Հանրապետութեան տարածքին 24 Դեկտեմբերին Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Վայոց Ձորի մէջ, 25-27-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի թոյլ ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ բուք, ցած տեսանելիութիւն: 28-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան կայքը, քամին հիւսիս-արեւմտեան պիտի ըլլայ՝ 3-8 մ/եվ արագութեամբ:
Դեկտեմբերի 25-26՝ յատկապէս գիշերները, օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 13-15, ցերեկները՝ 6-8 աստիճանով:
Երեւանի մէջ Դեկտեմբերի 24-27 ժամանակ առ ժամանակ, դադարներով կը սպասուի թոյլ ձիւն: 28-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Երեւանի Դեկտեմբերի 24-ի բազմամեայ կլիմայական տուեալներ.
• Օդի առաւելագոյն ջերմաստիճան՝ 11.90C (1980 թ.)
• Օդի նուազագոյն ջերմաստիճան՝ -23.30C (2002 թ.)
• Օդի միջին օրական ջերմաստիճան՝ -2.20C