image

Մայիս 4-էն որոնուող 2-ամեայ Տիգրանի դին յայտնաբերուած է

Մայիս 4-էն որոնուող 2-ամեայ Տիգրանի դին յայտնաբերուած է

Մայիս 24-ին՝ ժամը 10։40-ի սահմաններուն, ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան աշխատակիցները Մարմարիկ գետին մէջ՝ Հրազդան Ջերմաելեկտրակեդրոնին (ջէկ) մօտակայ կամուրջի մօտ, յայտնաբերած են մայիս 4-էն որոնուող 2-ամեայ Տիգրանի դին։

Այս մասին յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը:

«Ցաւակցում ենք փոքրիկի հարազատներին, համայնքի բնակիչներին, կիսում կորստեան ծանր վիշտը»,-ըսուած է գրառման մէջ:

Նշենք, որ Մարմարիկ գետին մէջ փրկարարներու ներգրաւուածութեամբ իրականացուած էին որոնողական աշխատանքներ 2-ամեայ երեխան գտնելու ուղղութեամբ։ Կիրառուած են անօդաչու սարքեր եւ փրկարար նաւակներ, աշխատած են կինոլոգիական ծառայութեան աշխատակիցներ, որոնումներ իրականացուցած են ջրասուզակները:

Մայիս 4-ին Կոտայքի մարզի անչափահաս բնակչի՝ 2 տարեկան երեխայի անհետացման փաստի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

Մայիս 7-ին Մարմարիկ գետի հոսքը մասամբ կանգնեցուած էր, յատուկ նաւակներ ու սարքեր իջեցած էին ջուրի յատակն ամբողջ երկայնքով նկարելու համար: