image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը պիտի կայանայ վաղը՝ Իջեւանի ու Ղազախի հատուածին մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը պիտի կայանայ վաղը՝ Իջեւանի ու Ղազախի հատուածին մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու՝ նոյեմբեր 30-ին նախատեսուած հանդիպումը պիտի կայանայ հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի Իջեւանի ու Ղազախի հատուածին մէջ։

«Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։

Նոյեմբեր 22-ին Հայաստանը, արձագանգելով Ատրպէյճանի՝ երկկողմ հանդիպում կայացնելու առաջարկին, յայտարարած է, որ Ատրպէյճանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստ կայացնել երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանին: Այնուհետեւ յայտնի դարձաւ, որ հանդիպման մասին կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են․ այն պիտի կայանայ նոյեմբեր 30-ին։