image

«Հայաստանի իշխանութիւնները բոլոր առումներով մեզի վատ անակնկալներու առջեւ դրին». Աշոտ Բագրատունի

 «Հայաստանի իշխանութիւնները բոլոր առումներով մեզի վատ անակնկալներու առջեւ դրին». Աշոտ Բագրատունի

Այս դէպքերը զուգադիպութիւններ չեն, որովհետեւ Վրաստան Ռուսիան կը կապէ Հայաստանի, եւ Պարսկաստանի, որն իր կարգին կապուած է Իրաքի, որ իր կարգին կապուած է Սուրիոյ: Այս յստակ ճամբան էր Ռուսիոյ դէպի Միջին Արեւելք եւ դէպի Միջերկրականի «տաք ջուրեր»: Ուքրանիան ծորակն էր ռուսական կազին դէպի Եւրոպա: Ընդհանրապէս հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական բառամթերքին մէջ սեւի ու սպիտակի հարցը կայ, բայց պէտք չէ մոռնալ որ քաղաքականութիւնը սեւ ու սպիտակ չէ։

 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն կը պատասխանէ  Լիբանանահայ  քաղաքական վերլուծաբան  Աշոտ  Բագրատունի. Վերջինիս հետ խօսած եմ , Լիբանանի, Հայաստանի, տարածաշրջանի կարեւորագոյն զարգացումներուն մասին։

 Ի՞նչ զարգացումներու սպասել։

 Ինչո՞ւ պարտուցանք Արցախի երկրորդ պատերազմը։

 Խաղաղութիւն կամ բնականոնացում, ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կ՚աւարտին սահմանները։ 

 Ու ամենակարեւորը, ի՞նչ հայացքով պէտք է դիտարկենք մեզի համար այդքան կարեւոր երկրին՝ Ռուսաստանի մեծ քայլերն ու շարժումները։

 Այս բոլորին մասին եւ ոչ միայն ...

 Կարդացէ՚ք։ 

 

Արցախեան պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ընթացք առաւ որոշ հետաքրքրութիւն մը արաբական աշխարհին հանդէպ։ Այդ հետաքրքրութիւնը երկողմանի էր: Այսօր սակայն այդ առումով յստակ եւ թիրախային քայլեր չկան: Ի՞նչ է պատճառը:

Առաջին հերթին արաբական աշխարհի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հարցով այս հունին մէջ կ'ուզեմ դնել: 

Հետաքրքրութիւն միշտ տեղի ունեցած է, այն պատճառաւ որ արաբական աշխարհի մէջ ամէն տեղ հայկական գաղութներ կան, եւ այդ գաղութներու աշխուժութիւնը միշտ ալ հետաքրքրութիւն ընծայած է: Երբեմն քաղաքական պայմանները շահաւոր եղած են, որ այդ երկիրները աջակցին հայ դատին, եւ երբեմն ալ ոչ: Արցախեան պատերազմէն առաջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական սրուած էին, Լիպիոյ եւ այլ հարցերով, բան մը, որ հետաքրքրութիւն ընծայեց արաբական աշխարհին մէջ քաղաքականօրէն հարուած հասցնելու Թուրքիոյ: Միւս կողմէ Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնական աշխատանք տարուած էր քաղաքական գետնի վրայ, որ իսլամական եւ արաբական աշխարհի ժողովներուն մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ ոչ թշնամական բանաձեւեր հնչեն: Իսկ յատկապէս Լիբանանի պարագային, մեր ցոյցերէն, մեր հաւաքնրէն ու բացատրութիւններէն յետոյ ամբողջ արաբ քրիստոնեայ զանգուածը ոտքի ելաւ ըսելու, որ Արցախը նոր Կ. Պոլիսն է եւ պէտք է ամէն ինչ ընել պաշտպանելու զայն: Քրիստոնեայ կուսակցութիւնները՝ ըլլան անոնք հայկական կուսակցութիւններու դաշնակից կամ ոչ, այս գետնի վրայ Հայաստանի կողմն էին։ Հայկական գաղութը պետական մակարդակի վրայ ալ կրցաւ որոշ չափով դէպի Հայաստան ուղղել կողմնացոյցը: Բայց եւ այնպէս Հայաստան չօգտագործեց առիթը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները մեզի շատ գէշ անակնկալի առջեւ դրին, եւ «յաղթելու ենք»-ը վերածուեցաւ անձնատուութեան: Բացի քանի մը գործարարներէ, Հայաստանը իբր պետութիւն եւ կառավարութիւն վճռական քայլեր չառաւ դէպի արաբական աշխարհ, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ արաբական աշխարհի մէջ խլրտումները, քաղաքական փոփոխութիւնները եւ իրավիճակի փոփոխութիւնները շատ արագ կ'ըլլան եւ Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ պէտք եղած ժամանակին այդ գործընթացները դրական հունի մը տանիլ: Ապագային երբ արաբական աշխարհի կապերը Թուրքիոյ հետ կրկին բարելաւուին, Հայաստանի կառավարութիւնը։ «արաբական գործօն»ը գործի դնելու առիթէն վերջնականապէս զրկուած կ՚ըլլայ։ 

 

Արցախեան պատերազմէն առաջ, եւ Տաւուշի մէջ եղած ռազմական գործողութիւններու օրերուն տարբեր մեկնաբաններ անդրադարձ կատարեցին կազի խողովակաշարերու նոր դասաւորման մասին։ Այս մասին լսած է՞ք։ Եւ ինչ կը կարծէք սպասելի էր, որ պատերազմը տեղի ունեցաւ նաեւ «կազի հաշիւներ»ու հետեւանքով։ 

 Մեր շրջանի արդի պատմութիւնը դիտարկելէ ետք, արդէն պարզ կը դառնայ, որ կազատարերը պատճառ եղած են պատերազմներու, իշխանափոխութեան, նոր դասաւորումերու, բայց այս անգամուայ պատերազմը իմ կարծիքովս քիչ մը կազի հաշիւներէ աւելի մեծ պատերազմ մըն էր եղածը։ Կազի հաշիւները անշուշտ գործօն են, եւ իրականութիւն է որ Եւրոպան կազի «ծարաւ» է, նաեւ իրականութիւն է որ Ռուսաստան կազի հիմնական արտադրողն է, եւ այդ կազը Ուքրանիայէն կ'անցնի եւ գիտենք ինչ կը կատարուի այնտեղ: 

Արցախի առաջին պատերազմէն ի վեր արդէն յատնի էր որ ոչ միայն կազի այլ կազատարերու հաշիւներ կային: Կայ Ատրպէյճան Վրաստան Թուրքիա եւ անկէ դէպի Եւրոպա գացող կազատարի խնդիրը, որ Ռուսիոյ հաշւոյն չի գար: Կան ուրիշ շատ հաշիւներ, որոնց մասին պէտք է մտածել, թէ ինչու առաջին պատերազմին իսկ մեր ձեռքը չմնացին Գետաշէնը, Շահումեանը: Եւ նկատի ունենալով, որ մենք երբ կարողութիւնը ունեցանք հարուածելու կազատարերը, ինչու յանկարծ ղարաբաղեան պատերազմին այսքան դաժան ձեւով վերջ դրուեցաւ: 

 

Լիբանանը նոյնպէս ունի կազի իր պաշարները արտահանելու լուրջ խնդիր: Այսօր ի՞նչ հունի է այդ հիմնահարցը, մանաւանդ, որ Լիբանան պարտաւոր է այդ պարագային (կազը արտահանելու պարագային) ինչ որ կերպ խօսիլ կամ «հասկցուիլ» իրեն թշնամի համարուող Իսրայէլի հետ։

Լիբանանի կազի պարագային, ան փոքր երկիր է եւ կարողութիւն չունի այդ կազը արտահանելու, եւ յստակ է, որ պէտք է ունի այլ երկիրներու նեցուկին: Բայց կան հարցեր, որոնք հանրութեան ծանօթ չեն: Ըստ British petroleum-ի Լիբանանի կազի հանքը, մանաւանդ «Պլոք 4» անունով յայտնի հատուածը , շրջանի ամէնէն մեծ կազի հանքերէն մին է։ Այս մէկը նոր պատկեր կը ստեղծէ։ Այն իմաստով, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «կազային պատկեր»ով Եւրոպայի կազը այլեւս կախեալ չըլլար Ռուսիայէն, ոչ ալ պէտք ունին հսկայական կազատարեր ու ինչպէս՝ Քաթարէն Սուրիա, Իրաքէն Սուրիա, Իրանէն Սուրիա, Ատրպէյճանէն Թուրքիա, որովհետեւ արդէն Միջերկրական ծովուն մէջ մեծ քանակութեամբ կազ գոյութիւն ունի: Այս բոլորը պատճառ եղան որ ակռաներ սրուին դէպի լիբանանեան, սուրիական եւ եգիպտական ծովեզերքները, որոնք մանաւանդ թրքական ակռաներ են, որովհետեւ Թուրքիոյ բաժին չինկաւ այդ կազէն: Պայքար կայ, թէ որ երկիրներու ընկերութիւնները պիտի արտահանեն այդ կազը: Շատ մը տնտեսագէտներ կ'ըսեն, որ Լիբանանի վրայ այսօրուայ ամերիկեան բանեցուած ճնշումներուն պատճառներէն մին այն է, որ Ամերիկային բաժին չելաւ այստեղի կազի արտահանման ծրագրէն: Թշնամի Իսրայէլին հետ Լիբանան ծովային հարց ունի, ուր կազ գոյութիւն ունի, այդ հարցը անուղղակիօրէն կը լուծուի կամաց-կամաց: Այս պարագային պէտք է ըսել, որ նախագահ Աուն իր նախկիններուն չըրածը կրցաւ ընել Լիբանանի իրաւունքը պահանջելով, եւ երկու երեք շաբաթ առաջ լուր մը տարածուեցաւ իսրայէլեան աղբիւրներով, որ 80 տոկոսով Իսրայէլը համաձայն է Աունին ուզածը տալու: Անշուշտ Իսրայէլի ծրագիրը աւելի մեծ նպատակ մը կը հետապնդէ:

 

Արաբական գետնին վրայ երեւելի է նաեւ, որ Արեւմտեան պլոքին ճիգերով մեծ աշխատանք կը կատարուի Իսրայէլի հետ բնականոնացում մը («Թաթպիհ») իրականացնելու համար։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէ Աշոտ Բագրատունին: Նախ որպէս հայ եւ ապա, որպէս Լիբանանի քաղաքացի։

Արաբական գետնին վրայ այո երեւելի է, որ մեծ ճնշում կայ բնականոնացումը իրականացնելու համար, խօսքը Իսրայէլի հետ համաձայնութեան, խաղաղութեան նաեւ սահմանները բանալու մասին է: Նորութիւն չէ, որ պաղեստինեան կամ արաբ-իսրայէլեան հարցը բաւական երկար ու բարդ հարց է, բոլորը փորձած են այդ հարցը լուծել եւ սակայն մինչեւ հիմա որեւէ մէկը չէ կրցած ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամբի օրերուն վերջինիս փեսային Քուշնէրի կողմէ առաջ քաշուած Միջին Արեւելքի ծրագրով։ Շատ մը քաղաքագէտներ կ'ըսեն, որ այդ ծրագիրը իրականութիւն է եւ պիտի ըլլայ այլեւս, որովհետեւ միջազգային որոշում կայ, Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ Եւրոպայի հակամարտութիւնները վերջացնելու եւ անցնելու յաջորդ հանգրուանին, որ հարաւ-արեւելեան Չինաստանի մէջ պիտի ըլլայ:

Բայց հիմնական իրականութիւն մը կայ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի պարագային, որ այս երկու փոքր երկիրները երբեմն իրենց «քիթէն անդին» չեն տեսներ, այսինքն երբ մենք կ'ըսենք թէ մեծ պետութիւնները երկրաժամկէտ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարեն, շատեր երկարաժամկէտը կը կարծեն 10-20 տարուայ վրայ է, բայց իրականութեան մէջ անոնք ոչ իսկ 100 տարուայ ժամկէտներ են, այլ դարերու: Օրինակ Ռուսաստան, անոր արտաքին քաղաքականութիւնը ձարական օրերէն մինչեւ համայնավարութիւն եւ մինչեւ Միջերկրականի «տաք ջուրեր»ը հասնիլը, կը խօսինք 400-500 տարուայ պատմութեան մը մասին, որ վերջապէս Սուրիոյ հարցին պատճառաւ իրականացաւ եւ ան կրցաւ Միջերկրական հասնիլ։ Հիմա ի՞նչ են արդեօք Ռուսիոյ յաջորդ քայլերը «տաք ջուրեր» հասնելէն ետք, անպայման ճանապարհ մը բանալ դէպի իր բանակը Սուրիոյ մէջ եւ Ռուսիայէն յստակ ճանապարհ դէպի Սուրիա կամ Լիբանան:

Այստեղ կ'ուզեմ կարգ մը տարածաշրջանային կէտեր յիշեցնել: Առաջին հերթին՝ Վրաստանի հարցը, ուր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ հեռացաւ ռուսական ճնշումներէ, երկրորդը՝ այդ եղաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ։ Այս դէպքերը զուգադիպութիւններ չեն, որովհետեւ Վրաստան Ռուսիան կը կապէ Հայաստանի, եւ Պարսկաստանի, որն իր կարգին կապուած է Իրաքի, որ իր կարգին կապուած է Սուրիոյ: Այս յստակ ճամբան էր Ռուսիոյ դէպի Միջին Արեւելք եւ դէպի Միջերկրականի «տաք ջուրեր»: Ուքրանիան ծորակն էր ռուսական կազին դէպի Եւրոպա: Ընդհանրապէս հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական բառամթերքին մէջ սեւի ու սպիտակի հարցը կայ, բայց պէտք չէ մոռնալ որ քաղաքականութիւնը սեւ ու սպիտակ չէ։

Ռուսիա ընդդէմ Ամերիկա չէ, Ռուսիա ընդդէմ Եւրոպա չէ, երբեմն մեծ պետութիւններու շահերը կը համընկնին, օրինակ Ռուսիան կազ ունի եւ պէտք է ծախէ, իսկ Եւրոպան կազի պէտք ունի պէտք է գնէ։ Ուրեմն կը համընկնին իրենց շահերը այնտեղ։ Ուքրանական ծորակը մտահոգիչ էր եւ Եւրոպան ու Ամերիկան իրենք իրենց ձեւով այդ հարցը լուծեցին: Տարածաշրջանին մէջ կայ նաեւ կազի խողովակներու այլ ճանապարհի հարց։ Միշտ ծրագիր եղած է Ծոցի երկիրներէն Քաթարէն դէպի Սուրիա կազատար խողովակ կառուցել, որմէ ետք դէպի Եւրոպա հասնիլ, բայց Քաթարը ամբողջովին իրենց տրամադրութեան տակ չէ, նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կամ անկէ առաջ հայրը՝ Հաֆէզ Ասատը, բնաւ արեւմտամէտ հակումներ չունէին, հետեւաբար շատ կարեւոր էր Ասատը կամ հայրը վերացնել, որպէսզի անցնին յաջորդ հանգրուանին: Պարզ է, որ Ուքրանիոյ հարցը եւ Սուրիոյ հարցը իրար հետ կապ ունին: Ունինք նաեւ Ղարաբաղի հարցը, Ղարաբաղն ալ յստակ միջանցքային խնդիր է, Ռուսիայէն դէպի Պարսկաստան անցնելու: Այս օրերուն յաճախ միջանցնքներու մասին կը խօսուի, կայ թրքական միջանցքը դէպի Ատրպէյճան եւ իրենց թուրանական երազը: Նաեւ Ղարաբաղի հիմնահարցին հետ գոյութիւն ունի, Nabucco-ի կազատարը որ վտանգի տակ է այնքան ատեն որ ղարաբաղեան հարցը տակաւին արթուն է: Ունինք Եէմէնի հարցը, ճիշդ է, որ Սէուտական Արաբիան ունի ելք դէպի երկու ծով, բայց եւ այնպէս այդ երկու ծովերը կը հսկուին մէկ կողմէ Քաթարի եւ Պարսկաստանի կողմէ, իսկ միւս կողմէ Եէմէնի: Հետաքրքրական չէ՞ արդեօք, որ այս նշուած երկիրներուն մէջ հիմնական հարցեր կան, եւ այս երկիրները աշխարհաքաղաքականօրէն, ռազմագիտականօրէն համաշարհային տնտեսութան վրայ ազդելու կարելիութիւն ունին, բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այդտեղ խլրտումներ ու պատերազմներ տեղի կ'ունենան:

Ինչ կը վերաբերի բնականանոցումին (Թաթպիհ): Ափրիկէն, հսկայ ցամաքամաս մըն է, ուր թրիլիոն տոլարներու հարստութիւններ կան, եւ որուն հասնիլ կարելի է միայն ծովով կամ օդային ճամբով: Եւրոպան, Ասիան եւ Ափրիկէն իրարու միացած են, բայց ոչ ցամաքային ճամբով, որովհետեւ Սուրիոյ, Լիբանանի սահմանները Իսրայէլի հետ փակ են, գրաւեալ Պաղեստինին հետ փակ են: Եթէ վայրկեան մը մտածենք որ այդ սահմանը բաց է, խօսքը կ'երթայ Ֆրանսայէն մինչեւ հարաւային Ափրիկէ պարզ ճամբաներով, ինքնաշարժով, շոգեկառքով հասնելու կարելիութեան մասին, Ռուսիայէն մինչեւ հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, Չինաստանէն մինչեւ հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, եւ նաեւ խօսքը թրիլիոն տոլարներու հարստութեան մը մասին է, որ պիտի անցնի Եգիպտոսէն, Հրէաստանէն, Պաղեստինէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ սկզբունքով Հայաստանէն եթէ Ղարաբաղի հարցը ի շահ մեզի լուծուած ըլլայ եւ եթէ Սիւնիքը պահուած ըլլայ մեզի։ Այս նկատի ունիմ, երբ կ'ըսեմ փոքր մտածումներ եւ մեծ արտաքին քաղաքականութիւն: «Ռուսիան մեզի ծախեց, Ռուսիան մեզի գնեց, Ամերիկան մեզի ծախեց, Ամերիկան մեզի գնեց» քաղաքական խօսակցութիւն չէ, այլ պէտք է տեսնել թէ շուրջը ինչ տեղի կ'ունենայ եւ անոր համեմատ որոշումներ առնել: Սիւնիքը այսօր մեր ձեռքէն երթալը կը նշանակէ հեռու մնալ այդ միջանցքներէն, կը նշանակէ մեր չշահիլը այդ միջանցքներէն: Ղարաբաղեան հարցը ի վնաս մեզի լուծուիլը կը նշանակէ Ռուսիոյ դէպի Իրան ճամբան խաթարելը, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ Ափրիկէէն դէպի Ռուսաստան ճանապարհներու ստեղծման խաթարումը։

Իմ անձնական կածիքով, Իսրայէլի հետ համաձանութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, ինչպէս որ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, բայց հետաքրքրականը այն է, որ այս երեք պետութիւնները Իսրայէլ, Ատրրպէյճան եւ Թուրքիա ցեղասպան պետութիւններ են, մարդասպան պետութիւններ են, իրատեսական քաղաքականութիւն խաղցող պետութիւններ են, կը ջարդեն կը գրաւեն եւ յետոյ խաղաղութեան մասին կը խօսին, եւ միայն իրենց շահերը ապահովելէ ետք: Այդ իսկ պատճառաւ ներկայ հանգրուանին նեղացուցիչ է երբ Լիբանանի մէջ ծունկի կու գանք օտար պետութիւններու ճնշումներու տակ, եւ երբ այդ ճնշումները բնաւ մեր պետութեան շահերուն օգտին չեն: Այսօր առկայ տագնապը Լիբանանի ծունկի բերելու համար է, որպէսզի «այո»՛ ըսէ բնականոնացումին, «այո» ըսէ իր կազը աժանի ծախելու, եւ ոչ թէ միայն «այո» ըսէ Իսրայէլի հետ համաձայնութեան ու խաղաղութեան, այլ նաեւ այո ըսէ իսրայէլեան պայմաններուն: Ես չեմ կարծեր որ Լիբանանի մէջ որեւէ կողմ կայ որ մերժէ խաղաղութիւնը Իսրայէլի հետ, բայց պայմաններ կան, առաջինը՝ Պաղեստինի հետ համաձայնութիւնն է, պաղեստինեան ժողովուրդին ուզածն է, պաղեստինցի գաղթականներու Պաղեստին վերադարձն է, եւ այդ հարցը իմ կարծիքով Լիբանանի հարցը չէ, պաղեստինեան հարց է, բայց իբր հայ, ինծի համար սկզբունքային հարց է, որ այդ հողը պաղեստինցիին հողն է եւ ինքը կ'որոշէ այդ հողին ճակատագիրը։

Երկրորդ՝ Լիբանանի գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու հարց կայ, ծովային իրաւունքները վրադարձնելու հարց կայ, որմէ ետք միայն կրնանք սկսիլ խօսիլ «Հըզպալլա»ի զէնքին, անոր շրջանային ուժին, եւ Լիբանանի ապահովութեան անվտանգութեան մասին։ Ինչպէս որ Ամերիկային եւ Իսրայէլին կը հետաքրքրէ Իսրայէլի ապահովութիւնը, մեզի համար ալ կենսական է Լիբանանի ապահովութիւնը։Նոյնիսկ պատկերացնենք, որ այս բոլորը եղան, ի՞նչ երաշխիք կայ որ Իսրայէլ կրկին չհարուածէ Լիբանանը։

 Չկայ որեւէ միջազգային օրէնք կամ կազմակերպութիւն որ կրնայ Իսրայէլը կասեցնել, մանաւանդ որ կայ կազի հարստութեան հարցը: Եթէ Լիբանանը կարողութիւնը եւ կարողականութիւնը չունենայ ինքզինք պաշտպանելու ընդդէմ որեւէ թշնամիի, ապարդիւն է մնացեալ նիւթերու մասին խօսիլը: Հարցը ոչ թէ բնականոնացում ընելու կամ չընելու հարց է, ատիկա վերջի վերջոյ պիտի ըլլայ, բայց այդ խաղաղութիւնը ի շահ որու պիտի ըլլայ, եւ որու պայմաններով պիտի ըլլայ:

Հայաստանի պետութիւնը այս բոլոր պայմաններն ու շրջանի մեծ պատկերը չկրցաւ տեսնել, չուզեց տեսնել, եւ իրեն համար ամէնէն կարեւոր պատերազմը պարտուեցաւ: Ես թէ՛ իբր Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կրող անձ, թէ՛ իբր հայ եւ թէ՛ իբր լիբանանցի, չեմ ըսեր որ խաղաղութեան դէմ եմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է իմ պետութեան շահերէն մեկնած եւ իմ պետութեանս նպաստող պայմաններով խաղաղութիւն ըլլայ, ոչ թէ պարտուած ու անձնատրուած առաջնորդի մը ձեռքով գրուած խաղաղութիւն, որ դաւաճանած է երկրին , ժողովուրդին ու բանակին։

 

 Սագօ  Արեան