image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի Սուրբ Պատարագը Նիւ Ճըրզիի մէջ

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի Սուրբ Պատարագը Նիւ Ճըրզիի մէջ


 Մեծ շուքով  իր աւարտին հասաւ   Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան  կողմերուն  Հայ Կաթողիկէ  Կաթողիկոս Պատրիարք ՝ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ  Մինասեանի  հովուական անդրանիկ այցը։ 

Այս առումով  ալ   ստանալով  թարմ տեղեկատւութիւն  «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան մեր պաշտօնակիցներէն  «Արեւելք»ի ընթերցողաց  կը  ներկայացնենք լրատւութիւն մը  Հոգեւոր Տէրոջ Նիւ  Ճըրզի  կատարած այցելութիւնէն, անսալով  եւ աղօթելով  առ բարձրեալն Աստուած, որ  կանաչ  ճանապարհ եւ անխափան  առաքելութեան  ուժ տայ  Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  մեծաւորին։

 

Կիրակի 10 Յուլիսին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը շարունակելով իր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին կատարած հովուական այցելութիւնը, հանգրուան կատարեց Նիու Ճըրսիի Սուրբ Սիրտ Յիսուսի ժողովրդապետութեան մէջ, ուր կէսօրուայ ժամը մէկին Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց, առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Հայր Գէորգ Գալուստեանի եւ փոխ Ժողովրդապետ` Հայր Ռիչըրտ Շաքըլի։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ի միջի այլոց` Թեմիս առաջնորդը` Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, որուն հովանիին ներքոյ է որ կ՜ընթանայ Հայրապետական հովուական այս այցելութիւնը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Քահանայապետական ներկայացուցիչը` Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա, Նովարք քաղաքի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժոզէֆ Թոպինի օգնական եպիսկոպոսը` գերապայծառ Էլայաս Լորէնցոն, Բիւզանդին կաթողիկէ թեմին առաջնորդ` Քիւրդ Պըրնէթ, Արեւելեան Թեմի Անթիլիասի կաթողիկոսութեան Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ առաջներդ` Գերշն. Մեսրոպ Սրբազան Բարսամեանի ներկայացուցիչը գերյ. Հայր Սիմոն Օտապաշեանը, Տէր ներսէս Մանուկեանը` որպէս Էջմիածնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ` Անուշավան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի ներկայացուցիչ եւ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պատկան եկեղեցականներ, որոնց շարքին նաեւ վերապատուելի Ժոզէֆ Կարապետեանը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քաջալերեց հաւատացեալները հաւատարիմ մնալու իրենց պապենական քրիստոնէական եւ ազգային աւանդութիւններուն, նա մանաւանդ միշտ համախմբուած մնալով իրենց եկեղեցւոյ շուրջ, որպէս մէկ ընտանիք, որպէսզի կարողանան վառ պահել Լուսաւորչեան հաւատքը իրենց ընտանիքներուն մէջ, զայն փոխանցելով նոր սերունդներուն։

Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ ընդունելութիւն իսկ երեկոյեան քաղաքիս «Coutry Club»ին մէջ կազմակերպուած էր ընթրիք ի պատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, որուն մասնակցեցան 220 է աւելի հիւրեր եւ հաւատացեալներ։

Լուրը՝ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժանմունքէն