Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի 25ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 19ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Ուիլշըր» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ 680 համակիրներու։ Երեկոյին ընթացքին կարելի եղաւ 1.5 միլիոն տոլար գոյացնել՝ համալսարանին կրթանպաստներու հիմնադրամներուն համար:
Տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետութիւնը ստանձնած էին Զաւէն Աքեան եւ Սինան Սինանեան։ Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, որ սոյն համալսարանին հիմնադրութիւնը՝ ամերիկահայ համայնքին եւ ամերիկան իշխանութեանց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուած կարեւորագոյն իրագործումը նկատեց։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը՝ բարեսիրական IDeA հիմնադրամի նախագահ Ռուբէն Վարդանեան, որ իր կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի հետ միասին, մաս կը կազմէ համալսարանի հոգաբարձական կազմին, արտայայտուեցաւ համալսարանին կարեւորութեան մասին՝ զայն երկրին համար «մեծ բախտաւորութիւն» մը որակելով։ Ան նաեւ յայտարարեց, թէ ոչ հայ սուրիացի, լիբանանցի եւ իրաքցի ուսանողներու՝ սոյն համալսարանին մէջ ուսանելու կարելիութիւն ընծայելու նպատակով, կրթանպաստի յատուկ հիմնադրամ մը պիտի հաստատէ, իր երախտագիտութիւնը արտայայտելու համար Ցեղասպանութեան օրերուն հայեր պատսպարած անոնց նախնիներուն։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ համալսարանի 2016ի շրջանաւարտ դասարանին բարձրագոյն միջինը ապահոված ուսանողը՝ Սեդրակ Յովսէփեան, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տալով՝ Երեւան ապաստանած էր։