Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ՝
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ Մարոնի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վախճանեալ պատրիարքներէն՝Էլիաս Պութրոս Պատրիարք Ալ-Հոայյէքի երանացումը պատմական եւ խոր խորհրդանշական նշանակութիւն ունի նաեւ հայ ժողովուրդին համար։
1898-1931 տարիներուն Մարոնի պատրիարք եղած Ալ-Հոայյէք, Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ անկումէն ետք, մարդկային ու քրիստոնէական մեծ զօրակցութիւն ցուցաբերեց հայ գաղթականներուն եւ որբերուն։ Անոր բարեացակամ դիրքորոշումը կարեւոր դեր ունեցաւ, որպէսզի 1921-1922 թուականներուն քեմալականներուն յանձնուած Կիլիկիայէն հեռացող հազարաւոր հայեր ապաստան գտնեն Լիբանանի մէջ։
Այդ դժուար օրերուն, Լիբանան հասած բազմաթիւ հայ որբեր ժամանակաւորաբար տեղաւորուեցան մարոնիներու վանքերուն եւ շէնքերուն մէջ, մինչ պատրիարքը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր հայ գաղթականներուն համար գիւղեր տրամադրելու, եթէ ֆրանսական իշխանութիւնները արտօնէին անոնց հաստատուիլ Լիբանանի մէջ։
Այդ շրջանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսն ալ շնորհակալական այցելութիւն մը տուած էր պատրիարքին՝ Ճիպէյլի մէջ։
Այս մասին շահեկան գրառում մը կատարած է նաեւ հանրայայտ պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեան՝ անդրադառնալով Ալ-Հոայյէքի մարդասիրական կեցուածքին եւ հայ գաղթականներուն հանդէպ ցուցաբերած աջակցութեան։
Ստորեւ ՝ գրառումը
ԵՐԱՆԵԼԻ ԷԼԻԱՍ ՊՈՒԹՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱԼ-ՀՈԱՅՅԷՔ
Օրերս, Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ երանացուեցաւ 1898-1931 թուականներուն Մարոնի կաթողիկէ պատրիարք Էլիաս Պութրոս ալ-Հոայյէքը։
Վերջինիս բարեացակամ դիրքը շատ կարեւոր էր, որպէսզի քեմալականներուն յանձնուած Կիլիկիայէն հեռանալ նախընտրած հայ գաղթականներն ու որբերը 1921-1922 թուականներուն կարողանան ապաստան գտնել Լիբանանի մէջ։
Այդ օրերուն, Լիբանան փոխադրուած հայ որբուկները առաջին հանգրուանին ժամանակաւորաբար զետեղուեցան մարոնիներու պատկանող զանազան վանքերու եւ շէնքերու մէջ։ Միաժամանակ, կը հաղորդուէր թէ պատրիարքը առաջարկած էր բազմաթիւ գիւղեր տրամադրել հայ գաղթականներուն, եթէ ֆրանսական գրաւող իշխանութիւնները անոնց արտօնեն բնակիլ Լիբանանի մէջ։
Այդ շրջանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսը՝ Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիպէյլ (պատմական Byblos) քաղաքին մէջ, շնորհակալական այցելութիւն մը տուած է պատրիարքին։