Ես պատրաստ եմ իմ կեանքը տալու յանուն հայրենիքին, ինչպէս նաեւ 14 միլիոն իրանցիները, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց կեանքը զոհաբերելու՝ ի պաշտպանութիւն Իսլամական Հանրապետութեան։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։
«Աւելի քան 14 միլիոն հպարտ իրանցիներ այս պահի դրութեամբ յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ զոհելու իրենց կեանքը ի պաշտպանութիւն Իրանի։ Ես եւս պատրաստ եղած են, կամ ու պատրաստ պիտի ըլլամ զոհուելու յանուն Իրանի»,– գրած է ան։
Յիշեցնենք, որ Թրամփ վերջնաժամկէտ ներկայացուցած է Իրանին՝ պահանջելով հրաժարիլ միջուկային զէնքէն եւ բանալ Հորմուզի նեղուցը բոլոր նաւերուն համար։ Թրամփը յայտարարած է, որ ամերիկեան կողմը ունի ծրագիր, ըստ որուն՝ «Իրանի մէջ իւրաքանչիւր կամուրջ պիտի քանդուի» մինչեւ Չորեքշաբթի կէսգիշեր, եւ «Իրանի մէջ իւրաքանչիւր ելեկտրակայան շարքէն դուրս պիտի բերուի, պիտի այրի, պիտի պայթի եւ այլեւս պիտի չկարենայ գործածուիլ»։