image

Հայերէնը կը զուարճանայ (101)

Հայերէնը կը զուարճանայ (101)

Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, թէ ինչպէս կարգ մը բառերու սկզբնաձեւը  կը նոյնանայ  անոնց սեռական հոլովով  եւ ոչ թէ ուղղական. Այսպէս՝  մասն-մասան, ակն-ական, ամառն-ամարան զոյգերուն սկզբնաձեւերն են մասան, ական, ամարան: 

Բայերը  իրենց կարգին   ունին ժամանակ մը՝ անցեալ կատարեալը, ուր երեւան կ’ելլէ անոնց բնիկ, հարազատ ձեւը, որ այլուր՝  միւս եղանակներու ու ժամանակներու մէջ կրնայ քողարկուած ըլլալ տարբեր  ձեւերու տակ:

Օրինակ՝ մենք կը խոնարհենք կը զարնեմ-կը զարնես-կը զարնէ, որոնց մէջ  արմատ կը ձեւացնէ  զարն, որ հասուն աաշկերտնրու պարագային իր կարգին կրնայ  ներկայացուիլ  զար ձեւով՝ ընդունելով, որ ն  բաղաձայնը ածանց է. ուրեմն՝ զար-ն-եմ:

Բային անորոշ ձեւն ալ՝ զարնել, ձեւով մը կը հաստատէ այս ենթադրութիւնը:

Բայց ահա սխալ է այս  մեկնութիւնը:

Բայիս անցեալ կատարեալին մէջ յանկարծ երեւան կ’ելլէ այլ արմատ մը, որ է զարկ. արդարեւ՝ զարկ-ի, զարկ-իր, զարկ-աւ, ուր տակաւին  անյայտացած է ն ածանցը :

Եւ իրօք ալ ան զարկ է. բայիս գրաբար սկզբնաձեւը արդէն զարկ-ան-ել էր, աշխարհաբարի մէջ ան մաշած է. մէկ կողմէ արմատը կորսնցուցած է ծայրային բաղաձայնը՝ կ, միւս կողմէ՝  ան ածացը դարձած է ն, եւ աշխարհաբարը ժառանգած է զար-ն-ել: 

Սակայն երեւոյթը միայն աշխարհաբարին յատուկ չէր. գրաբարը ինք եւս ունէր նմանները. օրինակ՝ բառնալ եւ դառնալ: 

Արդարեւ, գրաբարը կ’ըսէր բառնամ-բառնայի եւ բարձի. դարնամ-դառնայի եւ  դարձայ :

Ուրեմն կատարեալը կը ցուցաբերէ ձ բաղաձայնը, որ անհետացած է ոչ միայն սահմանականի ներկայ եւ անկատար ժամանակներէն, այլեւ նոյն ինքն բային սկզբնաձեւէն, որ նմանապէս զուրկ է անկէ:  Այս ալ կը նշանակէ, թէ մեր լեզուն իր  պատմական   մէկ փուլին  ունեցած է բարձնալ եւ դարձնալ ձեւեր, որոնք Մեսրոպին հասած են բառնալ եւ դառնալ տարազներով:

Նոյնպիսի կացութիւն կը պարզեն բանալ եւ թանալ բայերը, որոնք մէկ կողմէ կու տան բանամ-թանամ, միւս կողմէ՝ բացի եւ բացայ, թացի եւ թացայ: Ուրեմն ենթադրելի է, որ ասոնց հեռաւոր արմատները եղած են բաց եւ թաց, իսկ բայերը՝ բացանալ եւ թացանալ:

Անշուշտ աշխարհաբարը  նոյնութեամբ ժառանգած է զանոնք:

Այս բնիկ ձեւերը մի՛այն կատարեալին յատուկ չեն, անոնք կը գտնուին նաեւ հրամայականի մէջ, որ կու տայ՝ զա՛րկ, բա՛րձ, դա՛րձ: Աշխարհաբարի մէջ՝ զա՛րկ, բարձի՛ր, դարձի՛ր: Նմանապէս միւսները՝ բա՛ց, թա՛ց եւ այլն:

Բնիկ ձեւերը կը գտնենք դերբայներու մէջ եւս՝ զարկեալ, զարկող,  զարկած...բացեալ, թացեալ եւ այլն: 

                                                                                     *    *    *

Վերոբերեալներու կողքին ունինք բայեր, յատկապէս միավանկ, որոնց ստուգաբանութիւնը կը շլմորէ մեզ. օրինակ՝  գալ, լալ, տալ:

Ասոնց ներկան կու տայ գամ, լամ, տամ:

Աղէկ, ի՞նչ է ասոնց արմատը, եթէ նկատի ունենանք, որ ալ-ը բայական լծորդն է եւ մաս չի  կազմեր բայի արմատին կամ հիմքին: Անդին իբրեւ բայական արմատ  կը մնան գ, լ, տ հնչիւնները, որոնք ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ըստ ինքեան, եւ ուրիշ առեղծուած մըն ալ այս է, թէ անիմաստ հնչիւնները ինչպէ՞ս կրնային դիմային վերջաւորոթիւն ստանալ եւ... շօշափելի գործողութիւններ ցոյց տալ: 

--Գալ: Պակասաւոր բայ է, ունի միայն գամ-գաս-գայ եւ գայի-գայիր-գար. մնացեալը կ’ամբողջացուի եկ իմաստակիր արմատով, որ իր կարգին պակասաւոր բայ մըն է՝ եկայ-եկո՛ւր-եկող-եկած-եկեր:

--Լալ: Լիարժէք բայ է՝ լամ-լայի-լացի-լա՛ց-լացող-լացած-լացեր:    

--Տալ: Նմանապէս ամբողջական է՝ տամ-տայի-տուի-տո՛ւր-տուող-տուած-տուեր:     

Ասոնք, զրկուած ըլլալով հանդերձ իմաստակիր արմատներէ (բացի եկ-էն) կը յաջողին կազմել ածանցաւոր եւ բարդ բառեր՝ ի գործ դնելով իրենց դիմաւոր ձեւերը,  ինչ որ մեր արմատակիր  բայերուն համար աներեւակայելի բան է.  օրինակ՝

--Գալ՝ հետագայ, ապագայ եւ այլն, ուր օտագործուած է գայ դիմաւոր ձեւը:    

--Լալ՝   լացադէմ, լացակցիլ, լացկան, նաեւ՝ լալկան, ուր օգտագործուած է կատարեալի լաց հիմքը կամ հրամայականը եւ անորոշ դերբայը:    

--Տալ՝ պատասխանատու, հարկատու, տրական, խաչատուր եւ այլն, ուր օգտագործուած  են տու եւ տուր, որոնք  գրաբարի անցեալ կատարեալի եզակի ա. եւ բ. դէմքերն  են պարզապէս՝ (ե)տու-(ե)տուր-(ե)տ :   

--Դնել: Ամբողջական ածանցաւոր բայ է՝ դ-ն-ել.  կու տայ՝ դնեմ-դնէի-(ե)դի-(ե)դեր-(ե)դ-դի՛ր- (ե)դեալ: Աշխարհաբարին յատուկ  են՝ դրի-դնող-դրած-դրեր:

Իր ածանցաւոր եւ բարդ ձեւերը  կը հիմնէ դիր-ի վրայ, որ գրաբարեան հրամայականն է, որով կազմուած է աշխարհաբարի կատարեալն ու հրամայականը եւս. օրինակ՝ հարկադիր, պսակադիր, թագադիր, անուանադիր, ուսադիր, էջադիր եւ այլն:  

--Կալ: Գրաբարեան լիարժէք բայ էր՝ կամ-կայի-կացի-կա՛ց-կացեալ: Աշխարհաբարը   ժառանգած է մի՛այն ներկան եւ անկատարը՝ կամ-կայի, եւ ուրիշ ոչինչ:

Բաղադիր ձեւերը   կազմուած են  գրաբարեան կալ անորոշ դերբայով,  կայ դիմաւորով եւ կաց հիմքով. օրինակ՝ կողմնակալ, կուսակալ, տեղակալ, հեռակայ, մօտակայ, կայուն, կայարան, կայք, վերակացու, կացարան եւ այլն:  

---Գոլ: Գրաբարեան պակասաւոր բայ մըն էր իր ուրոյն լծորդութեամբ՝ գ-ոլ: Կը նշանակէ գոյութիւն ունենալ. գոյ=գոյութիւն ունի, կայ:   Գրաբարի մէջ կու տար՝ գոմ-գոս-գոյ եւ գոյի-գոյիր-գոյր, նաեւ ապառնի մը՝ գուցէ:    

Բաղադիր ձեւերը կը կազմէ ներկայի եզակի երրորդ դէմքով՝ գոյանալ, գոյական, գոյութիւն, գոյակից, գոյառութիւն եւ այլն: Բաց աստի՝ գոյ  կ’ընկալուի  իբրեւ գոյական  եւ ածական,  որմէ  ունինք անգոյ  հականիշ ածականը: 

Ասոնք այնպիսի բաղադրութիւններ են, որոնք բացառուած են լիարժէք բայերու պարագային:  Կարելի՞ է երեւակայել ածանցաւոր կամ բարդ բառեր, որոնք կազմուած ըլլան  երգէ, պարէ, վազէ, քալէ եւ նման դիմաւոր ձեւերով:    

 

Մրցոյթ 93.

            ***Ստորեւ բերուած կառոյցները թերի են. սրբագրել զանոնք:

 

            --- Սիրուած  երգիչը կը պատրաստուի կրկին հանդիպելու հանրութեան (հետ):

 

            --- Անոնք դատ բացին Անգարայի դէմ՝ պահանջելով միլիոնաւոր դոլարի հատուցում:

 

            --- Տարբերութիւնը զգալու համար՝ կը բաւէր քանի մը անգամ փորձել եւ չափել արդիւնքները:

 

            --- Ըստ թերթին՝ նախարարնե՛րն են, որ մղած են նախագահը պատերազմ յայտարարելու:

 

            --- Ազգային արժէքները օրն ի բուն կը փորձեն վարկաբեկել:     

Մրցոյթ 94. 

*** Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները ըստ ճաշակիդ.   

---Այս հաւաքածոն 15 տարուան յամառ ու տքնաջան աշխատանքի հետեւանքով  գոյացած է:   

---Ձեր անակնկալ ելոյթները այն օրերուն  որոշ հակազդեցութեան ալ տեղի տուած էին։ 

---Սթրազպուրկ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրած է:

***Լրացո՛ւր յարմար շաղկապով.

---Անոնք ոչ այնքան հաշտութիւն,..........  իրենց ինչքերու վերատիրացումը կը ցանկան:

---Անոնք ոչ թէ հաշտութիւն,............իրենց ինչքերու վերատիրացումը կը ցանկան: 

 

 

Արմենակ Եղայեան