image

«Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն կորսնցնել՝ Ռուսաստանը». Լաւրով

«Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն կորսնցնել՝ Ռուսաստանը». Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի ղեկավարութեան խորհուրդ տուաւ յիշել ոչ-նախանձելի ճակատագիրը այն երկիրներուն, որոնք յոյս դրած են Միացեալ Նահանգներու վրայ:

Պատասխանելով  այն հարցումին, թէ կրնայ ըլլալ Հայաստան կորսնցնէ Ռուսիան՝ ան ըսաւ, որ Երեւանի մէջ կան քանի մը առաջատար քաղաքական գործիչներ, որոնք կ՛ուզեն նման բեմագրութիւն մը եւ կը նային դէպի Արեւմուտք:

«Գիտէք, հոս կան բազմաթիւ անձեր, որոնք կը փափաքին կորսնցնել Ռուսիան եւ նոր ընկերներ ձեռք բերել», «Թասս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Լաւրով։

Ան ընդգծեց, որ, այնուամենայնիւ, աշխարհաքաղաքական առումով կարելի չէ անտեսել Ռուսիոյ շահերը Անդրկովկասի մէջ:

Լաւրով ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ նման միտք հնչած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ուղերձին մէջ:

Ռուսիոյ դեսպանատունը իր կարգին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Ռուսիա մտադիր է շարունակել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` 2020էն 2022 Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն հիման վրայ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Դեսպանատունը նշեց, որ  ռուսական կողմին,­ որոնց կարգին ռուս խաղաղապահ զօրակազմի  գործունէութեան կիզակէտը կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան մարդասիրական հրատապ հարցերը: