image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (17)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (17)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (17)

Կանթեղ (թիւ 413)

«Կանթեղ»-ը   Մոնրէալի՝ Քանատա,  էջմիածնական թեմի պաշտօնական կայքն է, որուն գլուխը կը գտնուին ինչ-որ Աբգար եպսկ.  Յովակիմեան անուն արեւելահայ առաջնորդ մը եւ Գաբրիէլ Վարդանեան անուն   արեւմտահայ քահանայ մը:

Այս երկուքը ձեռք-ձեռքի տուած՝ սանձարձակօրէն տեղիք կու տան լեզուական ամենամեծ խայտառակութիւններու, որոնց նմանը չենք գտներ մեր մոլորակի ոչ մէկ կէտին վրայ եւ այնպիսի   գաղութի մը մէջ, որ կը պահէ չորս՝ եթէ ոչ՝   անթերի, առնուազն՝  օրինակելի ու արժանապատիւ թերթեր՝ քաղաքական եւ գրական,  եւ սփիւռքի լաւագոյն վարժարաններէն մէկ քանին՝ հայերէնի պարկեշտ իմացութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը  ունեցող անձնակազմով:

Ահա այս առաւելութիւններով օժտուած գաղութի մը մէջ տարին 12 ամիս հանրութեան կը մատուցուին ստորեւ բերուած   լղրճուկները:

                                                        *   *   *

***Աստուած ստեղծեց մարդուն:

---Աստուած ստեղծեց մարդը:

***Անոր դրաւ դրախտին մէջ:

---Զայն դրաւ դրախտի մէջ:

***Ադամն ու Եւան երկար չի մնացին:

---Ադամն ու Եւան երկար չմնացին:

***Օձը համոզեց անոնց:

---Օձը համոզեց զանոնք:

***Մարդու ամենայ բնական եւ ամենայ հաճելի զբաղմունքը վերածուեցաւ տանջանքի:

---Մարդու ամենաբնական եւ ամենահաճելի զբաղումը վերածուեցաւ...

***Հիսուս Քրիստոսի ծնունդով կը բացուի դրախտի ճանապարհը:

---Յիսուս Քրիստոսի...

Յատկանշական է, որ առաջնորդ եւ երէց չգիտնան  Յիսուս գրել:

***Սուրբ թէոդորոս  զօրեվար

---Սուրբ Թէոդորոս զօրավար

***Ճաշերը կը մատուցեն մասնաւոր անձիք:

---Ճաշերը կը մատուցեն մասնաւոր անձինք:

Հայերէնը ոչ մէկ ատեն ունեցած է անձիք:

Գրաբարը կ’ըսէր՝ անձն-անձինք :

Աշխարհաբարը կ’ըսէ՝ անձ-անձեր :

Ուրիշ ձեւ գոյութիւն չունի:

***Մեր քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ անոր անդամ դառնալու:

---Մեր քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ անոր անդամ դառնալ:

***Նպաստելով անոր զօրացումը...:

---Նպաստելով անոր զօրացումին:

***Հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրէ իրեն սիրեցեալ ամուսնոյն...

---Հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրէ իր սիրեցեալ ամուսնոյն:

***Դէպի հէքեաթի աշխարհ

---Դէպի հեքիաթի աշխարհ

***Լրացուած թերթիկը կրնաք ուղղարկել:

---Լրացուած թերթիկը կրնաք ուղարկել:

***Ստորեւ բերուած նկարը իր այս ուղղագրութեամբ՝ կիրակնորեայ, ունի իր յատուկ ու անխախտ էջը, ուր ան  լոյս կը տեսնէ բոլոր թիւերուն մէջ անխտիր՝ փոխան կիրակնօրեայ-ի, իրենց արեւելահայ առաջնորդին եւ արեւմտահայ ծխատէր քահանային անտարբեր աչքերուն առջեւ:

 

Այս բոլորը մէկ աննշան  մասնիկն են այն համատարած անտարբերութեան, որ Աբգար եպիսկոպոս կը ցուցաբերէ հայերէնի հանդէպ ընդհանրապէս ու արեւմտահայերէնի հանդէպ մասնաւորաբար:

Արեւմտահայութեան հանդէպ... իր կարգին:

Զինք հետաքրքրողը, իմա՝ շահագրգռողը եղած են ու կը շարունակեն մնալ՝ իր եսը, աթոռն  ու պաշտօնը՝ անկէ բխող անձնական բարիքներով: 

Ճիշդ խանութպանի մը հոգեբանութեամբ:  Ու այդքա՛ն միայն:

Այս մարդուն տխուր  կերպարը կ’ամբողջանայ, եթէ աւելցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն՝ իր թեմին հաւաքած նպաստը արգիլեց հասցնել բանակին:

