image
Հրատապ լուրեր:

Հարիրիի պատճառով «պատժուած» աշակերտը

Հարիրիի պատճառով «պատժուած» աշակերտը

Լիբանանի Ս. Ժոզէֆի անուան դպրոցէն Մուհամմատ Ռաճապի վտարումը դպրոցի տնօրէնութեան դէմ բողոքի ալիք բարձրացուցած է համացանցի ընկերացին էջերուն վրայ: Այս մասին կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրի փոխանցած տեղեկութեան, Ռաճապ եւ իր դասընկերը դպրոցէն վտարուած են դասաժամին բարձր ձայնով կուսակցական կանչեր արտասանելու պատճառով, որոնց միջոցով վերջիններս կոչ կ'ուղղէին Հարիրիին, պահանջելով անոր վերադարձը Լիբանան:  Աշակերտները տնօրէնին կողմէ հարցուփորձի ենթարկուելէ ետք վտարուած են դպրոցէն:

Դէպքին առթիւ դպրոցի տնօրէնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր մանրամասնած է, թէ նշեալ աշակերտները երկու օրով վտարուած են դպրոցէն, ինչպէս նաեւ պարզաբանած է վտարման պատճառները, շեշտելով, որ դպրոցէն ներս կուսակցական կանչերն արգիլուած են, որովհետեւ դպրոցի առաքելութիւնը գիտելիք ու կրթութիւն ջամբելն է, եւ ոչ քաղաքական հարցերու միջամուխ ըլլալը:

Տնօրէնութիւնը միաժամանակ յոյս յայտնած է, որ ծնողները գիտակից մօտեցում կը ցուցաբերեն տեղի ունեցածին, անկախ համացանցի վրայ տարածուած քննադատութիւններէն, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ իրենք երբեք որեւէ համայնքի կամ դաւանանքի ներկայացուցիչի առաջնահերթութեան սկզբունքով չեն մօտեցած:

Տնօրէնութիւնը միաժամանակ շեշտած է, որ համացանցի էջերուն տարածուած տեղեկութիւններուն մեծ մասը մտացածին է, եւ նպատակ ունի անհամերաշխութիւն ստեղծել դպրոցի աշակերտութեան միջեւ: