image

Հայաստան հաստատուած հալէպահայ հոգեւորականը լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացաւ

Հայաստան  հաստատուած հալէպահայ   հոգեւորականը      լանջախաչ  կրելու  իրաւունք  ստացաւ

Մայր Աթոռի հովանաւորութեան ներքոյ Հայաստանի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող հալէպահայ քահանան ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք: Այս  մասին վերահասու դարձանք Մայր Աթոռի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութէնէն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ Արարատեան Հայրապետական թեմէն ներս ծառայող Տ. Պարգեւ քահանայ Պալգէորգեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ  ձեռամբ ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք: Նշենք, որ խաչի տուչութիւնը տեղի ունեցած  է երէկ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնի առթիւ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին:

 Արարողութեան նախագահած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, եւ արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի տարբեր թեմերուն մէջ սպասաւորող 236 եկեղեցականներ:

Յիշեցնենք, որ  Տ. Պարգեւ  քահանան  մինչեւ իր Հայաստան  հաստատուիլը կը ծառայէր Հալէպի մէջ:

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քիչ չեղաւ թիւը այն հոգեւորականներուն, որոնք ստիպուած եղան լքել Հալէպը: Անոնցմէ է, Տ. Պարգեւ քահանան, որ Հայաստան հաստատուած հալէպահայ կրօնաւորներու ամէնէն աշխոյժ եւ երիտասարդ միաբանն է:

Բարի ծառայութիւն եւ արեւշատութիւն կը մաղթենք քահանայ հօր: