Մեր վերջին առաքումը կոչեցինք «մանրուքներ», ուրեմն կը շարունակենք անոնց շարքը՝ քննելու համար կարգ մը կէտեր, որոնց ասկէ առաջ ալ անդրադարձած ենք՝ առանց մեծ յաջողութեան եւ գիտնալով հանդերձ, որ այս անդրադարձը իր կարգին շատ բան պիտի չփոխէ՝ ոմանց մտային ծուլութեան, ուրիշներու անտարբերութան հետեւանքով:
Թուական
Հայերէնը ի վաղուց անտի իւրացուցած է թուական գրելու օր-ամիս-տարի հերթա- գայութիւնը, որ դարերու վաղեմութիւն ունի մեր մէջ եւ ունի տրամաբանական որոշ հիմնա-ւորում, որ է աստիճանումը. այինքն՝ ան կը սկսի ամենափոքր միաւորով, որ օրն է, ապա կու գայ ամիսը, վերջապէս տարին . օրինակ՝ 5 մարտ 1724, որ ամէնէն աւելի կիրարկուած ձեւն է եւ ունի հետեւեալ տարբերակները՝ 5-4-1724 կամ 5.4.1724 կամ 5/4/1724, որոնք ըստ էութեան նոյն բաներն են, ուստի ընդունելի են, նոյնիսկ եթէ յանձնարարելի չըլլան:
Ընդունելի, սակայն ոչ յանձնարարելի է նաեւ հակառակ շարքը՝ 1724 մարտ 5 կամ 1724-4-5:
Աւելցնենք, որ այս նոյն ձեւով կը գրուէր նաեւ Եւրոպայի տարածքին, յատկապէս Ֆրանսայի, Անգլոյ եւ Իտալիոյ մէջ, որոնք եղած են մեր առաջին բնօրինակները ոչ միայն թուագրումի, այլ ուրիշ մարզերու մէջ եւս, օրինակ՝ կէտադրութեան, գլխագրումի եւ այլն:
Այն օրէն ուր մեր մէջ նոր-նոր որդեգրուեցաւ աւանդական վերոնշեալ ոճը, համաշխարհային գետնի վրայ արդէն կը տիրէր երկփեղկուած կացութիւն մը, ի դէմս ամերիկեանին, որ որդեգրած է մայիս 5, 1724 գրելաձեւը, որ բաւական զարմանալի է, քանի որ «Մայր ցամաքը», իմա՝ Անգլիան, կը հետեւի եւրոպականին: Եւ Միացեալ Նահանգներու հզօրացումով հետզհետէ տարածուեցաւ թուագրումի ամերիկեան ոճը եւս՝ նախ իր ծոցին ապրող այլազան փոքրամասնութեանց մէջ, ապա անկէ դուրս, ի սփիւռս աշխարհի:
Այսօր երկփեղկուած է հայութիւնը եւս:
* * *
Թուագրումի հնագոյն վկայութիւններէն մէկը կը գտնենք մեր առաջին թերթին՝ «Ազդարար»-ի մէջ, որ հրատարակուեցաւ Հնդկաստանի Մադրաս քաղաքին մէջ, 1794−1796, ընդամէնը 18 թիւ: Առաջին թիւի մէկ նամակին մէջ կը գտնենք 7 Նոյեմբերի.1793 թուականը, իսկ չորրորդ թիւին մէջ՝ 1793: Յունիսի 20: Ինչպէս կը տեսնենք յարգուած է «օր-ամիս-տարի» հերթագայութիւնը, առաջինը՝ ուղիղ, երկրորդը՝ շրջուած: Օտարոտի են միջակէտն ու վերջակէտը:
Յաջորդ թերթը «Ազգասէր»-ն է, որ հրատարակուած է Պոլիս՝ 1848−1852: Այստեղ կը գտնենք՝ 1848. Աւգոստ 16 եւ 1848 Յունիս 24: Ուրեմն նախորդին վերջակէտը դարձած է միջակէտ, իսկ վերջին օրինակին մէջ ան ալ ջնջուած է:
Նկատել նաեւ Աւգոստ ամսանունը. նման օտարոտի ամսանուններ հաւասարապէս կը գտնենք թէ՛ «Ազդարար»-ի, թէ՛ «Ազգասէր»-ի մէջ, ինչպէս՝ Ջուլայ, Նիսան, Շբաթ եւ այլն:
1852-ին Կարապետ Իւթիւճեան կը հիմնէր առաջին ազգային-քաղաքական օրաթերթը, որ կարգ մը ընդհատումներով ապրեցաւ մինչեւ 1908: Առաջին թերթի ճակատին, բոլորովին ձախ անկիւնը կը գտնենք ամիս-օր-տարի հերթագայութիւնը. օրինակ՝ Յունուար 7 1853: Ասոր զուգահեռ կը գտնենք յօդուածներ, որոնք տարբեր թուագրում ունին. օրինակ՝ առաջին տարուան 47-րդ թիւին մէջ կը գտնեք նամակ մը, որ թուագրուած է՝1852 դեկտեմբեր 9: Իսկ ժամանակին հետ կը փոխուի ճակատի թուականը եւս. օրինակ՝ 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1860, այլուր՝ 1885 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 12, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ1807: Նոյն ոճով կը թուագրէ Պարոնեանի «Մեղու»-ն, օրինակ՝ 1874 ՄԱՐՏ 9, «Բիւզանդիոն»-ը՝ 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1806 եւ այլն. ինչպէս նկատելի է, կայունացած է արդէն օր-ամիս-տարի աւանդոյթը:
Այս բոլորէն վեր մեր վաւերագոյն աղբիւրը կը նկատենք Հայոց պատմութեան գրաբար գիրք մը, որ հրատարակուեցաւ 1871-ին, հեղինակութեամբ Աւետիս վրժ. Պէրպէրեանի, որ Պատրիարքարանի քարտուղարն էր. իր պատմութիւնը փաստօրէն պատրիարքարանի տարեգրութիւնն է, որ կը սկսի 1772-էն, այսինքն՝ ճիշդ հոնկէ, ուր Միքայէլ Չաչմչեան կ’աւարտէ Հայոց պատմութեան իր եռահատոր կոթողային գրաբար գիրքը: Ուրեմն այս գիրքին յառաջաբանը կը կրէ «22 Դեկտեմբեր 1870» թուականը, այնուհետեւ ամբողջ գիրքի երկայնքին կ’որդեգրէ «1800 ապրիլ 22» միասնական կաղապարը:
Այս բոլորոին մէջ բացառութիւն կը կազմէ «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց»-ը, որ միսիոնարական երկշաբաթաթերթ մըն էր, որ տարբեր անուններով եւ կարգ մը ընդմիջումներով հրատարկուեցաւ 1839−1914, մինչեւ Եղերռնը: Այս հրատարակութեան թիւերը կը կրեն հետեւեալ թուարկումը՝ ՅՈՒՆԻՍ 1 : 1845 --- ՅՈՒԼԻՍ 1 . 1854 --- ՄԱՐՏ 1 , 1911 --- ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1 , 1923 ՝ ի վերջոյ բոլորոին նոյնանալու համար ամերիկեանին հետ, որ բերուածներուն վերջին երկուքի կաղապարն է:
Եթէ մինչե Եղեռն կարելի եղաւ զգալիօրէն խուսափիլ, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուող գաղութներու մէջ թուարկումի ամերիկեան ոճը սկսաւ անարգել տիրել:
--«Հայրենիք»-ը առաջին մէկ օրէն կ’որդեգրէ զայն ու այնուհետեւ ոչ մէկ ետդարձ կ’ընէ. այսօր ալ ան բացարձակապէս կը մերժէ ամերիկեանէն տարբեր թուարկում:
--«Պայքար»-ը ինք որդեգրած է ամերիկեան ոճը, սակայն միւս կողմէ կը յարգէ յօդուածագիրին թուարկումը, եթէ ան հայկական ոճը կիրարկէ:
--«Ասպարէզ»-ը թերթին ճաատին դրած է ՓԵՏՐՈՒԱՐ 22, 2023 իսկ իւրաքանչիւր էջի գագաթը, աջ անկիւնը՝ 22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 2023 . իսկ ինչո՞ւ այս երկւութիւնը՝ չենք գիտեր:
--«Հորիզոն»-ները քաղաքական եւ գրական ըստ ամենայնի կը յարգեն հայկական ոճը:
--«Մասիս» թերթի ճակատին կը դնէ՝ Սեպտեմբեր 1, 1928 նաեւ՝ ԱՊՐԻԼ 22, 2023:
Ասոնք, ըսենք, ամերիկեան ծիրէ ներս, ուր... տեսածնին կը գրեն՝ կա՛մ հայերէնը ընդմիշտ չգիտնալով, կամ ալ պատշաճելու համար շրջապատին: Աղէկ, սակայն ի՞նչ ըսենք «Ժամանակ»-ին, որ Պոլիս նստած ամերիկեան ոճին կը հետեւի: Այս հարիւրամեայ պատկառելի թերթը իր ճակատին կանոնաւորապէս կը դնէ, օրինակ՝ «Հինգշաբթի 27, Ապրիլ 2023», ուր ստորակէտը պէտք է դրուի օրանունին կից՝ «Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2023»: Այս չէ միայն. բոլոր յօդուածները կը թուագրուին ամերիկեան ոճով. ասոր հաւատարիմ հետեւորդներէն է ոմն Մաշտոց քահանայ Գալփագեան, որ կը թուագրէ, օրինակ, այսպէս՝ «Ապրիլ 26 2023». եթէ քահանան այսպէս թուագրէ, ալ ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ թուագրէ հասարակ մահկանացուն: Իսկ այս բոլորին ետին կանգնած է մեր ամենաձեռնհաս լրագրողներէն մէկը՝ «Ժամանակ»-ի ներկայ տնօրէնը՝ Արա Գոչունեանը, որ իր բոլոր խմբագրականները կը թուագրէ «ամիս-օր-տարի» հերթագայութեամբ, վերջինը՝ Ապրիլ 4, 2023՝ վայրագօրէն խայտառակելով թէ՛ մեր ազգային աւանդո՛յթները, թէ՛ «Ժամանակ»-ի հիմնադիրներունը, որոնք թերթի 15.636-րդ թիւը, օրինակ, համարակալած են՝ 31 դեկտեմբեր 1950:
Մրցոյթ 118.
***Փորձէ՛ բարելաւել հետեւեալներուն շարադասութիւնը.
---Եթէ թեկնածուն տկար է, կարելի է յառաջացնել անոր զօրակցող խմբակ մը:
---Այսօր Ամմանի մէջ պիտի գումարուի Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին (գործոց) նախարարներու ժողովը:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Ուքրանական պատերազմի արդիւնքը պիտի որոշուի այս հակայարձակումի հիմամբ:
****Հետեւեալին մէջ կը գտնուի սխալ կիրարկուած բառ մը. ընդգծէ՛ զայն.
---Ան կը յատպանշուի իր շրջապատին բերած անվարան[1], անհաշիւ ու այլազան օգնութիւններով: (Անվարան-ը մակբայ է, պէտք եղածը ածական մըն է):
***Ընդգծէ՛ աւելորդ բառը.
---Կոչ կ’ուղղեմ շարունակելու խաղաղութեան վերականգնումի ջանքերը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (9), Համբարձում Յարթունեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան(5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8), Գրիգոր Սիմոնեան(4):
Մրցոյթ 119.
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մամուլի հետեւեալ գոհարները.
---Ան մաղթեց, որ ժողովը նախապայման կը նկատէ գաղթականներու տունդարձը:
---Գաղութարար կին մը մահացած է, երբ անծանօթ մը կրակ բացած է իր ուղութեամբ:
---Ոմանք կ’ուզեն մեր փոխարէն որոշել եւ զարգացումի որեւէ կարելիութիւն արգիլել:
---Իրան պիտի օգնէ, որ կարելի ըլլայ գործադրել Լիբանանի յոյսերն ու ձգտումները:
---Արիւնը ամէնէն թանկ բանն է, որ մարդ կրնայ իր եղբայրը եղող մարդուն տալ:
Արմենակ Եղիայեան