image

Հայերէնը կը զուարճանայ (189)

Հայերէնը կը զուարճանայ (189)

1. «Հայրենիք»-ն ու «Հասկ»-ը ձեռք-ձեռքի տուած եւ տարին 12 ամիս ընդերկար կ’աղաւաղեն  փոխ  նախածանցի ուղղագրութիւնը: Ընդհանրապէս   իրենց  սերտօրէն կ’աջակցի ու կը ձայնակցի «Պայքար»-ն ալ (անշուշտ մի՛այն ուղղագրութեան մէջ, այլապէս ուրիշ ձայնակցութեան մասին չմտածէ՜՜՜ք... ատանկ բան չկա՜՜՜յ, մեղա՜՜՜յ,  մեղա՜՜՜յ):

Այս աղաւաղումը միօրինակ չէ. եւ նայած թէ հովերը ո՞ր կողմէն կը փչեն,  անոնք փոխն ի փոխ կը գրեն օր  մը այսպէս, օր մը այնպէս՝ 

-- փոխ նախագահ, փոխ տեսչութիւն՝ անջատ,

-- փոխ-նախագահ,  փոխ-տեսչութիւն՝ միութեան գծիկով:

Այս աղաւաղումները շատ յաճախ կ’ընդգրկեն ներ եւ միջ ածանցները եւս.  այսպէս՝

--  ներ-ազգային

--  միջ-եկեղեցական

Բազմիցս անդրադարձած եմ այս շեղումներուն եւ անոնց աղբիւրներուն՝ մերթ  անհատապէս դիմելով իրենց, մերթ հրապարակաւ՝ առանց անուն ծամծմելու:  Բայց ահա ոչինչ կը փոխուի կացութենէն. տեղ մը գործողը տգիտութիւնն է,  երկրորդ տեղ մը յամառութիւնը, երրորդ տեղ մը  ծուլութիւնը, այլ տեղ մը   մեծամոլութիւնը...

--Դուն ո՞վ ես որ մեզի դաս տաս...

--Դուն  մեզմէ լա՞ւ  գիտես  մեր լեզուն...

--Դո՞ւն մնացիր մեզի հայերէն սորվեցնող...

Այո, այսպէս կը մտածեն ու կը գրեն անոնք, որոնք սփիւռքի մէջ ամէնէն անխնամ, անորակ ու ապաշնորհ  արեւմտահայերէնը կը կիրարկեն:

                                                                               *   *   *

Հայերէնի մօտաւորապէս  երեքտասնեակ նախածանցներէն ո՛չ մէկը, բացարձա-կաէս ո՛չ մէկը ածանցելի բառէն անջատ կամ միութեան գծիկով անոր կապուած կը գրուի. նման գրութիւն չունինք: Այսպէս է, նոյնիսկ եթէ գոյութիւն ունին օտար լեզուներ, որոնք ունին մեր ածանցաւորներուն  համապատասխանող բառեր, որոնց մէջ ածանցը անջատ կամ գծիկով միացած կը գրուի: 

Մենք հայերէն կը գրենք եւ ունինք մեր սեփական կանոնները:

Ուրեմն՝

--փոխնախագահ, փոխատենապետ, փոխտնօրէն...

--միջեկեղեցական, միջյարանուանական, միջցամաքային...

--ներազգային,  ներյարանուանական,  ներհամայնքային...

Շատ յատկանշական է, որ ասոնք անջատ կամ գծիկով գրողները չեն վարանիր գրելու՝ փոխվրէժ, փոխարքայ, փոխօգնութիւն ...  ներխուժել, ներթափանցել,  ներփակել... փոխասացութիւն, փոխարքայ,  փոխզիջում... եւ այլն:

                                                                  *   *   *

Որեւէ հնչիւնախումբ անջատ  կ’արտասանուի եւ կը գրուի, եթէ ան ունի ինքնուրոյն նշանակութիւն մը. օրինակ՝ հաց, ջուր, պանիր եւ այլն, եւ ասոնք կը կոչուին  բառ: Իրենց այս հանգամանքով ալ  իբրեւ բացատրելի գլխաբառ  տեղ կը գտնեն բառարաններու մէջ:

Փոխ-ը, ներ-ը,  բառ չեն, ըստ այնմ ալ չեն կրնար մտնել որեւէ բառարանի մէջ, այլեւ չեն կրնար անջատ, անկախ  կիրարկուիլ՝ յատկապէս գրաւոր խօսքի մէջ: Հայերէնագիտութեան նախատարերքն  է այս, եւ որեւէ գրող պարտի գիտնալ այսքանը:

Գալով այն բառերուն, որոնց բաղադրիչները գծիկով միացած են, օրինակ՝  հոս-հոն, գիշեր-ցերեկ,  ուտել-խմել, աւալ-թաւալ, հայ-վրացական,  հարաւ-արեւելք եւ այլն՝ ասոնց ոչ մէկուն առաջին բաղադրիչը ածանց է. նման բան չկայ: Ասոնք բառեր են, որոնք համարժէք, համադաս բաղադրիչներ ունին եւ կը կոչուին բաղհիւսական բարդութիւններ:

2. Նուիրական սխալ

Մեզմէ քանի՞ն,— կը կարծէք թէ,— պիտի գայթակղէր, եթէ կարդար սապիսի նախադասութիւն մը.

--«Այդ տարիներուն  սարքերը այսօրուան պէս կատարելագործուած չէին»:

Կամ թէ գայթակղող պիտի գտնուէ՞ր իրապէս...

Առնուազն կարելի է ըսել, թէ այդպիսիները  իսկական բացառութիւն պիտի կազմէին: Վասնզի բերած օրինակս շատ ընդհանրացած է եւ այլեւս ամուր հաստատուած է արեւմտահայերուս գիտակցութեան մէջ:

Այսուհանդերձ... ան սխալ կառոյց մըն է՝ կոտոշաւոր տեսակէն. ինչո՞ւ:

Գրողը փորձած է բաղդատութիւն մը ընել. սակայն ի՞նչը բաղդատած է ինչով:

Ան անցեալի սարքերը բաղդատած է մեր այսօրուան հետ եւ ոչ թէ մեր այս օրերու սարքերուն հետ: Վերստին կարդացէք, ու պիտի անդրադառնաք ըսածիս:

Մինչդեռ որպէսզի «անցեալի սարքերը» բաղդատուէին «այսօրուան սարքերուն» հետ, ապա ան պարտէր ըսել հետեւեալ երկուքէն մէկը.

--Այդ տարիներուն սարքերը այսօրուան սարքերուն պէս կատարելագործուած չէին:

--Այդ տարիներուն սարքերը այսօրուաններուն պէս կատարելագործուած չէին:

3. Ընդհակառակն եւ ընդհակառակը

Այս երկուքէն ո՞ր մէկը պիտի  կիրարկէք դուք...

Հայր Կռանեան ունի ընդհակառակն:

Տէր Խաչատուրեան ունի ընդհակառակը:

Ակադեմիայի քառահատորը ունի՝ ընդհակառակ-ընդհակառակն-ընդհակառակը:

                                                                                *   *   *

Ասոնց բոլորին մայրն է գրաբարեան ընդ հակառակն բառակապակցութիւնը:

Որ կազմուած է ընդ նախդիրէն եւ հակառակն փոխանունէն:

Այս երկուքը գրաբարի մէջ միշտ գրուած են անջատ՝ իբրեւ երկու տարբեր բառեր:

Աշխարճաբարը ասոնք կցած ու կազմած է ածանցաւոր բառ մը, շատ ու շատ ուրիշներու նման, որոնք ունին նոյն կաղապարը:  

Արդ, այս նոր բառի երկրորդ բածադրիչին վերջը գտնուող  ն յօդը պէտք էր արդարօրէն դարձնել ը. ինչպէս զայն ըրած է Տէր Խաչատուրեան:  

Գրաբարը դրած է ն քանի որ ը յօդը չունէր ան, մինչդեռ աշխարհաբարը ունի ն եւ ը:

Ն կը դնէ ձայնաւորէ ետք, ը կը դնէ բաղաձայնէ ետք:

Ուրեմն՝ ընդ հակառակն  >  ընդհակառակնընդհակառակը:

Ուղղագրական այս հոլովոյթը ունեցած է բառս աշխարհաբարի մէջ:

Ուր մերժելի են թէ՛ ընդհակառակ, թէ՛ ընդհակառակն

Ճիշդը՝ ընդհակառակը:

Մրցոյթ 186.

***Աշակե՞րտ, թէ՞ աշակերտներ կը դնես կէտերուն փոխարէն:

---Անձնապէս երբեք չեմ հաւատացած, որ յօդուածներով, բեմերէ արտասանուած խօսքերով կամ այլ միջոցներով հայ դպրոցը կրնայ   աշակերտ  հաւաքել:

***Հայեցի վերաշարադասէ՛ հետեւեալ... մահազդը:

---Վերջին նիստը տեղի ունեցած է մօտ 20  օր առաջ, իսկ  յաջորդը նախատեսուած է 5 սեպտեմբերին:

***Հետեւեալէն կարելի է զեղչել երեք բառ. գտի՛ր ու զեղչէ՛ զանոնք.

---Ճամբորդները կը նկատէին, թէ ինչպէ՛ս նաւաստիները կը պայքարէին փոթորի-կին դէմ  եւ  անոնց բազուկները (աստիճանաբար) կը թուլանային:

***Սրբագրէ՛ սպրդած քերականական սխալը:

---Որոշած են աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր խիզախ ու պատուաբեր դիմադրութեան:

***Դուն ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր ըսել հետեւեալը.

---Իսրայէլի գործած ոճիրները պիտի չվախցնեն լրագրողները:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Սեւան Տէիրմենճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (10), Վահէ Աբէլեան (5) 

Մրցոյթ 187.

***Ո՞ր բառերը կրնաս ջնջել հետեւեալէն.

---Քննարկուեցան հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Կազայի վրայ պատերազմին ունեցած   ազդեցութեան վերաբերող խնդիրները:

***Ո՞ր բառը կը փոխարինես ուրիշով մը:

---Դատախազը  աւարտեց դրամատան տնօրէնին հետաքննութիւնը եւ զինք փոխանցեց աւագ դատաւորին: 

***Փորձէ՛ վերացնել հետեւեալներուն   կրկնաբանութիւնը.

---Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ մեր գործընկերներուն հետ  աշխուժ բանակցութեան մէջ ենք:

---Զինադադարի հաստատման համաձայնութեան կէտերուն 90%-ին շուրջ համա-ձայնութիւն գոյացաւ (անդ):

***Հայեցի՛ շարադասէ հետեւեալ դամբանականը.

---Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն ծրագրող խմբաւորում մը բացայայտուած է, եւ  իսրայէլեան  հետախուզութեան հետ  կապ ունեցող  լրտեսներ ձերբակալուած են:

 


Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com