image

Հայաստանի մէջ սպանութիւններու մեծ մասը կենցաղային բնոյթ կը կրէ

Հայաստանի մէջ սպանութիւններու մեծ մասը կենցաղային բնոյթ կը կրէ

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան ներկայացնելով իր ղեկավարած գերատեսչութեան գործունէութիւնը Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նիստին՝ յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ սպանութիւններու մեծ մասը կենցաղային բնոյթ կը կրէ։

2019-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 47 սպանութիւն, ինչ որ 12 աւելի է, քան 2018-ի վերջին 30 տարուան ընթացքին արձանագրուած մրցանշային ցած մակարդակէն: Դաւթեանի համաձայն` 1980-ականներէն վարուող վիճակագրութիւն կայ: Անկէ կը ստացուի հետեւեալ պատկերը. մինչեւ 90-ական թուականները թիւերը երկնիշ են, 90-ականներուն կտրուկ աճ արձանագրուած է` թիւերը դարձած են եռանիշ: 2000 թուականէն թիւերը կրկին երկնիշ են: «Պատճառների վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ մեծ մասը կենցաղային բնոյթ է կրում: Կան նաեւ վենդետաներ: Դրանք յայտնի են հանրութեանը», ըսած է գլխաւոր դատախազը: