Պաշտօնական Պաքուն օրինական իրաւունք ունի Հայաստանէն փոփոխութիւններ պահանջելու իր Սահմանադրութեան մէջ, որ «տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ». այդ կը շարունակէ մնալ վերջնական խաղաղութեան ստորագրման առանցքային պայման: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն:
Հաճիզատէն նշած է, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ատրպէյճանա-հայկական խաղաղ գործընթացի հարցով միջազգային հանրութիւնը «մոլորեցնելու հերթական փորձ են»:
«Նոյնիսկ Հայաստանի Սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածին մէջ նշուած Հայաստանի զինանշանը կ՚արտացոլէ տարածքային պահանջներ Հայաստանի ներկայիս հարեւաններու նկատմամբ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 15 մայիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, պատասխանելով Ատրպէյճանի հանրային հեռուստաընկերութեան լրագրողի հարցին, ըսած է, որ դեռ չունինք Սահմանադրութեան նոր նախագիծը. «Մենք վերլուծել ենք մեր Սահմանադրութիւնը եւ գիտենք, որ այն հարցերը, որոնք բարձրացնում է Ադրբեջանը եւ ակնյայտ է, որ եւ դե-իւրէ եւ մեր Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ մեր գործող Սահմանադրութեան մէջ որեւէ պահանջ չկայ մեր ոչ մի հարեւանի նկատմամբ»: