image

Զուրապիշվիլի նոր ընտրութիւններ պահանջեց

Զուրապիշվիլի նոր ընտրութիւններ պահանջեց

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին մէկ շաբաթ ժամանակ տուած է երկրի կառավարութեան՝ կրկնակի խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու համար։

Այս մասին ան յայտարարած է կիրակի երեկոյեան՝ ելոյթ ունենալով Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի ժամանակ, հաղորդած է «Ազատութիւն»-ը։

Ելոյթ ունենալով Թիֆլիսի մէջ, նախագահը կոչ ըրած է «Վրացական երազանք»ի ոչ պաշտօնական առաջնորդ Պիձինա Իւանիշվիլիին եւ իշխող կուսակցութեան միւս առաջնորդներուն բանակցելու նոր ընտրութիւններու ամսաթիւ նշանակելու շուրջ։

Յիշեցնենք, որ Սալոմէ Զուրապիշվիլին չուզեր մինչեւ դեկտեմբեր 29-ը (նոր նախագահ Միխէիլ Քավելաշվիլիի երդմնակալութեան օր) վար դնել լիազօրութիւնները եւ լքել նստավայրը։ Ան յայտարարած էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութըւնը կը համարէ ոչ օրինական։