«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանի վրայ կը դնէ Երուանդ Կոպէլեանի «Կեանքի եզրին գտնուող խեցգետինը» պատմուածքներու ժողովածուն, որ լոյս տեսած է թրքերէնով եւ հայերէնէ թրքերէնի թարգմանուած հեղինակի որդւոյն՝ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ։
Այս հատորը երկար տարիներ յետոյ կը միաւորէ պատմուածքներու երկու ժողովածուներ՝ «Հայրենիքին կարօտ խեցգետինը» եւ «Կեանքի լուսանցքին», որոնք հայերէնով հրատարակուած էին 1998ին։
Գիրքը կը ձօնուի հեղինակի մահուան 15-րդ տարելիցին, կը ներառնէ ո՛չ միայն արդէն գրքի վերածուած պատմուածքները, այլ նաեւ գործեր, որոնք լոյս տեսած էին տարբեր հրատարակչութիւններու, թերթերու եւ հանդէսներու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին մատնուած էին մոռացութեան։
Կոպէլեանի պարզ լեզուն ընթերցողին կը փոխանցէ Իսթանպուլի կորսուած փողոցներու, աշխատաւոր թաղամասերու եւ առօրեայ կեանքի անանուն հերոսներու ձայնը։ Թաքսիմ հրապարակի Եէֆթալոֆոս սրճարանը, Ռումելի Հիսարի փողոցները, Ղալաթիոյ կամուրջը, Սամաթիոյ «տօլմուշ»ները եւ Իսթիքլալ պողոտայի ջնջուած ստուերները այս պատմուածքներու ընդմէջէն դարձեալ կը կենդանանան՝ գրողին յիշողութեան մէջ պահպանուած Իսթանպուլի հետ։
Գրքի խմբագիրն է Պեթիւլ Պաքըրճը, իսկ շապիկի ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան։ 280 էջնոց ժողովածուն լոյս տեսած է քանի մը օր առաջ։