Այստեղ գործուղուած հովիւները տարիներէ ի վեր ուրիշ հեռանկար չեն ունեցած: Սփիւռք պահպանել, լեզու փրկել, ան ալ՝ արեւմտահայերէնը, ոչ մէկ ատեն հետաքրքրած է զիրենք, ճիշդ ինչպէս զիրենք ղրկող Մայր աթոռը օր մ’օրանց չէ հետաքրքրուած Մայր հայրենիքի մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի ապականուող  արեւելահայերէնի  աղէտալի կացութեամբ:

Մինչեւ օրս ոչ մէկ սրտցաւ անդրադարձ ցուցաբերուած է առ այդ եւ   ոչ մէկ բառ  գրուած է մինչեւ հիմա պաշտօնաթերթ «Էջմիածին»-ի էջերուն:

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ հոն, ուր աշխարհի բոլոր աղանդները ազատօրէն խուժած են խաթարելու Լուսաւորիչի ս. եկեղեցին՝ նոյնինքն այդ եկեղեցւոյ անարժան իշխանաւորներուն անզգայ ու անտարբեր քիթերուն   տակ:

Ամէն տեղ են անոնք, ամէն դաւի ու սադրանքի մէջ՝ բացի գտնուելէ հոն, ուր Սահակ եւ Մեսրոպ պիտի  ցանկային տեսնել զիրենք, եւ  Հայոց պատմութիւնը պի-տի  փափաքէր  առաջնորդել իրենց քայլերը:

 

Մրցոյթ 16.

***ԻՆչպէ՞ս պիտի ուզէիր գրուած տեսնել հետեւեալը.

---Ամբողջութեամբ սիւննի մարտիկներէ բաղկացած բանակայիններու ալե- ւիաբնակ վայրեր տեղադրումը անխուսափելի դարձած էր դարձուցած էր բռնութիւնը:

---Ամբողջութեամբ սիւննի մարտիկներէ բաղկացած բանակայինները ալե- ւիաբնակ վայրեր տեղադրուելով  անխուսափելի դարձած էր դարձուցած էին բռնութիւնը:

 

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.

---Մենք երաշխիքներ կʼուզենք, որ  30-օրեայ հրադադարի ընթացքին Ուքրանիա զօրահաւաք պիտի չկատարէ, պիտի չվերապատրաստուի եւ զէնք պիտի չստանայ:

***Սրբագրէ հետեւեալին քերականական սխալը.

---Զինադադարի հովանաւորները բոլոր ջանքերը կը թափեն՝ ստիպելու համար Իսրայէլը  գործադրելու զայն:

***Ինչպէ՞ս կը սրբագրես հետեւեալ սխալ կառոյցը.

---Անհաւատալի է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ կամ  եւրոպացի   եւրոպական այլ  ղեկավարի՝ Թուրքիոյ հետ սեղանակից ըլլալու իրողութիւնը: 

***Վերաշարադրէ  հետեւեալը.

---Հարկ է, որ Լիբանանի դիմագրաւած   ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնըէ դառնայ  փրկութեան  առաքելութիւն մը:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (3), Ցոլակ Ապտալեան (5), Միռնա Սիւլիւքճեան(7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5),Եփրեմ Թոքճեան (5),Համբարձում Յարթունեան (2):

 

Մրցոյթ 17.

***Ջնջել հետեւեալներուն մակաբոյծ բառերը.

---Անդրադարձանք վերաշինութեան եւ անոր  համար  անհրաժեշտ եղող բարեկարգումներուն:

---Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Լիբանանի կեդրոնական դրամա-տան յաջորդ տնօրէնի նշանակշան հարցը: 

***Կրնա՞ս  երկու աւելի կոկիկ ձեւերով  ըսել հետեւեալը.

---Բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը արգիլելու համար զինեալներուն լիբանանեան հողեր մուտք գործելը:

***Գտնել  հետեւեալին անհամասեռութիւնն ու սրբագրել զայն.

---Այս անգամ հետը տարաւ հիւանդ կինը եւ միամեայ աղջկան:

***Սրբագր է՛ հետեւեալին  քերականական եւ շարադասական սխալները:

---Այն, ինչ որ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ’ունենան, չի կրնար շարունակուիլ:  



Արմենակ եղիայեան 
armenag@gmail.com

                                                                                 

                              =============

Յետագրութիւն

Մրցոյթ 15-ին Դանիէլ Թիւֆենքճեանի պատասխանները անծանօթ պատ-ճառներով չեն հասած ինծի: Ուրեմն այդ մրցոյթին ան կը ստանայ 10: