ՍԱՆԹԱ ԱՆՆԱ, Քալիֆորնիա.- Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանը 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանը դիմաւորեց խանդավառութեամբ, հպարտութեամբ եւ խոր երախտագիտութեան զգացումներով: Աշակերտները, ընտանիքները, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը համախմբուեցան՝ նշելու վարժարանի պատմական՝ 40ամեակի սկիզբը:
Վարժարանին մէջ տիրող ուրախութիւնը շօշափելի էր. աշակերտները դիմաւորուեցան ժպիտներով, առաջին օրուան ողջոյններով եւ տհոլի ու զուռնայի աւանդական հնչիւններով, որոնք առաւել եւս հայկական գեղեցիկ ոգի հաղորդեցին առաւօտեան տօնախմբութեան:
Այս տարուան բացման օրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի որ վարժարանը կը նշէր 40 տարիներու հաւատքը, կրթութիւնը, համայնքին ներդրումը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը: Այս նշանակալի տարեդարձը կը զուգադիպի նաեւ վարժարանին շարունակական աճին: Աշակերտներու թիւը կը մնայ իր պատմութեան ամենաբարձր մակարդակին վրայ, մինչ վարժարան կը շարունակէ ընդարձակել իր կրթական ծրագիրները եւ ներկայութիւնը՝ իբրեւ Օրէնճ Քաունթիի միակ հայկական կրթօճախը:
Տնօրէնուհի Անի Սարգիսեան հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Քառասուն տարիներ շարունակ ծնողները վստահած են այս վարժարանին: Քառասուն տարիներ շարունակ ուսուցիչները ոգեշնչած են տարբեր սերունդներ եւ քառասուն տարիներ շարունակ աշակերտները այս վարժարանի դարպասներէն ներս մտած են՝ բացայայտելու համար, թէ ո՛վ են իրենք եւ ո՛վ կրնան դառնալ»:
Ան յիշեցուց, որ տարեդարձները միայն անցեալը տօնելու առիթներ չեն, այլ նաեւ՝ ինքնութեան, նպատակի եւ ապագային մասին խորհելու պահեր: Այս տարուան՝ «Մեր Պատմութիւնը, Մեր Ժառանգութիւնը, Մեր Ապագան» նշանաբանը պիտի առաջնորդէ վարժարանը՝ մեծարելու այն սերունդները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի կառուցման եւ զարգացման մէջ, միաժամանակ շարունակելով կերտել վարժարանի պատմութեան յաջորդ հանգրուանը:
Սարգիսեան նաեւ խօսեցաւ այն գիտակցուած ընտրութեան մասին, որ ընտանիքները կը կատարեն՝ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը ընտրելով իրենց զաւակներուն համար:
«Ընտրանքներով լի աշխարհի մը մէջ, դուք ընտրեցիք այնպիսի վարժարան մը, որ կը հաւատայ, թէ կրթական գերազանցութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը իրարմէ անջատ չեն: Դուք ընտրեցիք այնպիսի վարժարան մը, որ կը հաւատայ, թէ երեխաները պէտք է գիտնան, թէ ուրկէ՛ կու գան, ո՛վ են իրենք եւ ինչի՛ կը հաւատան», ըսաւ ան:
Բացման հանդիսութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ յիշեցնելու վարժարանին առաքելութեան հիմքը կազմող արժէքները՝ հաւատք, երախտագիտութիւն, բարութիւն, բարեկամութիւն եւ համայնք: Սարգիսեան խրախուսեց աշակերտներն ու ընտանիքները՝ ուսումնական տարուան ընթացքին միշտ յիշելու այս արժէքները, որոնք ամենակարեւորն են:
«Մենք պարզապէս քառասուն տարիներու պատմութիւնը չենք տօներ, այլ կերտենք պատմութեան յաջորդ հատորը», եզրակացուց ան:
Վարժարանիս Խնամակալ մարմնի ատենապետուհի Արփի Բաղդասարեան եւս դիմեց վարժարանիս մեծ ընտանիքին՝ խօսելով այս յատուկ ուսումնական տարուան նշանակութեան եւ վարժարանին կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ իր աշակերտներուն եւ ընտանիքներուն կեանքին մէջ: Ան անդրադարձաւ այն արժէքներուն, բարեկամութիւններուն, աւանդութիւններուն եւ պատկանելիութեան զգացումին, որոնք կ՛ամրապնդուին վարժարանէն ներս:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի խօսքերով եւ օրհնութեամբ: Ան փոխանցեց հպարտութեան, իմաստութեան եւ հաւատքի պատգամներ, ինչպէս նաեւ փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի պատգամը՝ նուիրուած Ազգային վարժարաններու վերամուտին:
Պատրաստ դասարաններով եւ հրճուանքի ոգիով համախմբուած, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին համար յատկանշական տարուան մը սկիզբն էր՝ լի նպատակներով, հպարտութեամբ, աճով եւ ապագայի խոստումներով:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)