image

Հարցազրոյց Լեզուի Կաճառի Տնօրէն ՝ Վիքթոր Կատուալեանին Հետ

Հարցազրոյց Լեզուի Կաճառի Տնօրէն ՝  Վիքթոր Կատուալեանին Հետ

Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի նիւ­թի եւ բո­վա­նդա­կու­թեան ա­ռու­մով նո­րու­թիւն բե­րող հա­մա­ժո­ղով մը, ո­ր քն­նու­թեան ա­ռաւ հա­յե­րէ­նի եր­կու ճիւ­ղե­րու՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման հար­ցե­րը: Հա­մա­ժո­ղո­վի գլխա­ւոր նիւ­թին հետ հա­ւա­սար գլխա­ւոր նիւթ մըն էր նաեւ հա­յու­թեան հա­մար նոր ուղ­ղագ­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը: Այս հա­մա­ժո­ղո­վը կար­ծես ու­ղերձ դար­ձաւ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րուն, այս հար­ցով մտա­հո­գուող­նե­րուն, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի՝ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձը եւ հա­յու­թեան հա­մար նոր ուղ­ղագ­րու­թեան ստեղ­ծու­մը ար­դէն սկսած գոր­ծըն­թաց մըն է եւ պար­զա­պէս միայն ո­րոշ ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց մը անհ­րա­ժեշտ է՝ զայն ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու հա­մար: Այս մա­սին կը վկա­յեն Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու, ի դէմ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի, փոխ­-նա­խա­րա­րի, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Լե­զուի կա­ճա­ռի տնօ­րէ­նի, կրթա­կան մշակ­նե­րու եւ տաս­նեակ մաս­նա­գէտ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը, հա­մո­զում­նե­րը այս հար­ցի ա­ռըն­չու­թեամբ: Հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­ձեռ­նող­ներն էին Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­միոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռը:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տէն ետք հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն Լե­զուի կա­ճա­ռի տնօ­րէն Վիք­թոր Կա­տուա­լեա­նի հետ: Ան ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այս ուղ­ղու­թեամբ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին եւ ներ­կա­յա­ցուց եր­կու հա­յե­րէն­նե­րու մեր­ձեց­ման իր՝ իբ­րեւ մաս­նա­գէ­տի պատ­կե­րա­ցում­նե­րը:

Վիք­թոր Կա­տուեա­լեան հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցե­րու շուրջ՝ շեշ­տե­լով, որ հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րու մա­սին խօ­սե­լով՝ սխալ է չքննար­կել ուղ­ղագ­րու­թեան ա­ռըն­չուող հար­ցե­րը: Ան վստահ է, որ հե­ռու չէ այն օ­րը, երբ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ մէկ ու միաս­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն: Վիք­թոր Կա­տուա­լեան յի­շե­ցուց, որ ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­լեւս չկան նախ­կին խիստ, ծայ­րա­յե­ղա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րը՝ թէ՛ պե­տա­կան, թէ՛ ա­կա­դե­մա­կան եւ թէ հա­սա­րա­կա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ծա­նօթ լե­զուա­գէ­տը նշեց, որ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով կայ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն՝ ա­ջակ­ցե­լու մաս­նա­գէտ­նե­րու ըն­դու­նած ո­րո­շում­նե­րուն:

-Պա­րոն Կա­տուեա­լեան, ի՞նչ անհրա­ժեշ­տու­թե­նէ մղուած նա­խա­ձեռ­նու­ցաւ նման հա­մա­ժո­ղո­վի մը:

-Ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման եւ միաս­նա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հիմ­քե­րէն է լե­զուն, ո­րու կո­րուս­տը կրնայ նշա­նա­կել այդ ժո­ղո­վուր­դի ան­հե­տա­ցում, եւ ո­րու երկ­փեղ­կու­մը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կրնայ ի վեր­ջոյ տե­ղի տալ ժո­ղո­վուր­դի երկ­փեղկ­ման. մարդ­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը տուած է նման բա­զում օ­րի­նակ­ներ: Հա­յոց լե­զուն հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գլխա­ւոր զէնքն է, մեր գո­յու­թեան հիմ­նա­սիւ­նը, ազ­գա­յին միա­բա­նու­թեան կա­րե­ւոր առ­հա­ւատ­չեան, հա­մազ­գա­յին, հա­մա­պե­տա­կան ար­ժէք, ուս­տի ա­նոր նկատ­մամբ անհ­րա­ժեշտ է յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն, ո­ր պէտք է ար­տա­յայ­տուի բո­լո­րիս կող­մէ՝ թէ՛ հա­յաս­տա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, թէ՛ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ հան­րու­թեան, եւ թէ մա­նա­ւանդ՝ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ջան­քե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ ու շա­հագր­գիռ հա­մադր­մամբ՝ ի շահ հայ ժո­ղո­վուր­դի, Հա­յաս­տան աշ­խար­հի, հայ մշա­կոյ­թի: Ան­շուշտ, լե­զուն ու­նի զար­գաց­ման իր բնա­կան օ­րէնք­նե­րը, եւ ձա­խող­ման դա­տա­պար­տուած է լե­զուի նկատ­մամբ հնչիւ­նա­քե­րա­կա­նա­կան յօ­րի­նուած կա­նոն­նե­րու, ար­հես­տա­կան կազ­մու­թիւն­նե­րու պար­տադ­րան­քը, սա­կայն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը չի կրնար ան­տար­բեր ըլ­լալ լե­զուա­կան զար­գաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու հան­դէպ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ հա­սա­րա­կու­թեան մտա­ւո­րա­կան հա­տուա­ծը պար­տա­ւոր է ուղ­ղոր­դել այդ գոր­ծըն­թաց­նե­րը, նպաս­տել լե­զուի պահ­պան­մա­ն, միաս­նա­կա­նու­թեան ու զար­գաց­մա­ն: Ի դէպ, հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը միշտ ալ մտա­հոգ ե­ղած են լե­զուա­կան հար­ցե­րով, նպաս­տած են հա­յե­րէ­նի մշակ­ման ու կա­նո­նակ­արգ­մա­ն, պայ­քա­րած են լե­զուա­կան աղ­ճա­տում­նե­րուն դէմ, ի­րենց գի­տա­կան ու գե­ղա­րուես­տա­կան, հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան եր­կե­րով նպաս­տած են լե­զուի հարստաց­մա­ն:

Լե­զուն միան­գա­մընդ­միշտ ան­փո­փոխ տրուած ու քա­րա­ցած ի­րո­ղու­թիւն մը չէ, ան շա­րու­նակ կը զար­գա­նայ, ձեռք կը բե­րէ նոր ո­րակ­ներ, կ՚ու­նե­նայ լուծ­ման են­թա­կայ խնդիր­ներ, ո­րոնք կրնան պայ­մա­նա­ւո­րուած ըլ­լալ ար­տա­լե­զուա­կան, պատ­մա­կան հան­գա­մանք­նե­րով, լե­զուա­կան հան­րու­թեան կեան­քին եւ կեն­սա­պայ­ման­նե­րուն ա­ռըն­չուող ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով:

Ինչ­պէս ո­րե­ւէ լե­զու, այն­պէս ալ հա­յե­րէ­նը կը դրսե­ւո­րուի տար­բե­րա­կա­յին ձե­ւե­րով, եւ լե­զուա­կան իւ­րա­քան­չիւր տար­բե­րակ կրնայ ու­նե­նալ իր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Ի հար­կէ, հա­յե­րէ­նի դրսե­ւոր­ման բո­լոր տար­բե­րակ­նե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կան լե­զու­նե­րը, խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն եւ բար­բառ­նե­րը, միաս­նա­կան հա­մա­կար­գի անտ­րո­հե­լի բա­ղադ­րիչ­ներ են, եւ այդ դրսե­ւո­րում­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րի խնդիր­նե­րը ի վեր­ջոյ ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նի, այ­սինքն՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան լե­զուի խնդիր­ներն են:

Այ­սօր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան կա­րիք ու­նին ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նեան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ. օ­րի­նակ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թիւ­նը եւ մայ­րե­նի լեզուի միաս­նա­կա­նու­թեան ա­պա­հո­վու­մը:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան խնդի­րը, յա­ռա­ջա­նա­լով ե­ղեռ­նեան դէպ­քե­րու հե­տե­ւան­քով, եր­թա­լով ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի հրա­տապ կը դառ­նայ: Ար­դէն հա­րիւր տա­րի, զրկուած ըլ­լա­լով բնօր­րա­նէն, միաս­նա­կան գոր­ծա­ծու­թեան ու զար­գաց­ման, հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ կա­նո­նակ­արգ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն՝ բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան, գի­տու­թեան լե­զուի իր դե­րէն, դպրո­ցա­կան հա­մա­լիր ու­սուց­ման մի­ջոց ըլ­լա­լու գոր­ծա­ռոյ­թէն՝ օ­տա­րա­խօս մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը գո­յա­տե­ւէ յա­մառ ջան­քե­րու, ու­ժե­րու ա­մէ­նօ­րեայ լար­ման շնոր­հիւ: Ընդ­հան­րա­պէս, հայ­րե­նի­քէն դուրս, օ­տար պե­տա­կա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծուող ո­րե­ւէ լե­զու ստի­պուած է դի­մա­կա­յել բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, տուեալ երկ­րի լե­զուի նկատ­մամբ ի­րա­ւա­կան ան­հա­ւա­սար վի­ճա­կը, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րը, այ­լա­լե­զու մի­ջա­վայ­րին յար­մա­րուե­լու նոր սե­րուն­դի բնա­կան մղու­մը, խառ­ն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը ա­ռար­կա­յա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, ո­րոնք մշտա­պէս առ­կայ են եւ մշտա­պէս կը ձգտին նե­ղց­­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թեան շրջա­նակ­նե­րը: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հիմ­նա­կան խնդի­րը հայ­րե­նի­քէն դուրս եւ ոչ-միաս­նա­կան գո­յու­թիւնն ու գոր­ծա­ծու­թիւնն է: Ը­սուա­ծը նո­րու­թիւն չէ, եւ ակնյայտ է, որ այս խնդրի լուծ­ման ե­ղա­նակ­նե­րը ներ­կա­յիս դժուար է կան­խո­րո­շել: Սա­կայն ակն­յայտ է նաեւ, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ո­րո­շա­կի կեր­պով կրնայ ա­պա­հո­վել մայր հայ­րե­նի­քը: Կը կար­ծեմ՝ նախ եւ ա­ռաջ հար­կա­ւոր է մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ամ­րապն­դել այն բա­նի գի­տակ­ցու­մը, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մազ­գա­յին ար­ժէք է, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան լե­զուի եւ տան­տի­րոջ ի­րա­ւուն­քով պէտք է իր տե­ղը ու­նե­նայ հա­յաս­տա­նեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ զու­գա­հեռ գոր­ծա­ծուի, ար­մատ­ներ ձգէ, ամ­րապն­դուի հայ­րե­նի­քի մէջ եւ իր կեն­դա­նա­րար ա­ւիւ­նը մղէ Սփիւռք:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ոչ միայն ազ­գա­պահ­պան դեր ու­նի Սփիւռ­քի մէջ, այլ նաեւ կ՚ա­պա­հո­վէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լե­զուա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, կը կա­տա­րէ լե­զուա­կան դես­պա­նի իւ­րա­յա­տուկ դեր՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով աշ­խար­հի մէջ ծա­նօ­թաց­նել մեր մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յին ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը: Այս ա­ռու­մով, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը եւ զար­գա­ցու­մը ո՛չ միայն ազ­գա­յին, այլ նաեւ պե­տա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մըն է:

Ա­հա­ւա­սիկ, այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն, այս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րէն մղուած կազ­մա­կեր­պու­ե­ցաւ գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­ր, կը կար­ծեմ՝ ա­ւե­լի շատ մար­դոց գի­տակ­ցու­թեան մէջ կ՚ամ­րագ­րէ, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նումն է, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քի ան­բա­ժա­նե­լի, բայց վտան­գուած մէկ մասն է, եւ ինչ­պէս ան­թոյ­լատ­րե­լի է նա­հան­ջը երկ­րի սահ­ման­նե­րէն, այն­պէս ալ ան­թոյ­լատ­րե­լի է նա­հան­ջը լե­զուա­կան սահ­ման­նե­րէն: Գի­տա­ժո­ղո­վի հիմ­նա­կան լո­զուն­գը կար­ծեմ հասկ­նա­լի է՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պէտք է վե­րա­դառ­նայ Հա­յաս­տան, իր ոտ­քի տակ պէտք է հա­րա­զատ հող զգայ, հայ­րե­նի հող, Հա­յաս­տա­նի հող: Եւ հա­ւա­տա­ցէք, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը շատ անհ­րա­ժեշտ է նաեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին հա­մար:

-Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին բազ­միցս խօ­սուե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յէ­րե­նի մեր­ձեց­ման ու­ղի­նե­րու մա­սին: Դուք, իբ­րեւ մաս­նա­գէտ, նաեւ այս հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն մէ­կը, ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք մեր­ձե­ցու­մը:

-Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձե­ցու­մը լե­զուի ճիւ­ղե­րու հա­մա­կար­գե­րու ար­հես­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ չ՚են­թադ­րեր, եւ մեր­ձե­ցում ը­սե­լով նպա­տա­կը գրա­կան լե­զուի մէկ միաս­նա­կան տար­բե­րակ ու­նե­նա­լը չէ, այլ զար­գաց­ման միաս­նա­կան հե­ռան­կա­րի եւ փոխ­հա­մա­ձայ­նե­ցուած կա­նո­նակ­արգ­ման ու փոխ­հարս­տաց­ման ու­ղի­նե­րու մշա­կու­մը եւ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­մը՝ այն գի­տակ­ցու­մով, որ իր տար­բե­րա­կա­յին բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով հան­դերձ հա­յե­րէ­նը մէկ միաս­նա­կան լե­զու է, ո­րու բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­ներն ու միա­ւոր­նե­րը շաղ­կա­պուած են ի­րա­րու՝ ան­կախ տար­բե­րա­կա­յին վե­րա­բե­րու­թե­նէն:

-Իսկ ո՞ր կա­ռոյ­ցը պէտք է զբա­ղի այս հար­ցե­րով եւ բո­լոր այն հար­ցե­րով, ո­րոնք յա­ռաջ քա­շուե­ցան հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

-Ես կը կար­ծեմ, թէ հա­մա­ժո­ղո­վէն ետք մենք պէտք է կա­րո­ղա­նանք ստեղ­ծել յանձ­նա­խումբ մը, որ պի­տի զբա­ղի իմ ը­սած հար­ցե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լով եւ զա­նոնք հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լով:

-Մե­ծա­ծա­ւալ քննար­կում­ներ տեղի ուե­ցան նաեւ հա­յե­րէն­նե­րու եր­կու ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին: Ի՞նչ է Ձեր կար­ծի­քը:

-Թե­րեւս ստեղ­ծուե­լիք նոր կա­ռոյ­ցը կազ­մա­կեր­պէ նաեւ հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հար­ցի քննար­կում­ներ, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, մշա­կէ եւ ներ­կա­յաց­նէ գի­տա­կա­նօ­րէն հիմ­նա­ւո­րուած ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ:

Իմ հա­մո­զումս այն է, որ անբ­նա­կան եւ տա­րօ­րի­նակ է, երբ մէկ լե­զուն ու­նի եր­կու ուղ­ղագ­րու­թիւն: Խնդի­րը առ­կայ է եւ լու­ծում կը պա­հան­ջէ, մա­նա­ւանդ որ լե­զուի մա­սին երկ­րի օ­րէն­քին մէջ նշուած է, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը նպաս­տէ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թեան միաս­նա­կա­նաց­մա­ն: Կը կար­ծեմ, թէ սկզբնա­կան շրջա­նին հա­մար ուղ­ղագ­րու­թեան հար­ցին մէջ տա­րա­կար­ծիք կող­մե­րէն մէ­կը պէտք է ըն­դու­նի, որ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի լե­զուամ­շա­կու­թա­յին մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւ­ննե­րէն մէկն է, գի­տե­լի­քի աղ­բիւր, լե­զուի պատ­մու­թեան շտե­մա­րան, ո­ր դա­րեր շա­րու­նակ գոր­ծածուած է եւ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծա­ծուիլ, եւ ո­րուն ու­սու­ցու­մը պէտք է ընդգր­կել ե­թէ ոչ դպրո­ցա­կան, ա­պա գո­նէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթա­կան ծրագ­րե­րուն մէջ, իսկ միւս կող­մը պէտք է ըն­դու­նի, որ նոր ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը խօս­քի գրա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թեան ան­յար­մա­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ չէ եւ նոյն­պէս ու­նի գո­յու­թեան ի­րա­ւունք: Միաս­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան կա­րե­լի է հաս­նիլ ոչ թէ հա­կա­մար­տու­թեամբ, այլ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, մէկ կողմ թող­­լով յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը եւ վի­ճա­բա­նե­լու բուռն ցան­կու­թիւ­նը, ա­մէն ին­չէն վեր դա­սե­լով ազ­գա­յին միաս­նու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը, կա­տա­րե­լով հիմ­նա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, քննար­կում­ներ եւ գտնե­լով ոս­կէ մի­ջի­նը: Ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը փո­խե­լու ուղ­ղուած կտրուկ պա­հանջ­նե­րը կամ՝ հնչող մե­ղադ­րանք­նե­րը միայն կը խան­գա­րեն գոր­ծը: Հա­յե­րէ­նը պէտք է ու­նե­նայ միաս­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն, ո­ր պէտք է ձե­ւա­ւո­րուի դա­սա­կան եւ նոր ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նիք­նե­րու եւ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րու հաշ­ուա­ռու­մով:

Իսկ այս կար­գի հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը ա­նընդ­հատ օ­րա­կար­գի վրայ կը պա­հէ հար­ցը, ա­նընդ­հատ կը հնչեց­նէ, այդ մէ­կը ար­դէ­ն իսկ նուա­ճում մըն է: Մենք՝ ա­մէնքս ուս ու­սի տա­լով պէտք է նպաս­տենք, որ­պէս­զի մեր հա­յե­րէ­նի դրսե­ւո­րում­նե­րը, ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս թռչու­նին եր­կու թե­ւե­րը, վեր բարձ­րաց­նեն մեր լե­զուն, մեր ազ­գը: Այ­սօր մենք ազ­գա­յին զար­թօն­քի կա­րիք ու­նինք եւ այդ մէ­կը վստահ, նաեւ այս ճա­նա­պա­րհով ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի դառ­նայ:

 

«Ժամանակ»                                                                                        Անոյշ Թրվանց