image

Հայաստան այսօր կը նշէ «Սահմանադրութեան օր»ը

Հայաստան այսօր կը նշէ «Սահմանադրութեան օր»ը

Հայաստան այսօր կը նշէ «Սահմանադրութեան օր»ը: 5 Յուլիս 1995-ին  Հայաստանի  Հանրապետութիւնը  ընդունած է ազգային սահմանադրութեան   մասին  հիմնական  օրէնք:  Տեղին է նշել, որ այս տարուան  5 Յուլիսը կը տարբերի անցնող  տարիներու  սահմանադրութեան  օրերէն,  այն իմաստով, որ անցնող 6  դեկտեմբերին  Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիները համապետական հանրաքուէի մը  ճամբով քուէարկեցին  եւ վաւերացուցին խորհրդարանական նոր  սահմանադրութիւն մը  եւ այս փոփոխութիւններով   երկիրը   խառն  ընտրակարգէն պիտի անցնի  ամբողջութեամբ  համամասնական դրութեան  մը: Հայաստանի  տարածքին  այսօր նշուող Սահմանադրութեան   օրուան   առթիւ  պետական  եւ մասնաւոր  հիմնական  հիմնարկները փակ կը պահեն իրենց դռները: