image
Հրատապ լուրեր:

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (7)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (7)
  1. Տառադարձական տագնապ

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը կը ցուցաբերէ իր տառադարձական հերթական տագնապը՝ յանձին... Լիբանանի երբեմնի  մէկ վարչապետին, որ صأب سلام էր, Saeb Salam`  Լիբանանի նորընտիր վարչապետին հօրեղբայրը:

Աւելի քան յիսուն տարի «Ազդակ»-  Սաէպ Սալամ արձանագրած էր այս անունը:

--Սաէպ Սալամ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան մը («Ազդակ», 26/3/1971):

--Սաէպ Սալամ հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Քամիլ Շամունի հետ («Ազդակ», 16/10/1974): 

--Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սաէպ Սալամ  մարզադաշտին վրայ («Ազդակ», 25/12/2018):

Անցա՜ն, անցա՜ն այդ օրերը, պիտի ըսէր «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ու իմաստուն ու տաղանդաշատ բանաստեղծը, անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնի, անոնք խաւար են, մենք՝ լոյս, անոնք տգէտ են, մենք՝ գիտուն...

Այդ «գիտութեան» բերումով ալ այսօր՝ 14/1/2025-ին այդ անունը դարձած է Սայէպ:

Ահա այս «հանգամանքներու» բերումով ալ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը վերածուած  է տառադարձական  անիշխանական քաոսի մը, որ անարգել ու անպատիժ կը քաշքշուի... օր ցերեկով, աշխարհով մէկ, ի տես եւ ի լուր բազմահազար ընթերցողներու: 

Իսկ տառադարձութիւնը միակ տագնապը չէ անոր:

Կայ շարադասականն ալ:

  1. Շարադասական տագնապ

Շարադասութիւնը՝ բառերը խօսքի մէջ ճիշդ շարելու, դասաւորելու  արուեստն  է:

Որուն ոչ մէկ կանոնաւորութիւն կարելի է եղած տալ թերթիս քաղաքական էջերուն:

Հրամեր էք.

***Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը Պաքուի մէջ սպասուող հայ գերիներու ձեւական դատավարական գործընթացի մեկնարկին ընդառաջ...(«Ազդակ», 14/1/25):

Իր մտածողութեան մէջ մազաչափ հայեցիութիւն ունեցողը պիտի եւ պարտի ենթադրել,  որ   «Պաքուի մէջ սպասուող հայ գերիներ» գոյութիւն ունին...

Կարծես եղածը չէր բաւեր՝ նորեր  ալ... կը սպասուին:

Կաղանդի սրտաբուխ նուէր Ալիեւին՝ հայ լրագրողին կողմէ:

Եւ այս չէ միայն, կայ ուրիշն ալ:

                                                            *   *   *

***Հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած   Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի շարք մը թիրախներու վրայ օդային յարձակումներ գործեցինք» (անդ, էջ 2):

Հարցում՝ 

Ո՞ր  կամ ինչպիսի՞ Լիբանանի մէջ:

Պատասխան՝

Հետախուզական տեղեկոթիւններու վրայ հիմնուած... 

Նման Լիբանան մը ծանօ՞թ է ձեզի:

Ինծի ծանօթ չէ:

                                                                *    *    *

Եւ...

***Էմիրաթական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը ներկայիս կը գտնուի Լիբանան՝ աւելի քան երեք տարի փակ մնալէն ետք Պէյրութի մէջ... (անդ):

Այստեղ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ կ’ակնարկուի պատուիրակութեան մը, ան ալ «էմիրաթական բարձրաստիճան» կարգի, որ «աւելի քան երեք  տարի փակ մնացած է Պէյրութի մէջ»:

Այսինքն... արգելափակուած է:

Ճիշդ Պոլսոյ Սուրբ խաչի խենթերուն պէս, որոնք կ’արգելափակուէին Հայոց պատրիարքին եւ օրուան բժիշկներու որոշումով:

Եւ հիմա, վե՜՜՜րջապէս, այսքան տարի  զայն փակ պահելէ ետք,  այդ պատուիրակութեան առիթ կը տրուի «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան  վերաբացման դասաւորումները  կատարելու»:  

Հապա՞՞՞:

Եւ այս բոլոր այլանդակութիւնները  մարսելու համար՝  ստորեւ մանր-մունր համադամներ՝«Ազդակ»-ի  քաղաքական էջի հերթական գոհարներէն ընտրուած:

                                                             *   *   *

***Կոչ կ’ուղղէ ազատ արձակելու ձերբակալուած լրագրողներուն (13/1/2025, էջ 1):

Լրագրողները պարտի հայցական հոլով դրուիլ՝ իբրեւ ուղիղ խնդիր:

---Կոչ կ’ուղղէ ազատ արձակելու ձերբակալուած լրագրողները:

***Թղթածրարը տարիներէ ի վեր եւ մեծապէս կը ճնշէ...(անդ,  էջ 2):

Անտեղի, անիմաստ, անպաշտօն ու ապուշ  շաղկապ մըն է եւ-ը այստեղ:

---Թղթածրարը տարիներէ ի վեր մեծապէս կը ճնշէ...:

***Կը   սպառնայ, անոնց անվտանգութեան (անդ):

Սպառնալ բայը եւ  անոնց խնդիրը  ստորակէտով չեն կրնար բաժնուիլ:

---Կը սպառնայ անոնց անվտանգութեան:

***յարաբերութիւնները, որոնք վնաս պատճառեց (անդ):

Յոգնակի ենթական յոգնակի բայ-ստորոգիչ  կը պահանջէ, եզակի ենթական՝ եզակի բայ-ստորոգիչ:

---յարաբերութիւնները, որոնք վնաս պատճառեցին:

***Հանդիպումին ներկայ էր Ասաատ Շիպանի, Անաս Խաթթապ եւ Ալի Քատէ:

Ներկայ են երեք տարբեր ենթականեր, որ կը նշանակէ բազմակի կամ յոգնակի ենթակայ, ուրեմն նաեւ յոգնակի բայ-ստորոգիչ:

---Հանդիպումին ներկայ էին Ասաատ Շիպանի, Անաս Խաթթապ եւ Ալի Քատէ:

***Թղթածրարը արագօրէն լուծելը եւ գաղթականներու  վերադարձը հրատապ դարձած է (անդ):

Այստեղ նմանապէս ունինք երկու տարբեր ենթականեր՝ լուծելը եւ վերադարձը, ուրեմն բանիւ նովին  պարտինք յոգնակի բայ-ստորոգիչ տալ ասոնց՝  նախորդին պէս:

Միւս կողմէ՝ կայ ոճաբանական  թերացում մը. թէեւ ոճաբանութիւնը վերջին հասկացութիւնն է, որուն քովէն անցած ըլլայ  այս էջը իր հերթական սխրանքներու ընթացքին:

Պատշաճ է, որ լուծել դերբայ-ենթական եւ վերադարձը բայանուն-ենթական ունենան  նո՛յն կարգավիճակը, նո՛յն ձեւաւորումը, նո՛յն կառոյցը. այս պարագային՝ բարեկրթութիւնը կը պահանջէ, որ անորոշ դերբայը նմանապէս գոյականացնենք, ինչպէս գոյականացած անորոշ դերբայ մըն է վերադարձը

Եւ ըսենք՝

---Թղթածրարի արագ լուծումը եւ գաղթականներու  վերադարձը հրատապ դարձած են :

Մրցոյթ 6.

***Հետեւեալէն կարելի է ջնջել երկու բառ.

---Հայերէնը կը մաշի իր լաւագոյն զաւակներու շուրթերուն (շուրթերով) վրայ եւ գրիչին տակ (գրիչով):

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Մենք զմեզ կը խոստանանք սրբագրել  զմեզ  մեր հոգեւոր էութեան մէջ:

***Ինչպէս պիտի ըսէիր տոհմիկ հայերէնով.

---Թեհրանի մօտ մէջ Սուրիոյ հետ հաղորդակցելու հարց ցանկութիւն չկայ («Ազդակ», 3/1/222025, էջ 8):  

---Թեհրան Սուրիոյ հետ հաղորդակցելու ցանկութին չունի: 

***Կայ սրբագրելի բառ մը. գտի՛ր եւ ուղղէ՛ զայն: 

---Ոգեղէն արժէքները  կը շարունակեն դաժանօրէն ոտնահարուիլ ու բռնաբարուիլ:

***Լրացո՛ւր   հայկական հետեւեալ ասոյթը.

---Եթէ կ’ուզես արագ երթալ,  առանձի՛ն գնա, իսկ եթէ կ’ուզես ապահով 

երթալ, ընկերովի՛ գնա

Ճիշդ պատասխան ած են՝ Մարք Շիրին (5) , Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (7), Գէորգ  Եազըճեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(8), Համբարձում Յարթունեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (9), Վարդի Դանիէլեան (7), Պերճ 

Տէր Սահակեան (7):

Մրցոյթ 7.

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադասէիր «Ասպարէզ»-ի հետեւեալ խորագիրը.

---Թուրքիա խաղաղութեան վերաբերող Փաշինեանի  ուղերձները կարեւոր կը նկատէ:

***«Ասպարէզ»-ի հետեւեալ նախադասութենէն պէտք է ջնջուի բառ մը.

---Անգարա կը փափաքի տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, եւ որ այս հարցին մէջ Թուրքիա պիտի քալէ Ատրպէյճանի հետ ուս-ուսի:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին աւելորդաբանութիւնը.

---Բանագնացը առաջարկեց երկու տարիներով երկարաձգել խաղաղութեան ուժերու տեղակայումը:

***Գտնել ու սրբագրել «Հայրենիք»-ի հետեւեալ երկու գոհարներուն քերակա-նական աղաղակող սխալները:

---Հայաստանի մէջ կին մը բանտապետ պիտի նշանակուի, յանձինս Ծովինար Թադէոսեանի:

---Աշխատանքները պէտք է ըլլան հետեւողական այն յայտարարութիւննե-րուն, զորս կատարուած են եւրոպական բարձրագոյն հարթակներու վրայ։

 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com