1. «Հայրենիք»-ն ու «Հասկ»-ը ձեռք-ձեռքի տուած եւ տարին 12 ամիս ընդերկար կ’աղաւաղեն փոխ նախածանցի ուղղագրութիւնը: Ընդհանրապէս իրենց սերտօրէն կ’աջակցի ու կը ձայնակցի «Պայքար»-ն ալ (անշուշտ մի՛այն ուղղագրութեան մէջ, այլապէս ուրիշ ձայնակցութեան մասին չմտածէ՜՜՜ք... ատանկ բան չկա՜՜՜յ, մեղա՜՜՜յ, մեղա՜՜՜յ):
Այս աղաւաղումը միօրինակ չէ. եւ նայած թէ հովերը ո՞ր կողմէն կը փչեն, անոնք փոխն ի փոխ կը գրեն օր մը այսպէս, օր մը այնպէս՝
-- փոխ նախագահ, փոխ տեսչութիւն՝ անջատ,
-- փոխ-նախագահ, փոխ-տեսչութիւն՝ միութեան գծիկով:
Այս աղաւաղումները շատ յաճախ կ’ընդգրկեն ներ եւ միջ ածանցները եւս. այսպէս՝
-- ներ-ազգային
-- միջ-եկեղեցական
Բազմիցս անդրադարձած եմ այս շեղումներուն եւ անոնց աղբիւրներուն՝ մերթ անհատապէս դիմելով իրենց, մերթ հրապարակաւ՝ առանց անուն ծամծմելու: Բայց ահա ոչինչ կը փոխուի կացութենէն. տեղ մը գործողը տգիտութիւնն է, երկրորդ տեղ մը յամառութիւնը, երրորդ տեղ մը ծուլութիւնը, այլ տեղ մը մեծամոլութիւնը...
--Դուն ո՞վ ես որ մեզի դաս տաս...
--Դուն մեզմէ լա՞ւ գիտես մեր լեզուն...
--Դո՞ւն մնացիր մեզի հայերէն սորվեցնող...
Այո, այսպէս կը մտածեն ու կը գրեն անոնք, որոնք սփիւռքի մէջ ամէնէն անխնամ, անորակ ու ապաշնորհ արեւմտահայերէնը կը կիրարկեն:
* * *
Հայերէնի մօտաւորապէս երեքտասնեակ նախածանցներէն ո՛չ մէկը, բացարձա-կաէս ո՛չ մէկը ածանցելի բառէն անջատ կամ միութեան գծիկով անոր կապուած կը գրուի. նման գրութիւն չունինք: Այսպէս է, նոյնիսկ եթէ գոյութիւն ունին օտար լեզուներ, որոնք ունին մեր ածանցաւորներուն համապատասխանող բառեր, որոնց մէջ ածանցը անջատ կամ գծիկով միացած կը գրուի:
Մենք հայերէն կը գրենք եւ ունինք մեր սեփական կանոնները:
Ուրեմն՝
--փոխնախագահ, փոխատենապետ, փոխտնօրէն...
--միջեկեղեցական, միջյարանուանական, միջցամաքային...
--ներազգային, ներյարանուանական, ներհամայնքային...
Շատ յատկանշական է, որ ասոնք անջատ կամ գծիկով գրողները չեն վարանիր գրելու՝ փոխվրէժ, փոխարքայ, փոխօգնութիւն ... ներխուժել, ներթափանցել, ներփակել... փոխասացութիւն, փոխարքայ, փոխզիջում... եւ այլն:
* * *
Որեւէ հնչիւնախումբ անջատ կ’արտասանուի եւ կը գրուի, եթէ ան ունի ինքնուրոյն նշանակութիւն մը. օրինակ՝ հաց, ջուր, պանիր եւ այլն, եւ ասոնք կը կոչուին բառ: Իրենց այս հանգամանքով ալ իբրեւ բացատրելի գլխաբառ տեղ կը գտնեն բառարաններու մէջ:
Փոխ-ը, ներ-ը, բառ չեն, ըստ այնմ ալ չեն կրնար մտնել որեւէ բառարանի մէջ, այլեւ չեն կրնար անջատ, անկախ կիրարկուիլ՝ յատկապէս գրաւոր խօսքի մէջ: Հայերէնագիտութեան նախատարերքն է այս, եւ որեւէ գրող պարտի գիտնալ այսքանը:
Գալով այն բառերուն, որոնց բաղադրիչները գծիկով միացած են, օրինակ՝ հոս-հոն, գիշեր-ցերեկ, ուտել-խմել, աւալ-թաւալ, հայ-վրացական, հարաւ-արեւելք եւ այլն՝ ասոնց ոչ մէկուն առաջին բաղադրիչը ածանց է. նման բան չկայ: Ասոնք բառեր են, որոնք համարժէք, համադաս բաղադրիչներ ունին եւ կը կոչուին բաղհիւսական բարդութիւններ:
2. Նուիրական սխալ
Մեզմէ քանի՞ն,— կը կարծէք թէ,— պիտի գայթակղէր, եթէ կարդար սապիսի նախադասութիւն մը.
--«Այդ տարիներուն սարքերը այսօրուան պէս կատարելագործուած չէին»:
Կամ թէ գայթակղող պիտի գտնուէ՞ր իրապէս...
Առնուազն կարելի է ըսել, թէ այդպիսիները իսկական բացառութիւն պիտի կազմէին: Վասնզի բերած օրինակս շատ ընդհանրացած է եւ այլեւս ամուր հաստատուած է արեւմտահայերուս գիտակցութեան մէջ:
Այսուհանդերձ... ան սխալ կառոյց մըն է՝ կոտոշաւոր տեսակէն. ինչո՞ւ:
Գրողը փորձած է բաղդատութիւն մը ընել. սակայն ի՞նչը բաղդատած է ինչով:
Ան անցեալի սարքերը բաղդատած է մեր այսօրուան հետ եւ ոչ թէ մեր այս օրերու սարքերուն հետ: Վերստին կարդացէք, ու պիտի անդրադառնաք ըսածիս:
Մինչդեռ որպէսզի «անցեալի սարքերը» բաղդատուէին «այսօրուան սարքերուն» հետ, ապա ան պարտէր ըսել հետեւեալ երկուքէն մէկը.
--Այդ տարիներուն սարքերը այսօրուան սարքերուն պէս կատարելագործուած չէին:
--Այդ տարիներուն սարքերը այսօրուաններուն պէս կատարելագործուած չէին:
3. Ընդհակառակն եւ ընդհակառակը
Այս երկուքէն ո՞ր մէկը պիտի կիրարկէք դուք...
Հայր Կռանեան ունի ընդհակառակն:
Տէր Խաչատուրեան ունի ընդհակառակը:
Ակադեմիայի քառահատորը ունի՝ ընդհակառակ-ընդհակառակն-ընդհակառակը:
* * *
Ասոնց բոլորին մայրն է գրաբարեան ընդ հակառակն բառակապակցութիւնը:
Որ կազմուած է ընդ նախդիրէն եւ հակառակն փոխանունէն:
Այս երկուքը գրաբարի մէջ միշտ գրուած են անջատ՝ իբրեւ երկու տարբեր բառեր:
Աշխարճաբարը ասոնք կցած ու կազմած է ածանցաւոր բառ մը, շատ ու շատ ուրիշներու նման, որոնք ունին նոյն կաղապարը:
Արդ, այս նոր բառի երկրորդ բածադրիչին վերջը գտնուող ն յօդը պէտք էր արդարօրէն դարձնել ը. ինչպէս զայն ըրած է Տէր Խաչատուրեան:
Գրաբարը դրած է ն քանի որ ը յօդը չունէր ան, մինչդեռ աշխարհաբարը ունի ն եւ ը:
Ն կը դնէ ձայնաւորէ ետք, ը կը դնէ բաղաձայնէ ետք:
Ուրեմն՝ ընդ հակառակն > ընդհակառակն > ընդհակառակը:
Ուղղագրական այս հոլովոյթը ունեցած է բառս աշխարհաբարի մէջ:
Ուր մերժելի են թէ՛ ընդհակառակ, թէ՛ ընդհակառակն:
Ճիշդը՝ ընդհակառակը:
Մրցոյթ 186.
***Աշակե՞րտ, թէ՞ աշակերտներ կը դնես կէտերուն փոխարէն:
---Անձնապէս երբեք չեմ հաւատացած, որ յօդուածներով, բեմերէ արտասանուած խօսքերով կամ այլ միջոցներով հայ դպրոցը կրնայ աշակերտ հաւաքել:
***Հայեցի վերաշարադասէ՛ հետեւեալ... մահազդը:
---Վերջին նիստը տեղի ունեցած է մօտ 20 օր առաջ, իսկ յաջորդը նախատեսուած է 5 սեպտեմբերին:
***Հետեւեալէն կարելի է զեղչել երեք բառ. գտի՛ր ու զեղչէ՛ զանոնք.
---Ճամբորդները կը նկատէին, թէ ինչպէ՛ս նաւաստիները կը պայքարէին փոթորի-կին դէմ եւ անոնց բազուկները (աստիճանաբար) կը թուլանային:
***Սրբագրէ՛ սպրդած քերականական սխալը:
---Որոշած են աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր խիզախ ու պատուաբեր դիմադրութեան:
***Դուն ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր ըսել հետեւեալը.
---Իսրայէլի գործած ոճիրները պիտի չվախցնեն լրագրողները:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Սեւան Տէիրմենճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (10), Վահէ Աբէլեան (5)
Մրցոյթ 187.
***Ո՞ր բառերը կրնաս ջնջել հետեւեալէն.
---Քննարկուեցան հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Կազայի վրայ պատերազմին ունեցած ազդեցութեան վերաբերող խնդիրները:
***Ո՞ր բառը կը փոխարինես ուրիշով մը:
---Դատախազը աւարտեց դրամատան տնօրէնին հետաքննութիւնը եւ զինք փոխանցեց աւագ դատաւորին:
***Փորձէ՛ վերացնել հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնը.
---Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխուժ բանակցութեան մէջ ենք:
---Զինադադարի հաստատման համաձայնութեան կէտերուն 90%-ին շուրջ համա-ձայնութիւն գոյացաւ (անդ):
***Հայեցի՛ շարադասէ հետեւեալ դամբանականը.
---Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն ծրագրող խմբաւորում մը բացայայտուած է, եւ իսրայէլեան հետախուզութեան հետ կապ ունեցող լրտեսներ ձերբակալուած են:
Արմենակ Եղիայեան