Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու՝ նոյեմբեր 30-ին նախատեսուած հանդիպումը պիտի կայանայ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի Իջեւանի ու Ղազախի հատուածին մէջ։
«Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։
Նոյեմբեր 22-ին Հայաստանը, արձագանգելով Ատրպէյճանի՝ երկկողմ հանդիպում կայացնելու առաջարկին, յայտարարած է, որ Ատրպէյճանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստ կայացնել երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանին: Այնուհետեւ յայտնի դարձաւ, որ հանդիպման մասին կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են․ այն պիտի կայանայ նոյեմբեր 30-ին։