image

Ռուսիոյ մէջ օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է ուղեւորի մը մահուան պատճառով

Ռուսիոյ մէջ օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է ուղեւորի մը մահուան պատճառով

S7 օդանաւային ընկերութեան ինքնաթիռը, որ  թռչէր Եուժնո Սախալինսք - Նովոսիպիրսք երթուղիով, արտակարգ վայրէջք կատարած է Իրքութսքի մարզի Պրաթսք քաղաքի օդակայանին մէջ՝ ուղեւորներէն մէկու մահուան պատճառով։

Այս մասին յայտնած է Արեւելեան Սիպիրի փոխադրային դատախազութիւնը։

««S7 Airlines»-ի 5258 չուերթը, որ կը թռչէր Եուժնո Սախալինսք - Նովոսիպիրսք երթուղիով, արտակարգ վայրէջք կատարած է Պրաթսքի մէջ, քանի որ ուղեւորներէն մէկը վատացած է ու մահացած է»,-յայտնած է փոխադրային դատախազութիւնը: