Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը: Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։
Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Լավրենտի Սարգսեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերէն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝
6 անշարժ գոյք.
2 շարժական գոյք.
6 իրաւաբանական անձի մէջ մասնակցութիւն.
շուրջ 2 միլիոն դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդ:
Դատարանի կողմէ կիրառուած են նաեւ հայցի ապահովման միջոցներ: