Անցնող օրերուն քննարկումներու հիմնական թեմաներէն մէկը դարձաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան փակման օրակարգը։ Ճիշդ է, որ հայրենի կառավարութիւնը այս գծով ցարդ պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած, բայց եւ այնպէս վերջին օրերու զարգացումները ցոյց կու տան, որ մեծ հաւանականութիւն սկսած է ստանալ նախարարութեան փակման խնդիրը։ Ամէն պարագայի այս եւ գալիք հրապարակումներով «Արեւելք» պիտի փորձէ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարել եւ իր ընթերցողներուն ներկայացնել խնդրի մասին առկայ դրական եւ ժխտական տեսակէտները միշտ յարգելով ազատ տեսակէտի արժէչափերն ու կարծիքներու այլազանութեան իրաւունքը։
Առաջին հրապարակումով Սփիւռքի նախարարութեան թեմայի վերաբերեալ «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ գրող, Սփիւռքի նախարարութեան նախկին աշխատակից Տիգրան Գաբոյեանը:
-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, արդեօք Սփիւռքի նախարարութիւնը պէ՞տք է փակուի:
Անձնապէս այդքան ալ դէմ չեմ, որ նախարարութիւնը փակուի, եթէ աւելի գործունեայ պիտի ըլլայ ուրիշ տարազ մը եւ եթէ Հայաստան-Սփիւռք կապերը աւելի պիտի աշխոյժանան եւ, այսպէս ըսած, ձեւականութիւններէ դուրս պիտի գանք եւ աւելի գործնապաշտ ծրագիրներ մշակենք: Ո՞վ ըսաւ, որ երբ նախարարութիւնը կար, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ շատ փայլուն էին, կամ՝ մենք փրկարարական աշխատանք կը տանէինք ու հասած էին գերագոյն արդիւնաւետութեան:
-Իսկ մեծ թիւով սուրիահայեր, նաեւ սփիւռքահայեր այս օրերուն կարծիք յայտնած են, որ սխալ է նախարարութեան փակուիլը:
Այո, կը հասկնամ սուրիահայերու վիճակը, այդ մէկը իրենց հոգեբանական կապէն կու գայ, որբացած վիճակ մը կայ անոնց մօտ, կ'ուզեն որ հովանաւորում մը ըլլայ իրենց բարձրագոյնի մարմնաւորումով, բայց ձեւականութեան ետեւ չերթանք, այսինքն սփիւռքահայը կրնայ առանց զինք ներկայացնող կառոյցի ալ մնալ, սակայն աւելի մեծ հովանաւորութիւն վայելել՝ գործով, եւ ոչ թէ զգացական խօսքերով: Սուրիահայերու պարագային իրենց հարցերով զբաղուող կազմակերպութիւններ, NGO-ներ արդէն կը գործեն, անոնք ալ մեծ գործ կը տանին եւ բնականաբար նոր ծրագիրներ կարելի է քննարկել:
-Այսինքն սուրիահայերու պարագային , ձեր կարծիքով, ուղղակի հոգեբանակա՞ն է պատճառը:
Կարծեմ այո, իրենք որբացած վիճակի մէջ են, հասկնալի է իրենց պարագան, ֆինանսական, հոգեկան ապրումներ անցուցին, մեծ ցնցումներու մէջ էին, կը հասկնամ իրենց վիճակը, մանաւանդ որ ես ալ աշխատած եմ այդտեղ՝ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, այս կառոյցը իրենց համար ապաւէն մըն էր, իրենց բոլոր հարցերով հոն կը դիմէին: Բայց ես ուրիշ հարթակէ կը խօսիմ, այսինքն գործնապաշտ իմաստով, Սփիւռք-Հայաստան իսկական յարաբերութիւններու կատարեալ տեսակի եւ տէսքի բերելն է իմ մտահոգութիւնս:
ի վերջոյ մեր հարցը սփիւռքահայ կերպար ու մշակոյթ ստեղծելը չէ, ինչքան Հայաստանակեդրոն գործունէութիւն եւ արդիւնաւետութիւն ունենալը:
-Իսկ նախարարութիւնը, ձեր կարծիքով, չէր օգնէ՞ր, որ այդ յարաբերութիւնը աւելի զարգանար եւ, ձեր ըսած բառերով, իսկական գործակցութիւն մը կայացուի:
Նախարարութիւնը կ'օգնէր այդ յարաբերութիւններու զարգացման, չեմ ըսեր չէր օգներ, բայց ես գործելաձեւի ուրիշ տարբերակի մը, աւելի կատարեալ գործելաոճի մը մասին է, որ կ՚ակնարկեմ եւ ես հաւատացողն եմ նոր ոճի եւ կառավարման արդիւնաւէտ գործուղման:
Նախարարութիւնը այդ յարաբերութիւններու տարազը չէր, չէր մարմնաւորեր, ինչպէս որ շատ վերլուծաբաններ ըսին, Սփիւռքի կապի կոմիտէի շարունակութիւնն էր: Եւ հոս զարմանալի է, որ այն ուժերը, որոնք Սփիւռքի կապի կոմիտէին դէմ այդքան պայքարող էին, հիմա սկսան փայփայել Սփիւռքի նախարարութին մը, որ գործունէութեան նոյն ոճը կը վարէր։ Այստեղ չպէտք է մոռնալ, որ Սփիւռքն ալ յարափոփոխ է, Սփիւռքը ուրիշ դիմագիծ կը պարզէ հիմա, 80-ական թուականներու Սփիւռքը չէ, շատ աւելի արդիապաշտ, շատ աւելի գիտական մօտեցումներ պէտք են, այսինքն, չի տարուինք ռոմանթիզմով, այո՛, մենք՝ սփիւռքահայերս կը սիրենք յարգուիլ, պատուուիլ, ճիշդ է, որ Սփիւռքը կ՚ուզէ այդ փայփայանքը զգալ, բայց կարեւորը գործն է, փայփայանքը չէ, շոյանքը չէ:
-Իսկ Տիգրան, ձեր կարծիքով, ո՞ւր թերացաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Քու կարծիքովդ , անոր փակուելով շատ մեծ բան չի փոխուի՞ր Հայաստանի սփիւռքի ու յարաբերութիւններուն մէջ:
Կը կարծեմ նախարարութեան թերացումը եղաւ հոն, որ ինք Սփիւռքին նայեցաւ միայն որպէս փայփայելու, շոյելու առարկայ, նախարարութեան այդ գոհացնողի դերի մէջ ըլլալու ընաթցքն է, որ իրեն կաղացուց եւ ան չկրցաւ հասնիլ այդ նշացողին, որ ակնկալելի էր: Կամ մետաղի հակառակ կողմով կը սպասէր Սփիւռքէն որ գովաբանէ Հայաստանը կամ կոշտ ըսած օգնէ: Լաւ ծրագիրներ կային, խորհրդաժողովներ կ'ըլլային, բայց այդ բոլորը կարծես որոշ չափով ձեւականութիւն կը կրէր իր մէջ, ես այդ ձեւականութեան դէմ էի առաջին օրուընէ: Հիմա եթէ Սփիւռքի նախարարութիւնը նոր ոճով պիտի աշխատի (ինչպէս որ վերջերս իմացայ, երբ կարդացի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու նոր նախագիծ մը), կը կարծեմ լաւ կ'ըլլայ, բայց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան փակումը չի խանգարեր, որ լաւ նախագիծեր իրականացուին, կրնայ ըլլալ ուրիշ, աւելի արդիական նախագիծեր մէջտեղ գան, ինչպէս Repat Armenia-ի գործը, կամ «One Armenia» կազմակերպութիւնը, կամ «Դէպի Հայք»ը...եւայլն, բոլորն ալ լաւ գործ կը տանին, բայց քանի որ, մենք որբացածի եւ կայացման կարօտ ունինք Սփիւռքի մէջ, մեզի համար պետական հովանաւորչութիւնը(նոյնիսկ անուանական) զրնգուն կ'երեւի:
-Ձեր կարծիքով, այս խարխափումները, որոնք նախարարութիւնը ունեցաւ, մեծ հաշուով սփիւռքահայերու պատճառով չ՞է:
Այո, սփիւռքահայերն ալ իրենց դերը ունեցան այդ խարխափումներուն մէջ: Սփիւռքահայերը, կազմակերպչական իմաստով, դեռ 80-ականներու կազմակերպչական մեթոտները ունին, պաղ պատերազմի հետքերը կան հոն եւ ամենակարւորն այն է, որ Սփիւռքը տակաւին չէ կրցած Հայաստանը իրապէս ճանչնալ։ Իմ կարծիքով այսօր Հայաստանը աւելի լաւ ճանչցած է Սփիւռքը քան հակառակը։ Հայաստանը աւելի բաց եղաւ քան Սփիւռքը, Սփիւռքը մնաց իր հին մօտեցումներուն գերին եւ ձեւով մը քաղաքականացած։ Անշուշտ նկատի ունիմ Սփիւռքը իր Ինսթութիւնալիզմով եւ ոչ թէ անհատական մակարդակով։ Անհատներ անշուշտ միշտ ալ կան, որոնք իսկապէս «բացուած են» Հայաստանին եւ յառաջադէմ են, ու լայնատես:
-Դուք ի՞նչ կ'առաջարկէք, մանաւանդ որ այս կառավարութիւնը կարծես թէ վճռած է արդէն,որ նախարարութիւնը պիտի փակուի։
Ես կը վստահիմ Փաշինեանի ճշդապահութեան՝ հաշուապահական իմաստով, այսինքն, պէտք է մենք առաւել-նուազ ընենք Սփիւռքի եւ Սփիւռքի կապը պահպանող մարմնի պիւտճէն, շահն ու վնասը։ Մենք հիմա ժամանակաշրջան մը կ'ապրինք, ուր Հայաստանի ֆինանսական շահը ամէն բանէ վեր է, չտարուինք իրար խաբելով, իրար շքանշաններով այսպէս ըսած արժէքներ մատնացոյց ընելով, մանաւանդ դասական Սփիւռքը առանց Հայաստանի ալ գոյատեւած է, այո կրնայ ըլլալ նոր այսպէս ըսած Հայաստանեան Սփիւռքը կարիքը ունի Հայաստանի օգնութեան, բայց գոնէ այդ ամենա-այժմէական մեր ազգային հարցը չէ: Պէտք է մտածել ֆինանսական շահի ալ մասին, առաւելապէս հիմա թափանիցիկ ու ժողովրդավար Հայաստանի մէջ: Սփիւռքը ինչքան շահ պիտի բերէ, ոչ թէ կթան կովի իմաստով, այլ իբր ներդրող, եւ ներկայիս շատ լաւ կը գործածուի այդ ձեւակերպումը՝ սփիւռքահայ ներդրող, եւ ոչ թէ սփիւռքահայ բարերար, այս արդէն մօտեցումի տարբերութիւն է, այս փոփոխութիւնը իմ կարծիքով գոհացնող է եւ կը կարծեմ, որ այս մօտեցումի փոփոխութիւնը լաւ տեղ կը տանի։ Ես արդիականութիւն կը տեսնեմ հոն եւ արդիականութեան կողքին՝ անկեղծութիւն, մաքրութիւն եւ թափանցիկութիւն, կը կարծեմ այսպիսով հարցերը աւելի ճիշդ հարթութեան վրայ պիտի ըլլան։
-Մտահոգուած է՞ք, որ 70 -80 անհատներ, այս որոշման հետեւանքով, անգործ պիտի մնան:
Անոնց շուրջ մտահոգութիւն ունիմ, այո, բայց ես տնտեսագէտ չեմ եւ չեմ կրնար այս դաշտին մէջ մեծ առաջարկներ տալ, բայց օրինակ՝ անոնք կրնան ուրիշ կառոյցներու մէջ ներառուիլ, կամ իրենց փորձը, այսպէս ըսած, ամբողջանայ ուրիշ դասաւորումներով: Կը հասկնամ, որ մտահոգ են, մանաւանդ որ այնտեղ մարդիկ կան, որոնք Սփիւռքի նախարարութեան կազմութեան առաջին օրերէն այնտեղ կ'աշխատին, երկար տարիներու վաստակ եւ փորձ ունին, անոնց վիճակը մտահոգեցուցիչ կրնայ ըլլալ, բայց կը կարծեմ, որ այլ կարգադրութիւններ կ'ըլլան: