image
Հրատապ լուրեր:

Տաւուշի մարզին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւն աւարտեցաւ մեծ հանրահաւաքով

Տաւուշի մարզին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւն աւարտեցաւ մեծ հանրահաւաքով

Տաւուշի մարզին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւը մայիս 30-ին ամփոփուեցաւ Իջեւանի Ազատամարտիկներու հրապարակին մէջ հրաւիրուած մեծ հանրահաւաքով։

Արձակուրդի մէջ գտնուող ՀՀ վարչապետ, ՔՊ վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանն իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Իջեւանի զբօսայգին, որ բաժնուած էր 16 կտորներու, վերադարձուած է հանրութեան շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ, քան երբեւէ եղած է:

«Իջեւան քաղաքի զբօսայգին, ըստ էութեան, ամբողջութեամբ նորոգուած է, Իջեւանի լեգենդար շատրուանները վերստին աշխատում են, Իջեւանի զբօսայգում կառուցուել է ամֆիթատրոն եւ Իջեւանի զբօսայգու լիճը, որ տասնեակ տարիներով չէր գործում, հիմա դարձել է ժամանակակից լողաւազան երեխաների համար»,-ըսած է ան`աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ այդ նոյն ձեւով վերադարձուած է ՀՀ քաղաքացիներուն, որովհետեւ Հայաստանի քաղաքացին այսօր տէր է, քան երբեւէ, որոշող է, աւելի քան երբեւէ:

«Հայաստանում չկայ որեւէ կազմակերպութիւն, որեւէ այլ ֆորմալ ուժ, որ կարող է աւելի ուժեղ լինել, քան Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը: Իջեւանի զբօսայգին, որ այլեւս չէր պատկանում քաղաքացուն, յեղափոխութիւնից յետոյ վերադարձուեց ժողովրդին: Այսօր որեւէ մէկը չի կարող պարծենալ ժողովրդից աւելի ուժեղ լինելու մէջ»,-ըսած է ան:

Փաշինեանի խօսքով` Տաւուշի մարզին մէջ, մանկապարտէզներ, որ ապօրինի օտարուած եղած են, վերադարձուած են ժողովուրդին:

«Վարչաբենտը» քարոզարշաւի աւարտին կատարած է «Իրական Հայաստան» երգը: Իջեւանի երկինքը զարդարած է տրոն շոուն: