Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ պիտի ունենայ։ Համապատասխան որոշման նախագիծն այսօր ընդունուած է կառավարութեան նիստի ժամանակ։
Նախագիծը մշակուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ:
«Նախագծի ընդունումը հնարաւորութիւն կը ստեղծի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համար ՄԱԿ-ում պաշտպանութեան հարցերով կցորդի միջոցով արդիւնաւէտ աշխատանքի համար, կը նպաստի ինստիտուցիոնալ կապերի հետագայ ամրապնդմանը եւ զարգացմանը, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ ռազմաքաղաքական փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնների ընդլայնմանը»,-ըսուած է որոշման նախագիծին մէջ:
Որոշման նախագիծին մէջ նաեւ նշուած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ պաշտպանութեան հարցերով ՀՀ կցորդը, որ պիտի իրականացնէ միջազգային կազմակերպութեան հետ ռազմական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համադրման եւ համակարգման աշխատանքները, պիտի ամրապնդէ երկկողմ փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ համագործակցութեան հեռանկարային զարգացման վերաբերեալ առաջարկութիւններ: