1.Մի՛ ըսէք՝ օրեկան, ամսեկան` արեւելահայու պէս,
այլ ըսէք՝ օրական, ամսական՝ հայու պէս,
այլեւ՝ ժամական, շաբթական
Հապա ինչո՞ւ ըսել՝ տարեկան...
* * *
Ասոնց բոլորին մէջ տարեկան-ը միակն է, որուն սկզբնաձեւը կը վերջանայ ի ձայնաւորով. հետեւաբար՝
տարի+ական > տարեկան
Ուրեմն՝ ի+ա > ե:
Նաեւ՝ բարի+արար > բարերար, ոսկի+արիչ > ոսկերիչ, այգի+ա+պան > այգեպան հոգի+ա+բան > հոգեբան, ապակի+ա+պատ > ապակեպատ, պատանի+ա+կան > պատանեկան:
2.Շաբաթ եւ… շաբաթ
Երկիմաստ բառ է. առ այդ կը նշանակէ՝
ա) երկուշաբթիէն (ներառեալ) մինչեւ կիրակի (ներառեալ) երկարող յաջորդական եօթը օրերը[1]. օրինակ՝
«Այս շաբաթ պիտի չաշխատինք»:
Կրնայ նշանակել նաեւ եօթը ոչ-յաջորդական օրերու գումարը. օրինակ՝
«Ան վրայ-վրայի մէկ շաբաթ աշխատեցաւ մեր քով»:
Այս նշանակութեամբ անոր սեռական հոլովը կու տայ շաբթուան. օրինակ՝
«Շաբթուան երրորդ օրը միշտ ազատ ենք»:
«Շաբթուան հացս ապահով է»:
Այս նշանակութեամբ իբրեւ ածական կու տայ շաբթական, որ կը նշանակէ մէկ շաբթուան յատուկ, մէկ շաբթուան վերաբերող. օրինակ՝
«Աշկերտին շաբթական վարձը քսան դոլար է»:
Այսինքն՝ շաբթականը:
Կը նշանակէ նաեւ շաբաթը մէկ անգամ պատահող. օրինակ՝
«Բժիշկը իր շաբթական այցելութիւնը տուաւ հիւանդին»:
«Տանտիկինը շաբթական մաքրութիւնը կատարեց»:
***Ուրեմն՝ շաբաթ-շաբթուան-շաբթական:
բ) ուրբաթին յաջորդող եւ կիրակիին նախորդող օրը. օրինակ՝
Այդ օրուան անունը:
«Երկուշաբթի զբաղած եմ, շաբա՛թ եկուր»:
Այս գոյականին սեռականը շաբաթուան է. օրինակ՝
«Շաբաթուան հանդիպումը յետաձգուեցաւ»:
Ածականը՝ շաբաթական:
***Ուրեմն՝ շաբաթ-շաբաթուան-շաբաթական:
3. Օվալաձեւ...
Հայաստան ամէն օր քիչ մը աւելի կը հայաթափի:
Կարդացէք հետեւեալը, որպէսզի ինքներդ ալ հաստատէք զայն... եթէ չէիք գիտեր.
«Հայտնաբերվել է “կոկաին” տեսակի թմրամիջոցին նմանվող 120 հատ օվալաձև պարկուճ» («Արմէնպրես»):
Ձեւ արմատը բաւարար չէր փրկելու համար այս բարդ բառը, որուն առաջին արմատը լատիներէն է՝ ov = ձու: Այս գրիչը կnտրելիք լրագրողը չէ՞ր գիտեր, թէ բառիս հայերէն համարժէքն է ձուաձեւ, որ իսկական գեղօրի մը պէս գեղեցիկ բառ է: Եթէ իրօք չէր գիտեր, ապա կրնար առնուազն հարցնել Նուազի լը Գրանի աւատապետին, որ հաճոյքով պիտի ուզէր ձերբազատիլ արեւելահայերէնը «զարդարող» 4.000 օտարաբանութիւններու մէկէն. ան հաճոյքով կը սորվեցնէր, անոր ալ սիրտը քիչ մը կը հովանար, դէմքին ժպիտ կու գար, հոգիին՝ աշխուժ եւ գրիչին...ներուժ:
Ասոր համար ուզել պէտք է, որոշել պէտք է, որ հայերէն պիտի գրենք, պիտի կամաց-կամաց սորվինք վերահայանալ, թօթափել այլասերումի ամօթալի ժանգը, որ հոս կը թրքացնէ, հոն կը ռուսացնէ, այլուր կը լատինացնէ:
Կը սպաննէ հայը՝ հայուն մէջ, եւ դատարկ խամաճիկի կը վերածէ զայն:
4. Համբիկ Մարտիրոսեանն ալ հայերէն կը գրէ...
--«Ռուսաստան հետաքրքրուած էր Էրտողանով, որպէսզի ան չի յեներ Արեւմուտք» («Պայքար», թիւ 330, էջ 4):
Պէտք է ըլլայ՝ չյենէր:
Միւս կողմէ՝ կը յենինք բանի մը՝ տրական հոլով. ուրեմն՝ «չյենէր Արեւմուտքի(ն)»:
--Էքէական ծով
Հայերէնը անյիշելի ժամանակներէ ի վեր կ’ըսէ՝ Եգէական ծով (Mer Egée):
--«Հայութիւնը դուրս եկած է Ռուս-Թուրք սիրաբանութենէն»:
Ռուս-Թուրք ածականը գլխագրելու ոչ մէկ կարիք կայ. այլ խօսքով՝ սխալ է գլխագրել: Նոյնհետայն սխալ է Քրտական ածականի գլխագրումը. պէտք է ըլլայ քրտական, այլեւ՝ հայկական, արաբական, ֆրանսական եւ...ամերիկեան:
--«Միացեալ Նահանգներ ջատագով են, որպէսզի Թուրքիա իր թաթերը երկարէ մինչեւ Կովկաս»:
Հայերէնը եզակի կը սեպէ Միացեալ Նահանգները:
Սխալ է որպէսզի շաղկապը եւս, պէտք է ըլլայ որ:
Ուրեմն՝ «Միացեալ Նահանգներ ջատագով է, որ Թուրքիա երկարէ իր թաթերը...»:
--«Թող զիս ներեն մտաւորականները» («Պայքար», թիւ 331, էջ 3):
Ներել կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր՝ «թող ինծի ներեն մտաւորականները»:
Մրցոյթ 132.
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Նոյն առարկայական վերաբերումը ցոյց տուաւ հայկական այլ թերթերու հանդէպ:
---Մեր պատմական այս երկու սուրբ վկայարանները ոչնչացման ենթակայ են:
---Զբօսաշրջիկը հապճեպ այցելութիւն տուաւ հօրը շիրիմին եւ կից մատուռին:
---Բանագնացը տեսակցութիւն ունեցաւ քաղաքական խմբաւորումներուն հետ:
---Ան հոգաց ոչ միայն իր, այլ ամբողջ աշաւախումբի կեցութեան ծախսերը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5),Պերճ Տէր Սահակեան(6), Եփրեմ Թոքճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (2):
Մրցոյթ 133.
***Կէտերը փոխարինէ չորս բառերէն մէկով՝ կարիք, պատճառ, տեղիք, պարագայ.
---Ապահովական կացութիւնը մտահոգիչ չէ, եւ իրարանցումի .......... չկայ:
***Դի՛ր պակսող ստորակէտը.
---Տղայ թէ աղջիկ կը պարէին:
Տղայ թէ աղջիկ էր պարողը
---Կէսօրին մեզի եկուր կամ ճաշարան մը գնա-ճաշէ:
Կէսօրին մեզի եկուր կամ ճաշարան մը երթանք-ճաշենք:
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Այս վարուելակերպը հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ ձախող քայլ մըն է:
---Ռ. Դաշնութիւնը միայն կը ցանկայ վերահսկել իր սեփական տարածքները:
Արմենակ Եղիայեան
[1] Տեսականօրէն՝ շաբաթ օր կէսգիշերին սկսող ու յաջորդ շաբաթ օր մինչեւ կէսգիշեր երկարող ժամանակամիջոցը: