14 յունիսին, «Հարաւ կովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնը գործարկած է ամառնային եղանակի առաջին միջազգային ուղեւորատար շոգեկառքը Երեւան-Պաթում-Երեւան երթուղիով։
Սեւ ծովեան հանգստավայրեր ուղեւորուած առաջին շոգեկառքով մեկնած է շուրջ 150 ուղեւոր։
Շոգեկառքն առաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակէ գործել մինչեւ ընթացիկ տարուան 1 հոկտեմբերը։ Երեւանէն մեկնումը կը նախատեսուի օր մը այո օր մը ոչ։
Ամառնային եղանակի ընթացքին դադրեցուած է Երեւան-Թիֆլիս-Երեւան երթուղիով երթեւեկութիւնը, իսկ Թիֆլիս կարելի է հասնիլ Պաթումի շոգեկառքով։ Անցեալ տարուան համեմատ՝ գիներու մէջ էական փոփոխութիւններ չեն կատարուած։
Ընկերութենէն յիշեցուցած են, որ 13 յունիսէն գործարկուած է նաեւ եղանակային մերձ քաղաքային ելեկտրագնացք՝ Երեւան-Սեւան-Շորժա-Երեւան երթուղիով, որ կը գործէ ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը։