,   նշանակութիւնները՝  մոխիր, մուր ու փոշի: Ասոնք եղած են աճիւն-ին առաջնային նշանակու- թիւնները, ուր ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ մարդկային մարմինի մնացորդին:

Շարունակութեան մէջ միայն, կարելի է ըսել՝ հարեւանցի, «Նոր հայկազեան»-ը կ’աւելցնէ. «փոշի հողացեալ մարմնոյ», – այսինքն՝ «հող դարձած մարմինի փոշին»: Այսքա՛ն:

Այս բոլորը աչքի առաջ ունենալով՝ կարելի է ըսել, որ ժամանակին հետ, յատկապէս աշխարհաբարի մէջ, աճիւն եզրը իմաստային բեւեռացումի, նեղացումի ենթարկուած է. ան բոլորովին դադրած է պահելէ իր հիմնական  նշանակութիւնը՝ «մոխիր, մուր ու փոշի»  եւ պահած է մի՛այն երկրորդական՝ «փոշի հողացեալ մարմնոյ» նշանակութիւնը, որ գոնէ աշխարհաբարի մէջ միակ իշխողն է: Վասնզի ոչ մէկ աշխարհաբար գրող մինչեւ հիմա փուռերու մէջ ու  հոս-հոն ցուցարարներու այրած նիւթերու մոխիրը «աճիւն» կոչած է:

                                                                           *   *   *

Ահա այս մօտեցումով ալ՝   բոլորս գիտենք, որ ընդհանրապէս ազերիին՝ հայերուն, իսկ երբեմն ալ  հայուն՝ ազերիներուն յանձնածը մոխիր, մուր ու փոշի չէ: 

Ծայրայեղ պարագային  այդ փոխանակուածները մարմնական այլազան աստիճանի  հասած   փտուքի  մնացորդներ են, որոնք ըստ պատշաճութեան կրնան կոչուիլ դի, դիակ, մարմին,  մինչեւ իսկ՝ մասունք, սակայն բնաւ երբեք... «աճիւն»:

*     *    *

Իսկ ի՞նչ կ’ըսեն մեր արդի բառարանները:

Ահաւասիկ.

--Գայայեան՝  « մոխիր, շլան, անթեղ»: 

--Ճիզմեճեան՝ «մոխիր, մուր, անթեղ, շլան, գազախ, գոռոխ»:

--Տէր Խաչատուրեան՝ «մոխիր, դիակ, գազաղ:

--Կռանեան՝ «դիակէ մնացած մոխիր, մասունք, անթեղ»:

Ինչպէս կը նկատէք՝ ասոնք պակաս կամ աւելի, ընդհանրապէս՝ աւելի, «Նոր հայկազեան»-ի հոմանիշներն են, երբեմն ճոխացած:

Յատկանշական է, որ բոլորին մէջ մի՛այն Կռանեանն է, որ մոխիրը կապած է դիակին, այսինքն՝ շատ տարտամօրէն թելադրած է, որ մարմինին քայքայումով յառաջացած մոխիրն է, որ կը կոչուի աճիւն: Տէր Խաչատուրեան անջատ հասկացութիւններ կը ներկայացնէ մոխիրն ու դիակը, միւս երկուքը ոչ մէկ կապ կը հաստատեն մոխիրին ու դիակին միջեւ. եթէ նոր սերունդը այս երեքին մէջ սորվի իր բառերը, ապա երբեք պիտի չգիտնայ, թէ աճիւնը  մարդկային դիակի քայքայումի ծայրայեղ՝մոխարացած վիճակն է:

Միւս կողմէ՝ Գայայեան իր սահմանումը ծանրաբեռնած է շլան-ով, որ նմանապէս «մոխիր» կը նշանակէ  եւ նոր ոչինչ կ’աւելցնէ բառիս իմաստին վրայ:

Ճշիզմեճեան կը հետեւի նախորդին՝ իր կողմէ աւելցնելով գազախ, որ կը նշանակէ տաք մոխիր, ինչպէս նշած է «Նոր հայկազեան»-ն ալ, սակայն ինչո՞ւ  գազախ՝ խ-ով եւ ոչ գազաղ:  

 

Արմենակ Եղիայեան