image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի տնտեսութիւնը դէպի անկո՞ւմ. Արթուր Խաչատրեանի դիտարկումը

Հայաստանի տնտեսութիւնը դէպի անկո՞ւմ. Արթուր Խաչատրեանի դիտարկումը

Եթէ հաւատանք նոյնիսկ պետական պաշտօնական տուեալներուն, ապա տնտեսութեան մէջ ազատ անկումը կը շարունակուի։ Այս մասին Tert.am–ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ ԳՄ անդամ, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը՝ անդրադառնալով տնտեսական ցուցանիշներուն։

«Ունենք տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշի անկում, ունենք ներկրման, արտահանման անկում, տուեալներ կան, որ արտագաղթն է շատացել, ունենք գների էական աճ։ Եթէ սրանից մէկ ամիս առաջ ձէթը հազար դրամ էր, ինչը արդէն իսկ բարձր գին էր, ապա հիմա դա էլ չունենք»,–ըսած է ան։

Արթուր Խաչատրեանը նշած է, որ հակառակ Կեդրոնական դրամատան յամառ ջանքերուն՝ դրամը կը շարունակուի արժեզրկուիլ հիմնական արժոյթներու նկատմամբ։ «Այս ամէնը ցոյց է տալիս, որ տնտեսութիւնն ուղղակի դուրս է եկել կառավարութեան վերահսկողութիւնից եւ ազատ անկման մէջ է, գլորւում է դէպի անդունդ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ցանկացած այլ ոլորտ»,–ըսած է ան։

Արթուր Խաչատրեանն այս ամէնը բնական համարած է՝ հաշուի առնելով կառավարութեան անդամներու պատրաստուածութիւնը, տնտեսական տեսլականի բացակայութիւնը։ Ան նշած է, որ որպէսզի սպառումը մեծնայ, մարդիկ պէտք է գումար ունենան, իսկ մարդիկ գումար չունին։

Արթուր Խաչատրեանը նկատած է, որ կառավարութիւնը ոչինչ կ'ընէ, որ տնտեսութիւնն աշխուժանայ, ներդրումներ չեն ըլլար: «Եթէ որեւէ բան չփոխուի, այս միտումները կը շարունակուեն․ դրամի արժէքը չեն կարողանայ պահել, ինչը կը բերի աշխատատեղերի կրճատման, կը յանգեցնի արտագաղթի։  Երեւան–Մոսկուա  տոմսը մօտ 8–9 անգամ աւելի թանկ արժի, քան Մոսկուա–Երեւան տոմսը, դա խօսում է այն մասին, որ մարդիկ երկրից հեռանում են»,–ըսած է ան։

Արթուր խաչատրեանը, անդրադառնալով կառավարութեան կողմէ թողարկած պարտատոմսերուն, ըսած է․ «Պարտքը բարձրացնում են, որ կարողանան թոշակներ, աշխատավարձեր տալ, գուցէ նաեւ պարգեւավճարներ տան։ Սփիւռքի վստահութիւնն ընկել է՝ կապուած Հայաստանի համահայկական հիմնադրամի աճպարարութեան հետ»։ ՀՅԴ ԳՄ անդամը նշած է, որ պետութիւնը չի կրնար ձեռքերը ծալել եւ կողք քաշուիլ, պէտք է կարողանայ ներդրումներ ընել։ «Նոյնիսկ կառավարութեան մէջ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն չկայ»,–նկատած է ան։