image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը

   Հայ Կաթողիկէ Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը

Ինչպէս աւելի վաղ ալ «Արեւելք» գրած էր, օրերս իր լրումին հասաւ  Հայ Կաթողիկէ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը։ 

Այս առթիւ Հայ Կաթողիկէ կղերն ու համայն եկեղեցին հրապարակած են շնորհաւորական խօսք մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին լրատուական գրասենեակը, ինչպէս քանի մը օր առաջ հրապարակեց յոբելենական տօնախմբումին յայտագիրը, այսու կ’իմացնէ յարգոյ հասարակութեան, թէ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարքը այսօր, Շաբաթ, 24 Յունիս 2023-ին, Նաբոլի, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագով, կը տօնէ իր Քահանայութեան Օծման 50-ամեայ Ոսկեայ Յոբելեանը:

Այս տօնառիթին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, իր արքեպիսկոպոսներով, եպիսկոպոսներով, առաջնորդներով, վարդապետներով, քահանաներով, սարկաւագներով, կրօնաւորներով, միաբաններով, մայրապետներով, աշխարհական պատասխանատուներով ու հաւատացեալներով, իր սրտաբուխ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին՝ անոր քահանայութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեանին առիթով՝ խնդրելով Տիրոջմէն, որ իր «Գլուխն ու Հայրը» հզօրացնէ, առաջնորդէ եւ պտղաբերէ անոր հայրապետական առաքելութեան մէջ՝ ապաւինելով աստուածային շնորհքին ու հաստատակամ մնալով իր ծառայութեան մէջ՝ ամենայն սիրով եւ խոնարհութեամբ, որովհետեւ Ան արժանի է կոչուելու «բարի Հովիւ» ու «հաւատարիմ Ծառայ»: